ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՈՒԺԱՆԻՒԹԱՅԻՆ ԱԽՈՐԺԱԿՆԵՐՆ ՈՒ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐԸ


 

ՍԹՐԱԹՖՈՐ ռազմաքաղաքական ամերիկեան վերլուծողական կայքէջը կը գրէ, որ Թուրքիա կը յուսայ Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ իր դիրքը շահագործել եւ Ռուսիայէն, Կասպից ծովի շրջանէն, Կեդրոնական Ասիայէն եւ Միջին Արեւելքէն քարիւղի եւ բնական կազի դէպի Եւրոպայի սպառողական մեծ շուկայ ուժանիւթի շրջանային միջանցքի մը վերածուիլ։ Այս ախորժակները ընդհանուր առմամբ կու գան արտացոլացնելու անոր պատմական ազդեցութեան շրջանին մէջ իր գերակայ դերակատարութիւնը վերականգնելու Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան տեսլականը։

Հակառակ իր փառամոլութեանց, Թուրքիոյ աշխարհագրութիւնը, ներքին ուժանիւթի իր հետզհետէ աճող կարիքները՝ իբրեւ ուժանիւթի միջանցք Թուրքիոյ սահմանափակումները ի յայտ բերած են։ Թուրքիա ուժանիւթի կայուն մատակարում ապահովելու համար ստիպուած է կախեալ ըլլալ իր աշխարհաքաղաքական մրցակիցներէն, մասնաւորաբար երբ կը փորձէ խուսափիլ իր իսլամական շրջապատին մէջ խառնակ վիճակէն։ Ուստի, Անգարա իր ուժանիւթի մատակարարումը բազմազան դարձնելու եւ եւ այդ կարիքը ապահովելուն ժխտական ազդեցութեան գերին է։ Թուրքիա կանխատեսելի ապագայի ընթացքին մեծապէս կախեալ պիտի մնայ ռուսական ուժանիւթէն, որովհետեւ այլընտրանքային մատակարարողներ փնտռելու Անգարայի փորձերը անոր արտաքին յարաբերութեանց մէջ սահմանափակումներ եւ լարուածութեան հետզհետէ աճող վտանգներ պիտի դիմագրաւեն։

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

Թուրքիոյ մէջ քարիւղի եւ բնական կազի արտադրութիւնը կը շարունակէ ցած մնալ, իսկ վառելանիւթներու անոր պահանջը արագ կերպով աճած է։ Անոր բնակչութիւնը, ներկայիս աւելի քան 73 միլիոն, տարեկան 2 առ հարիւր համեմատութեամբ կ՚աճի։ Աւելին, մինչ Թուրքիա եւրոպական պահանջի նուազումին յարմարելու համար իր տնտեսական աճի նախատեսումները կը չափաւորէ, տնտեսական ուժեղ զարգացումը պիտի շարունակէ Թուրքիոյ ուժանիւթի պահանջները աւելցնել։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ

Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի սեփական աղբիւրները սահմանափակ են այդ երկիրը չի կրնար դիւրութեամբ փախուստ տալ ներածումի մեծ ծախսէն, ուստի նաեւ հաշուեկշիռի բացի աճէն։ Թուրքիա գրեթէ բոլոր հեղուկ վառելանիւթերը, ինչպէս նաեւ իր սպառած ածուխն ու բնական կազը կը ներածէ։ Ածուխը, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի սպառումին շուրջ 26 առ հարիւրը կը կազմէ, Թուրքիոյ ուժանիւթի սպառման նկատառելի մէկ մասը պիտի մնայ, մինչ ան կը ջանայ իր սեփական պահեստները շահագործել։ Սակայն, ածուխի ներքին արտադրութիւնը կը շարունակէ պահանջէն նուազ ըլլալ։ Անկարող ըլլալով ածուխի սեփական արտադրութիւնը խթանելու համար հարկ եղած ներդրումը ապահովել՝ Թուրքիա Աւստրալիայէն, Քոլոմպիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն եւ Հարաւային Ափրիկէէն կը ներածէ շուրջ 16 միլիոն թոն ածուխ։

Բնական կազը Թուրքիոյ ուժանիւթի ներածումի ծախսերուն մէկ մեծ բաժինը պիտի ըլլայ։ Թուրքիոյ ելեկտրականութեան շուրջ կէսը բնական կազով բանող ուժանիւթի կայաններ են եւ այդ համեմատութիւնը հաւանաբար պիտի աճի, մինչ Թուրքիա ուժանիւթի արտադրութեան աւելի աժան եւ մաքուր միջոցներ կը փնտռէ։ 2012-ին, Թուրքիոյ ուժանիւթի սպառումը արդէն 2002-ի ժամական 129 միլիառ քիլոուաթէն աճած է 240 միլիառի (2012-ին Իտալիա 295 միլիառ քիլոուաթ արտադրած է)։ Նախատեսութեանց մեծամասնութիւնը կը նշեն, որ յառաջիկայ տասնամեակին ընթացքին Թուրքիոյ մէջ ելեկտրականութեան սպառումը գրեթէ պիտի կրկնապատկուի։ Իրողական գետնի վրայ՝ Թուրքիա ուժանիւթի արտադրութեան համար ելեկտրականութեան եւ բնական կազի իր հետզհետէ աճող կարիքներով Չինաստանէն ետք երկրորդ դիրքը կը գրաւէ։

Ռուսիա Թուրքիոյ բնական կազի ամէնէն մեծ մատակարարողն է եւ ներկայիս Թուրքիոյ բնական կազի ներածումներուն 60 առ հարիւրը մատակարարողը, եւ այդ համեմատութիւնը կը սպասուի, որ աճի։ Իրան երկրորդ դիրքի վրայ է եւ Թուրքիոյ բնական կազի ներածումներուն 20 առ հարիւրը կը մատակարարէ։ Ուստի Թուրքիա մեծապէս կախեալ է շրջանային երկու պատմական մրցակիցներէ։ Անշուշտ, որ ասիկա իտէալական կացութիւն մը չէ, մասնաւորաբար երկիրի մը համար, որ կը փորձէ իր աշխարհագրական դիրքը օգտագործելով վերահաստատել արտասահմանի մէջ իր ազդեցութիւնը։ Թէեւ Թուրքիա այդ կապերը տկարացնելու ուժեղ պատճառներ ունի, սակայն իր ուժանիւթի մատակարարման մէջ բազմազանութիւն յառաջացնելու եւ այդպիսով աւելի ճկուն արտաքին քաղաքականութիւն զարգացնելու արգելքներու շարք մը կը դիմագրաւէ։

ՌՈՒՍԻՈՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎՐԱՅ ՈՒՆԵՑԱԾ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիա Ռուսիոյ ուժանիւթի երկրորդ յաճախորդն է։ Ռուս-թրքական առեւտուրի մեծամասնութիւնը Թուրքիոյ կողմէ ռուսական բնական կազի ներածումներ են, թէեւ Թուրքիա նաեւ նկատառելի քանակով ռուսական ածուխ եւ քարիւղ կը ներածէ։ Թուրքիա Ռուսիայէն իր բնական կազին մեծամասնութիւնը կը ստանայ Սեւ Ծովու տակէն անցնող «Կապոյտ հոսանք» խողովակաշարի ճամբով, որուն կարողականութիւնը տարեկան 16 միլիառ խորանարդ է։ «Կապոյտ հոսանք»-ը Ուքրանիայէն, Ռումանիայէն եւ Պուլկարիայէն անցնող եւ Պոլիս հասնող խողովակաշարի մը յաւելուածն է։ 2012-ին, այս խողովակաշարը շուրջ 11 միլիառ խորանարդ կազ փոխադրած է Թուրքիա։ Ընդհանուր առմամբ, Ռուսիա 2012-ին Թուրքիոյ 27.3 միլիառ խորանարդ բնական կազ մատակարարեց, իսկ Գերմանիոյ՝ 33 միլիառ խորանարդ։ Մինչ Թուրքիոյ պահանջները կ՚աճին, Ռուսիա կը նախատեսէ, որ Թուրքիան գահընկեց ընէ Գերմանիան եւ գրաւէ ուժանիւթի իր մեծագոյն յաճախորդի դիրքը։

Ռուսիա իւրաքանչիւր հազար խորանարդ կազին համար շուրջ 406 տոլար կը գանձէ, ինչ որ նուազ է Իրանի գանձնածէն եւ եւրոպական յաճախորդներէն Ռուսիոյ գանձնածէն քիչ մը աւելի (օրինակի համար Ռուսիա Գերմանիայէն 380 տոլար կը գանձէ)։ Ռուսիա Թուրքիոյ հետ առեւտուրին արժէք կու տայ, սակայն Թուրքիան չի կրնար առանց ռուսական ուժանիւթի գործել։ Ահա թէ ինչու Մոսկուա Անգարայի հետ ուժանիւթի բանակցութեանց մէջ զօրաւոր դիրքէ կը խօսի։

Ռուսիա նաեւ աշխուժօրէն կը փորձէ տարբեր ձեւերով ամրապնդել Թուրքիոյ ուժանիւթային կախուածութիւնը։ Թուրքիա 2023-ին 23 հիւլէական կայաններ շինելով երկրին ուժանիւթի մատակարարումը տարատեսակ դարձնելու մեծ, թէեւ ոչ ամբողջապէս իրապաշտ, ծրագիրներ ունի։ Ռուսիա ապահովեց, որ ինք առաջին ստորագրողը ըլլայ մինչեւ 2019 Մերսինի մէջ կառուցուելիք Թուրքիոյ առաջին հիւլէական կայանի պայմանագրին` այն սպասումով, որ Ռուսիա կայանին հիւլէական վառելանիւթի գլխաւոր մատկարարը պիտի ըլլայ։ Այս ծրագիրը հաւանաբար բազմաթիւ թեքնիք ուշացումներ դիմագրաւէ, սակայն համաձայնութիւնը ինքնին ցոյց կու տայ, որ Ռուսիա Թուրքիոյ ուժանիւթի տարատեսակման ամէնէն յանդուգն ծրագիրին մէջ իսկ մատ ունի։ Աւելին, Ռուսիա Անգարայի հետ կը բանակցի Թուրքիոյ մէջ բնական կազի պահեստանոցներ կառուցելու համար։ Ուժանիւթի պահեստանոցները Ռուսիոյ ուժեղ դիրքը պահելու համար Եւրոպայի մէջ հետապնդած ուժանիւթային տուեալներուն ամէնէն ռազմավարականներն են։ Ուստի, նոյնիսկ եթէ Թուրքիա Մոսկուան շրջանցելու այլ ծրագիրներ հետապնդէ, Ռուսիա պիտի ջանայ ինքզինք պարտադրել շղթային մէկ այլ վայրին մէջ այդ ուժանիւթի այլընտրանքային հոսքերուն վրայ ազդելու համար։

Ռուսիա, թուրքերու եւ ռուսերու միջեւ պատմական պատերազմի դաշտ եղող Կովկասի մէջ նոյն ռազմավարութիւնը կիրարկած է։

Ռուսիա եւ Ազրպէյճան արդէն իսկ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան խողովակաշարի (որուն ամբողջ նպատակը Ռուսիան շրջանցելն էր) ճամբով ռուսական քարիւղ փոխադրելու եւ ռուսական քարիւղը Ազրպէյճան ուղարկելու համար Պաքու-Նովորոսիյսք խողովակաշարը շրջելու շուրջ բանակցութիւններ կը վարեն։ Կովկասի մէջ ռուսական աւելի ուժեղ ներկայութիւնը կրնայ միայն Թուրքիոյ Ռուսիայէն ուժանիւթային կախուածութիւնը ամրապնդել։

Նոյնպիսի սահմանափակումներ ունին բնական կազը Թիւրքմենիստանէն Կասպից ծովու ճամբով, Կովկաս ու Թուրքիա, ապա Եւրոպա փոխադրելու թրքական (եւ եւրոպական) յոյսերը։ Այս ծրագիրը ուղղակի կերպով կը հակադրուի Կեդրոնական Ասիոյ ուժանիւթի դէպի Եւրոպա տարանցման միջնորդի իր դիրքը պահելու Ռուսիոյ հրամայականին։ Թիւրքմեն կառավարութիւնը նոյնիսկ ազրպէյճանականէն աւելի կը դժկամի այդպիսի ծրագիրի մը մասնակից դառնալով Մոսկուան գրգռելէ։ Նոյնիսկ եթէ Կասպիցը եզերող երկիրներուն միջեւ թեքնիք, քաղաքական եւ իրաւաբանական արգելքները լուծուին՝ Չինաստան արդէն իսկ նկատառելի եւ հետզհետէ աճող հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Թիւրքմենիստանի բնական կազին նկատմամբ՝ տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս աւելի իրագործելի միջոցներով։

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ԴԻՄԱՑ ԾԱՌԱՑԱԾ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐԸ

Չորս դարեր շարունակ Միջին Արեւելքին իշխած ըլլալով՝ թուրքերը իրենք զիրենք շրջանին ուժանիւթի հարուստ աղբիւրները շահագործելու լաւ դիրքի վրայ կարծեցին։ Սակայն Անգարա սկսած է գիտակցիլ, որ Միջին Արեւելքէն ուժանիւթի կայուն մատակարարում մը ապահովելու ախորժակներու բաւարարումը երկարժամկէտօրէն իրագործելի չէ։ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիա մեծ մասամբ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է իրաքեան Քիւրտիստանի վրայ, ուր քրտական շրջանային կառավարութիւնն ու Անգարա համաձայնած են իրենց անցեալի հակամարտութիւնները մեկդի դնել եւ երկու կողմերուն համար ալ շահաւէտ գործընկերութիւն մը զարգացնել։ Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութիւնը իր քարիւղն ու բնական կազը արտածելու մեծ փափաք ունի, հակառակ կամքին Պաղտատի, որ քրտական ուժանիւթային եւ քաղաքական ձգտումները վերահսկողութեան տակ պահելու իր պատճառներն ունի։ Այս նպատակին իրագործման մէջ՝ Պաղտատ Թուրքիոյ բնական դաշնակիցն է, սակայն վերջինս Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան տակ իր ռազմավարութիւնը փոխած է։ Փոխան քրտական անջատողականութիւնը միայն ուժի կիրարկմամբ հակակշռելու՝ Անգարա իրաքեան Քիւրտիստանի Թուրքիայէն տնտեսական կախուածութիւնը կ՚օգտագործէ իբրեւ հակակշռումի քաղաքականութիւն։ Նոյնքան կարեւոր է այն, որ Թուրքիա կը յուսայ, որ Իրաքի քրտական կառավարութեան հետ աւելի սերտ յարաբերութիւն մը պիտի դիւրացնէ Թուրքիոյ քիւրտերուն հետ խաղաղութեան բանակցութիւնները։

Այս ռազմավարութիւնը տեսականօրէն խոստումնալից էր, սակայն գործնականին մէջ դժուարութեան հանդիպած է։ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ Թուրքիոյ բանակցութիւնները սառեցուած են, եւ Անգարա աւելի հրատապ հարց մը կը դիմագրաւէ Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ, ուր քիւրտ անջատողականներ ժիհատականներու դէմ կը ճակատին։

ՔԻՒՐՏԵՐՈՒՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՎԱՅԵԼՈՂ ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐԻ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՊԱՂՏԱՏԻ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Այս ազդակները կը վտանգեն Թուրքիոյ եւ Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութեան հետապնդած փառամոլ ծրագիրը՝ օրական շուրջ 250 հազար տակառ քրտական քարիւղ Հիւսիսային Իրաքէն Թուրքիա փոխադրելու համար խողովակաշարի մը կառուցումը։ Խողովակաշարը պիտի գայ ամբողջացնելու Պաղտատի վերահսկողութեան տակ գտնուող Քիրքուք-Ճէյհան խողովակաշարը, որ օրական 1.6 միլիոն տակառի իր կարողականութեան մէկ հինգերորդով կը գործէ՝ յաճախակի ականահարումներու, վատ հոգատարութեան եւ արտադրութեան ցած համեմատութեան պատճառով։ Պաղտատի տեսանկիւնէն՝ նոր խողովակաշարը Իրաքի հողային գերիշխանութեան կոպիտ խախտում մըն է, եւ Իրաքի կեդրոնական կառավարութիւնը Թուրքիոյ եւ իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավարութեան յստակ դարձուցած է, որ առանց Պաղտատի հաւանութեան նշեալ խողովակաշարի ամբողջացումը հետեւանքներ պիտի ունենայ։ Մինչ խողովակաշարի կառուցումը արդէն մեծ ճամբայ կտրած է եւ ներդրողները Անգարայի վրայ ճնշում կը բանեցնեն զայն աւարտելու՝ Անգարա պէտք է որոշէ, որ Պաղտատի զայրոյթը գրգռելու մէջ որքան հեռու կ՚ուզէ երթալ։ Այս ծրագիրին հարցով Պաղտատը գոհացնելու համար Թուրքիոյ կողմէ որեւէ զիջում պիտի նշանակէ, որ Անգարա պիտի շարունակէ քիւրտերուն հետ Պաղտատի վէճին եւ ուժանիւթի ենթակառոյցներուն ժիհատական եւ քրտական սպառնալիքներուն պատճառով Իրաքէն ուժանիւթի մատակարարման ուշացումներ ու խանգարումներ դիմագրաւել։

Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ընթացող երկխօսութիւնը մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Թուրքիոյ որոշումին վրայ։ Միացեալ Նահանգներ չուզեր վիճելի խողովակաշարի մը հարցով Իրաքի արդէն իսկ զգայուն էթնիկ եւ համայնքային յարաբերութեանց վրայ թրքական ճնշում մը աւելնայ։ Իրան եւս չուզեր, որ իր պատմական մրցակիցը ականահարէ Պաղտատի մէջ իր շիի դաշնակիցներուն ազդեցութիւնը։ Թուրքիա կամաց կամաց պիտի ընդունի այս իրողութիւնը եւ հաւանաբար Պաղտատն ու Թեհրանը յաւելեալ նեղացնելէ զգուշանալու համար իր կեցուծաքը չափաւորէ։Աւելին, եթէ Ուաշինկթըն ու Թեհրան համաձայնութիւն մը գոյացնեն, Թուրքիա Իրանէն նկատառելի ուժանիւթի հոսք պիտի ստանայ։ Ներկայիս, երբ Իրան Թուրքիոյ բնական կազի իր մատակարարումը կը նուազեցնէ Ռուսիա միշտ պատրաստ է տարբերութիւնը ամբողջացնելու, ինչ որ կու գայ յուշելու, որ Թուրքիոյ շրջապատին մէջ չկայ վստահելի մատակարարող մը, որ կարենայ Թուրքիոյ կարիք ունեցած ուժանիւթի ծաւալը մատակարարել։ Սակայն այս կացութիւնը կրնայ արմատականապէս փոխուիլ, եթէ Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ գոյացնեն համաձայնութիւն մը, որ Իրանի ուժանիւթի մարզի ենթակառոյցներու վերանորոգման կ՚առաջնորդէ։ Թուրքիա պիտի ողջունէ իր սեփական օգտագործման եւ Եւրոպա արտածելու համար իրանեան քարիւղի եւ բնական կազի հոսքը, սակայն այս դիպաշարը տակաւին քանի մը տարուան կը կարօտի։

ՆԵՐԴՈՒՄՆԵՐ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Թուրքիա շարք մը ուժանիւթի մեծ ընկերութիւններու մօտ աշխատանք կը տանի Անատոլուի եւ Թրակիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովու մէջ ուժանիւթի հետազօտման համար։ Թուրքիա այդ թեքնիք գետնի վրայ դժուար եւ սուղ ծրագիրներուն համար կը ձգտի արեւմտեան ճարտարագիտութիւն եւ ներդրում ապահովել՝ իր հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ, ուր աշխատանքներուն մեծամասնութիւնը պիտի կատարուի, այդ պատճառով ալ քրտական ըմբոստութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու յաւելեալ պատճառներ ունի։ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը առայժմ յարձակումները դադրեցուցած է, սակայն քաղաքական գետնի վրայ նեղ կացութեան մատնուած կառավարութիւնը, մասնաւորաբար 2014-ին նախատեսուած խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն նախօրեակին, պիտի շարունակէ Թուրքիոյ մէջ քիւրտ զինեալներուն հետ համապարփակ խաղաղութեան հասնելու իր ջանքին մէջ ձախողիլ։

Ներդրողներու մօտ անվստահութեան ներկայ համաշխարհային մթնոլորտին եւ դրամանիշերու վերիվայրումներու, ինչպէս նաեւ տոկոսներու համեմատութեան ընդհանուր բարձրացման մթնոլորտին մէջ՝ Թուրքիոյ մէջ շահի ապահովման հեռաւոր ժամկէտներ ունեցող ծրագիրները վարկեր ապահովելու դժուարութիւն կը դիմագրաւեն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.