Ողբ Հայաստանի
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
22 նոյեմբեր 2024-ին Նիկոլ Փաշինեան երկարատեւ հարցազրոյց մը տուաւ Հ1 հեռատեսիլային կայանին, նպատակ ունենալով ներկայացնել օրուան հրատապ խնդիրներուն մասին իր պատկերացումները: Ընթացիկ գործառոյթներու ու որոշումներու պարզաբանման, աւելի ճիշդ` հիմնաւորման կողքին, Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Հայաստանի անվտանգութեան առնչուած` իր նախասիրած հարցերուն, հարցերու գլխաւորին, «խաղաղութեան պայմանագիրին», զոր կ՛ուզէ կնքել Ազրպէյճանի հետ:
Խաղաղութեան պայմանագիրը կարելի դարձնելու համար, արդէն շատոնց Ն. Փաշինեան համաձայնած էր արցախեան հարցի բանակցութիւններուն մէջ իջեցնել հայկական պահանջներու նշաձողը: Նշաձողի իջեցման հետեւանքով յայտարարուեցաւ, որ Հայաստան ու Ազրպէյճան փոխադարձաբար կ՛ընդունին երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը Ալմա-Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ: Նիկոլ Փաշինեան փութաց յստակացնելու, որ Հայաստան կ՛ընդունի Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, ներառեալ Արցախը: Ազրպէյճան լուռ մնաց ու կը շարունակէ լուռ մնալ: Հետեւեցան Արցախի շրջափակումը, պատերազմը եւ հայաթափումը: Ձերբակալուեցան ու Պաքուի մէջ արգելափակուեցան Արցախի հին ու նոր, քաղաքական ու մարտական ղեկավարները:
Հայաստանի իշխանութիւնները այլեւս կը մերժեն յիշատակել Արցախը, անոր բանտարկուած ղեկավարները եւ Արցախի բնակչութեան իր երկիրը վերադառնալու իրաւունքը: Հայաստանի Հանրապետութեան համար Արցախ գոյութիւն չունի այլեւս. Արցախը Ազրպէյճանի անբաժանելի մաս հռչակուած է:
Միայն Արցախը արդեօ՞ք: Արարատ լեռը, իր Մեծ ու Փոքր Մասիսներով միշտ ալ նկատուած է Հայաստան աշխարհի կարեւորագոյն խորհրդանիշներէն մէկը: Արարատը այժմ կը գտնուի Թուրքիոյ տարածքին մէջ. Փաշինեան Արարատի նկարը փոխարինեց Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուող Արագածով:
Մովսէս Խորենացիէն սկսեալ, մեր պատմութիւնը միշտ կոչուած է Հայոց պատմութիւն, որ բառացիօրէն կը նշանակէ Հայքերու պատմութիւն: Սահմանափակուելով ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան 29743 քառ. քմ տարածքով, պատմութիւնը վերածուեցաւ Հայաստանի պատմութեան, մոռացութեան տալու համար մեր թագաւորութիւնները, իշխանութիւնները եւ անկախ հայրենիք ունենալու համար դարաւոր ոգորումները:
Խաղաղութեան պայմանագիրը կարելի դարձնելու համար, Հայաստանի իշխանութիւնները չեղարկեցին մեր ժողովուրդին փայփայած հերոսները եւ հերոս հռչակեցին… պետութեան տուրք վճարողները:
Իր հարցազրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան հաւասարութիւն դրաւ ազերիներու կողմէ Արեւմտեան Ազրպէյճան եզրոյթին եւ Արեւմտեան Հայաստանի միջեւ: Չբաւականանալով այսքանով, Ն. Փաշինեան յայտարարեց, որ քանիցս կարդալէ ետք Անկախութեան հռչակագիրը, համոզում գոյացուցած է, որ այդ փաստաթուղթը Հայաստանի պետութիւնը չեղարկող է: Ազրպէյճանի պահանջներէն մէկն է, պարտաւոր է գոհացնել խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար:
Վերջին գիւտը կը վերաբերի Արցախի տագնապին շուրջ բանակցութիւններուն: Նիկոլ Փաշինեան առանց աչքերը թարթելու յայտարարեց, որ Լիզպոնի գագաթաժողովէն ետք, միջազգային հանրութիւնը երբեք չէ քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի Ազրպէյճանէն անջատումը. բոլոր բանակցութիւնները կատարուած են Ղարաբաղը Ազրպէյճանին վերադարձնելու նպատակով: Ինք ասիկա գիտցած է 2018-ին արդէն, սակայն այն ժամանակի իր ըմբռնած հայրենասիրութիւնը թոյլ չէ տուած հանրայնացնել այս գիւտը:
Այսպէս, ելոյթէ ելոյթ, ամէն առիթ օգտագործելով Նիկոլ Փաշինեան Հայաստան, հայութիւն, հայ ազգ, հայրենիք, պետութիւն յղացքներուն կու տայ իւրովի նոր սահմանումներ: Հայ ժողովուրդը մոլորութեան մէջ գտնուած է կարծելով որ իր ապրած վայր Հայաստանէն դուրս այլ Հայաստան ալ կայ, այն որ Վահան Տէրեան հոգեւոր Հայաստան կոչած է ու շատ բանաստեղծներ, որոնք «իրենց շրթները չեն պղծած անէծքով» անխախտ յոյսով երգած են:
Նոր տարուան առիթով իր պատգամին մէջ վերարծարծելէ եւ վերահաստատելէ ետք վերեւի բնորոշումները, վկայակոչելէ ետք Հայաստան ու հայ ազգ յղացքները վերասահմանող իր անհեթեթութիւնները, քայլ մըն ալ առաջ կ՛անցնի ու իրական Հայաստանի` Հայաստանի արդի հանրապետութեան գոյութիւնը կը վերածէ գաղափարախօսութեան: Հարկ է այրել Հայոց պատմութեան բոլոր գիրքերը, փճացնել բոլոր քարտէսները, լռեցնել բոլոր բանաստեղծութիւններն ու երգերը, որովհետեւ ունինք այլեւս նոր ազգային հանգանակ մը` «իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը»:
Ողբ Հայաստանի:
Comments are closed.