Սուրիոյ եւ Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին կազմակերպուեցաւ ժողովրդային իրազեկումի առցանց հաւաք

Horizon Weekly Newspaper

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Միջին Արեւելքի հայութեան օժանդակութեան յանձնախումբին, Կիրակի, 26 Յունուար 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, տեղի ունեցաւ ժողովրդային իրազեկումի առցանց հաւաք՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մասին, որուն ընթացքին զեկուցեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանի տնօրէն Զեփիւռ Րէիսեան, զրուցավարութեամբ Թորոնթոյէն Քաթիա Տէր Յովակիմեանի:

Զեկոյցներուն մասին նախաբան մը ներկայացուց զրուցավարը ըսելով. «Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ համայնքները տագնապի մէջ են. երկարամաեայ պատերազմներ եւ օրէ օր վատթարացող տնտեսական կացութիւնը լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան ծանր հարուածներ հասցուցած են: Աննախընթաց մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին հայկական վարժարանները, բարեսիրական կազմակերպութիւններն ու հայկական միութիւնները, որոնք գոյատեւելու համար լուրջ կարիքը ունին նիւթական օժանդակութեան: Բազմաթիւ ընտանիքներ այսօր դարձած են կարօտ դեղորայքի եւ այլ ընկերային ծառայութիւններու: Այս բոլորին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար կազմակերպուած է առցանց այս հաւաքը»:

Նախ անդրադարձ կատարուեցաւ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ յայտարարուած զինադադարին, որուն մասին Բագրատունի ըսաւ. «Հակառակ յայտարարուած զինադադարին, որ ի զօրու պիտի ըլլար այսօր, այս առտու Լիբանանի հարաւի շրջաններուն մէջ, երբ լիբանանցի ժողովուրդը կը վերադառնար իր գիւղերը, ունեցանք 22 նահատակ եւ 123 վիրաւոր՝ Իսրայէլի յարձակումներուն պատճառաւ: Բառացիօրէն զինադադար չէր յայտարարուածը, այլ զինուորական գործողութիւններու դադրում: Տակաւին քանի մը գիւղեր կան, որոնք Իսրայէլ գրաւած կը պահէ, հետեւաբար այսօր մտահոգութիւն կայ, որ զինադադարի որոշումը ամբողջութեամբ չէ գործադրուած, եւ այդ մէկը Լիբանանի համար կրնայ նոր դժուարութիւններու հանգրուանի մը սկիզբի ազդանշանը ըլլալ»:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Թրամփէն ակնկալուած ռազմավարութեան մասին անդրադառնալով Բագրատունի յայտնեց, թէ նախագահներու փոփոխութիւնը ամերիկեան պետութեան խորքային ռազմավարական ծրագիրներուն մէջ փոփոխութիւն չ’արձանագրեր: «Ցարդ ուղղակի միջամտութիւններ չեն եղած Թրամփի կողմէ, սակայն ան կը խոստանայ որոշ ճնշումներ բանեցնել, բայց այդ մէկը Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու շահերէն մեկնելով չէ անշուշտ, այլ՝ Միացեալ նահանգներու եւ նոյնքան նաեւ Իսրայէլի շահերէն մեկնած», ըսաւ ան:

Րէիսեան նախ զեկուցեց Սուրիոյ նոր ղեկավարութեան քրիստոնեայ համայնքներու անվտանգութեան ապահովման խոստումներուն եւ ներկայ իրավիճակին մասին ըսելով. «Նոյեմբերի վերջաւորութեան եւ Դեկտեմբերի սկիզբը, իշխանափոխութեան յաջորդող քանի մը օրերուն ընթացքին, նոր ղեկավարութենէն ներկայացուցիչներ այցելեցին քաղաքներն ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքները՝ հանգստցանելու համար ժողովուրդը, թէ իրենք պատրաստ են անոնց անվտանգութիւնը ապահովելու, կապի տուեալներ փոխանցեցին, որպէսզի որեւէ անախորժելի դէպքի պարագային դիմեն իրենց: Դեկտեմբերին, տօնական օրերու նախօրեակին, Դամասկոսի մէջ կայացաւ ղեկավարին հանդիպումը քրիստոնեայ համայնքապետերուն հետ, որուն ընթացքին հաստատեցին երկրի քրիստոնեաներուն եւ փոքրամասնութիւններուն կրօնական արարողութիւններն ու ծէսերը կատարելու ազատութիւնը: Այս բոլորով հանդերձ, անցնող օրերուն պատահեցան դէպքեր, որոնք մեկնաբանուեցան որպէս անհատական ընթացք», ապա աւելցուց. «Յառաջիկային ինչպիսի պետութեան ուրուագիծ պիտի դրուի նոր մշակուելիք սահմանադրութեամբ՝ օրերը ցոյց պիտի տան»:

Անդրադառնալով հայկական վարժարաններուն եւ կազմակերպութիւններուն իրավիճակին ան յայտնեց, թէ անոնք սառած վիճակի մէջ էին առաջին քանի մը օրերուն ընթացքին, նաեւ պարետային ժամեր յայտարարուած էին այդ օրերուն: «Աւելի ուշ, երբ ղեկավարութիւնը սկսաւ իր վերակազմաւորման աշխատանքները, աստիճանաբար սկսաւ վերադարձը բնականոն կեանքի. դպրոցները վերաբացուեցան, աւելի ուշ միութիւններն ու կազմակերպութիւնները սկսան գործել: Նոյնն էր իրավիճակը միւս շրջաններուն մէջ՝ Լաթաքիա, Քեսապ, Դամասկոս եւայլն» ըսաւ ան եւ աւելցուց «Մտահոգութիւններ կան առ այսօր, սակայն Սրբազան Հօր շրջաններու այցելութիւններն ու յորդորները ունեցան իրենց դրական անդրադարձը»:

Լիբանանի նախագահի ընտրութեամբ լիբանանահայութեան սպասումներուն մասին Բագրատունի յայտնեց. «Լիբանանի նախագահի ընտրութեամբ, յանձինս բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզէֆ Աունի, որուն հետ մեր յարաբերութիւնները միշտ եղած են բարեկամական, բարեկարգումներու աստիճանաբար մեկնարկ կը սպասուի բոլոր ոլորտներէն ներս: Իսկ Մենք, որպէս կուսակցութիւն եւ հայ համայնք, զօրավիգ կը կանգնինք նախագահին եւ պետականութեան, որովհետեւ վերջին հաշուով մեր ժողովուրդի ներկայութիւնը պետութեան հովանիին տակ կը պայմանաւորուի զօրաւոր պետութեամբ մը»:

Սուրիոյ երկարատեւ պատերազմին եւ արտաքին պատժամիջոցներուն բերումով տնտեսական սուր տագնապ կ’ապրի Սուրիան: «Վարաժարաններու կրթաթոշակները անվճար են մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, որովհետեւ ընտանիքներ օրապահիկ ապահովելու լուրջ դժուարութիւններ ունին, հետեւաբար անկարող են կրթաթոշակ վճարելու: Այս առումով սփիւռքեան ներդրումները միշտ իրենց փրկարար դերակատարութիւնը ունեցած են, որոնց շնորհիւ հայկական վարժարանները շարունակած են իրենց աշխատանքները: Նոյնն է պարագան միութիւններուն, իսկ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն բեռը բազմապատկուած է, որովհետեւ կարիքաւորներուն թիւը բազմապատկուած է» ըսաւ Րէիսեան եւ աւելցուց. «Իշխանափոխութեան առաջին 15 օրերու շատ ծանր վիճակին, Վեհափառ Հայրապետը մօտէն կը հետեւէր կացութեան, եւ անոր տրամադրած անմիջական օժանդակութիւնը, որ բաժնուեցաւ բոլոր ընտանիքներուն առանց համայնքային խտրութեան, մեծապէս գնահատուեցաւ մեր ժողովուրդին կողմէ»:

Լիբանան նոյնպէս տարիներէ ի վեր կ’ապրի տնտեսական տագնապ, որ գագաթնակէտին հասաւ Իսրայէլի պատերազմին որպէս արդիւնք: «Լիբանանն ու Սուրիան մէկ սիրտ են, երկու բաժիններով. ինչ որ կը պատահի որեւէ մէկուն մօտ, միւսին վրայ կ’ունենայ իր ազդեցութիւնը, իսկ երբ երկուքը տագնապի կը մատնուին, պէտք է երեւակայել թէ համահայկական իմաստով ինչպիսի՛ լուրջ տագնապներու դէմ յանդիման կը գտնուինք» ըսաւ Բագրատունի եւ աւելցուց. «Ճիշդ է, որ պատերազմը հայկական մեր շրջաններէն հեռու էր, սակայն գաղթականներու ողողումը նաեւ մեր շրջաններուն մէջ, ունեցաւ իր անդրադարձը: Բարեբախտաբար մենք յաջողեցանք քաղաքական լուրջ միջամտութիւններով զերծ պահել մեր կառոյցները գաղթականական կեդրոններու վերածուելէ եւ գոհացանք մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելով»: Իսկ լիբանանահայ համայնքի գոյատեւման հարցով ան յայտնեց. «Սփիւռքեան մեր գաղութներուն մէջ լիբանանահայութիւնը միակն է, որ իբրեւ քաղաքական համայնք նկատի առնուած է սահմանադրութեամբ, հետեւաբար լիբանանահայ համայնքի ուժականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք այսօր: Կարիքները բազմազան են, յատկապէս բժշկական մարզէն ներս (հիւանդանոցային պարագաները իսկապէս տաժանելի են): Ասոնց կողքին ունինք մեր վարժարանները, կազմակերպութիւնները, «Ազդակ» օրաթերթը, «Վանայ ձայն»ը եւայլն, որոնց գոյատեւման ի խնդիր մենք կ’ընենք մեր առաւելագոյն կարելին եւ մեր ակնկալութիւնն է, որ մեր հայրենակիցները ընեն նաեւ իրենց կարելին»:

Անկէ ետք զեկուցավարները պատասխանեցին ակնդիրներուն կողմէ յղուած հարցումներուն:

Աւարտին անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին նման նախաձեռնութեան մը կազմակեպման առթիւ, անդրադարձ կատարեցին անցնող տարիներուն յատկապէս գանատահայութեան սրտցաւ վերաբերմունքին ու առաջատար ներդրումներուն, եւ յայտնեցին իրենց վստահութիւնը, որ կրկին եւս Գանատայի մեր հայրենակիցները առանձին պիտի չթողեն Միջին Արեւելքի հայութիւնը:

Զրուցավարը յայտնեց, որ իրազեկ դառնալու համար Միջին Արեւելքի բոլոր իրադարձութիւններուն մասին կարելի է հետեւիլ «Հորիզոն»ի լրատուական ցանցերուն հետեւելով:

Նշենք, որ տակաւին կարելի է նուիրատուութիւն ընել Միջին Արեւելքի օժանդակութեան համար՝
– Չէքով. payable to ARS Foundation եւ ուղարկել Armenian Relief Society of Canada | 3401 Olivar Asselin, Montreal, QC | H4J 1L5
– Առցանց. ars-canada.ca/donations and ապա ընտրել Aid to Lebanon
– E-transfer. ars-canada@bellnet.ca

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»