Կեղծ պետականութեան ուրուականը

Horizon Weekly Newspaper

Մարինէ Պետրոսեանի Մարտ 3, 2024-ի գրառման արձագանգելով գրեր էի հետեւեալը.

«…Հայ անկախ պետականութեան եւ առհասարակ Հայաստան երկրի գոյութենական խնդրի հանգուցալուծումը անմիջականօրէն առընչուած է տարածաշրջանի ուժային կառուցուածքին մէջ իրեն վերապահուած դերակատարութեան։ Պարզ խօսքով, եթէ այդ կենսական հաւասարութենէն դուրս դրուած ես, դուն գոյութեան իրաւունք չունիս։ Կարեւոր չէ, թէ որքա՞ն խելացի ես կամ բարի ես կամ սիրելի ես։ Կարեւորը այն է, թէ ի՞նչ գերոյժի (leverage, լծակային կարողականութեան, «երկաթէ շերեփ»ի) կը տիրապետես տարածաշրջանի սակարկութիւններու սեղանին վրայ։

Բայց նախ հասկնանք, թէ ի՞նչ բան է այս տարածաշրջան ըսուածը։ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք, կրկին սեղանի վրայ էր աշխարհակարգի ձեւաւորման խնդիրը։ Պարզ խօսքով, պէտք էր որոշել, թէ որո՞նք էին աշխարհաքաղաքական ուժերու դասաւորման նոր եզրերը։ Այդ շրջանի քննարկումներուն մէջ, կարեւոր ներդրում ունեցաւ ԱՄՆ-ի Եէյլ Համալասարանի դասախօս՝ Պրոֆ. Նիքըլաս Սփիքմանը (Nicholas Spykman)։ Ան կ՚ըսէր, թէ յետ-պատերազմեան իրականութեան տուեալներով պէտք էր սեւեռակէտ ընդունիլ նոր կազմուած «եզերագօտի»ն՝ rimland-ը (ի տարբերութիւն նախապատերազմեան աշխարհաքաղաքական տեսութեան խարիսխ հանդիսացող heartland-ին)։ Ենթադրաբար, այս եզերային գօտիին մէջ, ուժերու բնական տարերոյթով (դինամիկա), կը մտնէին Արեւելեան եւրոպան, Թուրքիան, Իրանը, Արաբական Արեւելքը մինչեւ Հարաւ-Արեւելեան Ասիա։ Ասիկա Պաղ Պատերազմի աշխարհն էր ըլլալու։ Ուժերու առճակատման ոլո՛րտը։Այսինքն կարելի էր ունենալ աշխարհակարգի համեմատական ընդհանուր կայունութիւն՝ երկբեւեռ աշխարհի մը մէջ, բայց նաեւ երկուստեք ընդունիլ գոյութիւնը անկայունութեան այս գօտիին…Կորպաչեւի տարիներէն սկսեալ, Եզերագօտիի տրամաբանութեան մաս կազմեցին նաեւ խորհրդային «ներքին եզերագօտի»ի երկիրները (ներառեա՛լ՝ Կովկասը)։ եւ կը տեսնենք, որ Եզերագօտին կը շարունակէ ապրիլ այս շատ բարդ իրականութեան նորմերով մինչեւ այսօր։ եւ պարզ է, որ այս դաժան գործընթացներէն պիտի վերապրին այն երկիրները միայն, որոնք սուր գիտակցութիւնը ունին այս կնճռոտ իրականութեան եւ քաղաքական կա՛մքը՝ այս բարդ աղիւսակը համարձակօրէն կառավարելու։ Մէկ բան յստակ է։ Մենք Եզերագօտիի երկիր ենք։ Ասիկա պիտի չփոխուի։ Մենք պատրանքը ունեցանք, որ կրնայինք թօթափել մեր վիզէն Եզերագօտիի մղձաւանջը։ Մենք մեր ճակատագիրը յանձնեցինք բոլշեւիկեան Մոսկուային եւ «պաշտպանուած» ապրեցանք խորհրդային ժամանակաշրջանի տարիները։ Այդ խաղը վերջ գտաւ վաղուց։ Անկախ հանրապետութիւնը կ՚ենթադրէր վեր բարձրանալ իրավիճակներէն եւ սկսիլ գործել տիրոջ պէս եւ ոչ՝ ճորտի։ Ցարդ մենք այդ գրաւը կորսնցուցած ենք։ Անկախ Հայաստանը ունէր եւ ունի ուժականութիւններ տարածաշրջանին մէջ դերակատար ըլլալու։ Բայց նաեւ անհամեմատօրէն աւելի մեծ են մարտահրաւէրները այս կէտին վրայ։ Մենք, որպէս ազգ, պիտի բարձրանա՞նք ներկայ մարտահրաւէրներու մակարդակին…Հարցերու ամբողջ համակարգ մը կայ, որ պէտք է անկեղծ պատասխան ստանայ։ Հարցե՛ր՝ որոնք ի վերջոյ պիտի յստակացնեն, թէ արդեօք մենք մեր երկրին իսկապէս կը պատկանի՞նք…Առայժմ թշնամին եւ աշխարհակարգը բացէ ի բաց մեզի կ՚ըսեն, թէ մենք մեր երկրին չենք պատկանիր։ Ուրիշն է, որ կը պատկանի։ Մենք պարզապէս «ատաղձ» ենք այն պետականութեան համար, որ այլեւս մերը չէ։ Կարգը մերն է վճռահատելու։ Գնդակը մեր դաշտին մէջն է։»

Այս դիտարկումներու օրերէն արդէն անցած է տարի մը եւ բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ աշխարհակարգը քայլ առ քայլ կը նախապատրաստէ Հայաաստանի հողին վրայ կառուցուող այն պետականութիւնը, որ այլեւս մեզի չի պատկանիր։ Չի՛ պատկանելու։
Փաշինեանական համակարգը իր առաջին դէմքին բերնով հրապարակ դրած է այդ պետականութեան «գաղափարախօսութիւն»ը զայն յորջորջելով «Իրական Հայաստան»…Այսինքն իր ազգային էութենէն պարպուած այն Հայաստան-պետականութիւնը, որ ծաղրանկարն իսկ չէ հայ անկախ պետականութեան։ Ան իրողական բացասումն է այն ամէն ինչին, որ եղած է եւ է ԱԶԳԱՅԻՆ մեր քաղաքական կեանքի խմորին մէջ։

Փաշինեանական համակարգը նաեւ գերազանցօրէն արմատական է իր ծրագրաւորման մէջ։ Ան սառն ոխերմութեամբ կը ջնջէ մեր իրաւագիտակցութեան բոլոր հարազատ խոհրդանիշները նորահաս սերունդներու երեւակայութենէն։ Ան բացայայտօրէն ինքզինք կը յայտարարէ թշնամին մեր ազգայնութեան։ Իրեն համար մենք պարզապէս «ժողովուրդ» ենք։ Այդ ժողովուրդին մաս կը կազմեն միայն այս պետականութեան քաղաքացիները։ Ներառեա՛լ՝ բոլոր օտարազգիները։ Ներառեա՛լ՝ ենթադրաբար թուրքերը, որոնք արդէն հաստատուած են երկրին մէջ եւ ստացած քաղաքացիութիւն։ Այո՛, այս հետզհետէ խառնազգիացող հասարակութի՛ւնը՝ ԲԱՅՑ Ո՛Չ ՍՓԻՒՌՔԸ…ՈՉ՝ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ։ Դաշնակցութեան Ծրագրին մնայուն հիմնադրոյթը՝ ՀՈՂԱՀԱՒԱՔի եւ ՀԱՅԱՀԱՒԱՔի իր զոյգ առաջադրութիւններով, որ մեր ազգային վարդապետութիւնն է եղած Դաշնակցութեան «քաղաքականացում» զօրաշարժի ամէն մէկ հանգրուանին վրայ, բացարձակապէս գոյութիւն չունի Փաշինեանական Իրական Հայաստանի կառուցային դրսեւորումներուն մէջ։ եւ այստեղ իսկ թաղուած է շան գլուխը։ Այս խառնազգի հասարակութեան — եւ ոչ՝ հայ ազգային պետականութեա՛ն — համար է, որ կը ձեւաւորուի Փաշինեանական սահմանադրութիւնը։

Հանիբալը հասած է մեր դրան…Կը կրկնեմ ՝ գնդակը մեր դաշտին մէջ է եւ եթէ մենք ազգովին անտեսենք ճգնաժամը եւ չգործենք այսօրուան այս մարտահրաւէրի չափանիշներով եւ որոշենք չդիմագրաւել նոր եւ արիւնոտ յարացոյցի հրամայականները, վաղը մեր գործադաշտէն չքացած պիտի ըլլան թէ՛դաշտը եւ թէ՛ գնդակը։ ՎԱՂԸ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ։ ԿԱՅ ՄԻԱՅՆ ԱՅՍՕՐԸ, ԶՈՐ ՄԵՆՔ ՀԱՒԱՔԱԲԱՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՆՔ ՎԵՐԱԾԵԼՈՒ ՎԱՂՈՒԱՆ։ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՆՔ ՎԵՐԱԾԵԼՈՒ ԳՈՐԾՕՆ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ։ ԱՄԷՆ ԳՆՈ՛Վ։
Անյետաձգելիօրէ՛ն։

Կարօ Արմենեան

Մարտ 4, 2025