Պաշտօնանկութիւններու Շարք` Հայաստանի Մէջ

Նոյեմբեր 18-19, Հայաստանի մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի թելադրանքով շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ իրենց հրաժարականները ներկայացուցին:

Պաշտօնանկ եղած եւ հրաժարած պաշտօնատարներուն շարքին են բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Կարէն Անդրէասեան, Հակափտածութիւն կոմիտէի նախագահ Սասուն Խաչատրեան, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնէլ Սանոսեան, ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեան, Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան, Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան:

Իսկ երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի առողջապահութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Զէյնալեան յայտարարեց իր պատգամաւորական լիազօրութիւնները դադրեցնելու մասին, իսկ պատգամաւոր Յովիկ Աղազարեան մանր եղջերաւոր անասուններու գործով իբրեւ վկայ հրաւիրուեցաւ Հակափտածութեան կոմիտէ:

Comments are closed.