ՀԵԴ Ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան խումբ մը պատանիներ
- (0)

Յուլիս 12-22 ընթացքին, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Օնթարիոյի «Քրիստափոր» եւ Քեպէգի «Դրօ-Գետաշէն» մասնաճիւղերէն 13 պատանիներ եւ 2 վարիչներ Գալիֆորնիոյ մէջ մասնակցեցան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ճամբարին:
Ամառնային այս ճամբարը, 1977 թուականէն ի վեր, հիանալի մթնոլորտ կը ստեղծէ 7-17 տարեկան հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար, զանոնք աւելի մօտէն ծանօթացնելով հայոց պատմութեան ու հայ դատին եւ քաջալերելով նոր եւ անկեղծ բարեկամութիւններու մշակումը։
Բանակումին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի կէսօրին «Մշակ Բանուոր» քայլերգով։ Ապա պատանիները բաժնուեցան տարբեր սենեակներու, ինչպէս նաեւ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն խումբերու, որոնք դարձան իրենց ամենօրեայ մրցումներու մշտական խումբերը։ Եօթը օրերու ընթացքին, պատանիները ունկնդրեցին դաստիարակչական դասախօսութիւններ։ Անոնց փոխանցուեցան հետեւեալ նիւթերը. «Խրիմեան Հայրիկի կեանքն ու պատգամը», «Հայկական ազգային պարերը», «Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնն ու անոր առաքելութիւնը», «ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւնը», «Հայ Դատը» եւ «cultural identity»։
Ճամբարի տեւողուոթեան, երեկոները ճոխացան հետեւեալ միջոցառումներով. «Տարօրինակ ողիմպիական խաղեր», «Գիշերային արշաւ», «Macaroni carnival», «Տաղանդներու հանդէս» եւ «Ազգային երգերու մրցոյթ»։
Բանակումին վերջին օրը, պատանիները արթնցան, բանակավայրը մաքրեցին եւ վերջին անգամ նախաճաշեցին իրար հետ։ Ապա ստացան յուշանուէրներ, ստորագրեցին իրենց հին ու նոր ընկերներուն երգարանները, խմբային նկարներ նկարուեցան եւ յուզուած մեկնեցան տուն։
Գանատա վերադառնալէ առաջ, Քեպէգի եւ Օնթարիոյի պատանիները մասնակցեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Պատանեկան Միութեան կազմակերպած խրախճանքին, որ տեղի ունեցաւ Փասատինայի Երիտասարդական Կեդրոնէն ներս։ Անոնք ծանօթացան աւելի քան 7 տարբեր շրջաններէ ժամանած պատանիներու, պարեցին, երգեցին հայրենասիրական երգեր եւ հիմը դրին նոր ընկերութիւններու։
Իսկ այս պտոյտին վերջին օրը, պատանիները անցուցին այցելելով Փասատինայի Ցեղասպանութեան յուշարձանը, «Griffith» դիտարանը եւ «Hollywood»ի հսկայ ցուցանշանը։ Նոր գիտելիքներ ամբարած եւ նոր ընկեր-ընկերուհիներով հարստացած մեր պատանիները վերադարձան տուն՝ դարձեալ հանդիպելու մեծ յոյսով։
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմին