Ոչ ոք կրնայ խափանել մեր ընթացքը. երիտասարդութիւնը պատնէշի վրայ

Մինչ Հայաստանը կ’ապրի իր նորօրեայ պատմութեան ամենազգայուն, ամենավտանգաւոր, ամենադառն եւ բարդ շրջանը, լռակեաց, բայց հզօր ուժ մը վերելք կ’ապրի:

14 Յուլիս 2025-ին, հայրենի հողին վրայ մեկնարկը տրուեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական 12-րդ բանակումին, որ քաղաքական անորոշութեան եւ ազգային մարտահրաւէրներու առջեւ դիմադրողականութեան, նպատակասլացութեան եւ միասնութեան խորհրդանիշ է։ Միեւնոյն ժամանակ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները մեկնարկեցին տարածաշրջանային-ցամաքամասային բանակումներու հարուստ եղանակ մը: Միացեալ Նահանգներ հաւաքուած են Ամերիկայի, Գանատայի եւ Աւստրալիոյ սկաուտները, մինչ Լիբանան մէկտեղուած են Միջին Արեւելքի սկաուտները. երեք բանակումներ՝ որոնք աւելի են, քան լոկ ժամանց ու ընկերային պահեր։ Ինքնութեան, ազգային արժէքներու կերտումի, ընկերութեան, եղբայրութեան եւ պատասխանատուութեան դարբնոցներ են անոնք։ Ապաստարաններ են, ուր աշխարհի չորս ծայրերէն եկած հայ երիտասարդները կը միաւորուին, կը խօսին պատկանելութեան մէկ լեզուով եւ առաջ կը մղեն համատեղ առաքելութիւն՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈԳԻ ու ԱՐԺԷՔ։

Շուտով նաեւ կը մեկնարկուին ՀՄԸՄ-ի 12-րդ համահայկական խաղերը Հայաստանի մէջ՝ մարմնակրթութեան եւ միասնութեան հզօր տօնակատարութեամբ: Հարիւրաւոր երիտասարդ մարզիկներ ոչ միայն կը մրցին, այլեւ հպարտութեամբ կը քալեն իրենց հայրենիքի փողոցներով՝ ներկայացնելով կենդանի, շնչող Հայաստանը, որ ներկայ է աշխարհի որեւէ տարածքի մէջ, ուր հայութիւն գոյութիւն ունի:

Ահա լռակեաց, բայց հզօր ուժը՝ մեր աննման երիտասարդութիւնը:

Այսօր, երբ մեր ազգային արժանապատուութեան հիմքերը աղաւաղումի կ’ենթարկուին, երբ մեր ինքնութիւնը, մեր կրօնքը, մեր սահմանները, մեր հաստատութիւնները, մեր հայրենի՛քը սպառնալիքի տակ են, այս տարբեր նախաձեռնութիւնները ոչ միայն կը բարձրացնեն ազգային ոգին, այլ նաեւ կը զարգացնեն ապագայ ղեկավարութիւնը, կը պահպանեն ժառանգութիւնը, պատրաստելով յաջորդ սերունդը՝ ստանձնելու ղեկը: Այսպիսով, մեր երիտասարդութիւնը չ’իյնար զոհը անտարբերութեան եւ կրաւորականութեան, այլ կը դառնայ կազմակերպուած, կարգապահ եւ գիտակից:

Այս հզօր զօրահաւաքին կեդրոնը կանգնած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը.

Ա՛յն կուսակութիւնը, որ ազգային իտէալներու մասին խօսելէ անդին անցած է, կերտած է հանրապետութիւն, կառուցած է հաստատութիւններ, որոնք կ’ապրին այդ իտէալներով:

Ա՛յն կուսակցութիւնը, որ ոչ միայն խորասուզուած է դարէ մը աւելի ազգային պայքարի, հարենատիրութեան, հայրենակերտումի, ազգակերտումի եւ ազգատիրութեան մէջ, այլեւ նուիրուած է անոր երիտասարդութեան կազմակերպման մէջ ներդրում կատարելուն:

Ա՛յն կուսակութիւնը, որ իր այդ ներդրումով ստեղծած է գիտակից, պատրաստուած եւ միասնական հայ երիտասարդներու համաշխարհային ցանց, ուր անոնք կը կերտուին որպէս տիպար քաղաքացիներ եւ հեռատես առաջնորդներ, որոնք կը հասկնան, որ հայրենիք սիրելը կարգախօս չէ, այլ ողջ կեանքի պարտականութիւն եւ զոհաբերութիւն։

Եւ այս բանակումները, այս երիտասարդները, այս ուսանողները, այս սկաուտները, այս մարզիկները՝ ռազմավարական, ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած ազգակերտումի շօշափելի արդիւնքներն են։

Ի տես այս բոլորին, ՀՀ-ի վարչապետի աթոռը զբաղեցնող ապիկարը կը յանդգնի խօսիլ Հայաստանի հանրապետութիւնը կերտած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը արգիլելու մասին՝ թէ այդ իրաւական հարց է, եւ եթէ ինչ-որ մէկը կը կարծէ, որ այն պէտք է արգիլուի, ապա պէտք է իրաւական գործընթաց սկսի: Արտաքուստ անվնաս թուացող այս խօսքը քաղաքականապէս լարուած է: Կ’արտացոլէ արդէն իսկ ծանօթ դարձած եւ վտանգաւոր մարտավարութիւն՝ հեռանալ ուղղակի պատասխանատուութենէն, միաժամանակ աննկատելիօրէն ուրիշները հրաւիրել յարձակելու ազգային հաստատութիւններու վրայ:

Յիշեցնե՛նք անոր եւ անոր երկրպագուներուն ու մանկլաւիկներուն, որ Դաշնակցութիւնը դաժանօրէն հալածուեցաւ խորհրդային ռեժիմի օրով, երբ իր անդամներն ու համակիրները բանտարկուեցան, աքսորուեցան կամ սպաննուեցան պարզապէս ազատ Հայաստանի մասին երազելու համար:

Յիշեցնե՛նք անոր եւ անոր երկրպագուներուն ու մանկլաւիկներուն, որ 1994-ին, վերանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը նոյնպէս արգիլեց Դաշնակցութեան գործունէութիւնը՝ խանգարելով անոր ԸՆդհանուր ժողովը, վտարելով վաստակաշատ ընկերները, դադրեցնելով անոր հրատարակութիւնները եւ ձերբակալելով անդամները անհիմն մեղադրանքներով:

Եւ այնուամենայնիւ, հակառակ խորհրդային ամբողջատիրութենէն մինչեւ վերանկախութենէն յետոյ կատարուած ճնշումներուն, Դաշնակցութիւնը ոչ միայն գոյատեւեց, այլեւ ծաղկեցաւ: Անոր կառոյցները ամուր կանգնած են ամբողջ աշխարհի մէջ՝ իւրաքանչիւր հայկական համայնքի մէջ: Ոչ մէկ կառավարութեան որոշում, ոչ մէկ արգելք, ոչ մէկ դատարան կրնայ կտրել այն թեւերը, որուն արմատները խորն են հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ։ Դաշնակցութիւնը ամէնուր է. անոր երիտասարդութիւնը ոտքի է կանգնած, անոր առաքելութիւնը կենդանի է, եւ անոր բոցը կարելի չէ մարել։

Կեցցե՛ն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, անոր յարակից եւ ուղեկից կազմակերպութիւնները եւ իւրաքանչիւր անդամը կամ համակիրը, որ հնարաւոր կը դարձնէ այս ջանքերը: Եւ ամենակարեւորը՝ եկէք լուսարձակի տակ առնենք երիտասարդները՝ արդար, ազատ եւ անկախ Հայաստանի ջահակիրները, որոնց աչքերուն մէջ կը տեսնենք մեր ազգի ապագան ոչ թէ որպէս երազանք, այլ որպէս խոստում:

Տոքթ. Խաժակ Գուլաճեան