Մեծ հայ մը գնաց յաւերժի ուղիով՝ կտակելով ազգի ոգեկան հարստութիւնը

Յ. Պալեան

Արդէն շաբաթէ մը ի վեր,Կարպիս Ափրիկեան հրաժեշտ տուած է աշխարհին: Ճակտի գիրը այնպէս է, որ անոր ալ զլացուած պիտի ըլլայ նախահայրերու կողքին, հայրենի հողի մէջ հանգչելու իրաւունքը:

Ան հանդիսացաւ, գրեթէ դար մը, հայ մշակոյթին քուրմը եւ եղաւ անոր անխոնջ սպասարկուն: Իր տաղանդով կրնար այլապէս դիրքեր նուաճել, բայց մնաց Կոմիտասի եւ Կանաչեանի ժառանգութեան ուղիղ գիծին վրայ, օտար դռներ թակելով յաջողութիւն եւ փառք չհետապնդեց: Ինչպէս եղած է իրաւ մեծերու պարագային, մնաց հաւատարիմ իր առհաւական կոչման: Իր կարողութիւնը եւ արուեստը, ներիմացական հզօր գիտակցութեամբ, ծառայեցուց հայ մշակոյթին, սերունդներ դրոշմելով հայ ազգային իրաւութիւն ունեցող երաժշտութեամբ եւ հայ երգով: Ինչ որ ստացած էր որպէս հոգեկան ժառանգութիւն, զայն բազմապատկելով վերադարձուց իր ժողովուրդին: Իսկ այդ ժողովուրդը ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս տէր պիտի մնայ կտակուած հարստութեան:

Կարպիս Ափրիկեան ո՛չ թէ պետութեան մը ընձեռած հնարաւորութիւններով, այլ իր ուխտը կատարող նուիրուածի ազնուական յամառութեամբ հնչեցուց հայ երաժշտութեան որակը, որ նաեւ որակն էր հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգեկանութեան: Անմիջականի, աղմուկի եւ ջահերու փորձութեան ընդառաջ չգնաց:

Պէտք է յիշել, թէ ինչպէս, Կարպիս Ափրիկեան, իր օրուան աշխատանքէն ետք, կը սկսէր իր երկրորդ օրը, այս անգամ ՍԻՓԱՆ-ԿՈՄԻՏԱՍ երգչախումբին հետ, որուն բեմական ելոյթներուն ներկաները հպարտութեամբ կը ծափահարէին, բայց քիչեր, ըստ արժանւոյն կը գնահատէին ինչ որ ազգային իրաւ եւ մեծ ծառայութիւն էր, եսի եւ անհատականի գերանցումով ներդրումը, որ կիրակնօրեայ աղմուկի յարդի բոց չէր: Եթէ բնական պայմաններու մէջ ապրող ժողովուրդ ըլլայինք, այսօր կարպիս Ափրիկեանի անունը եւ հռչակը արձանագրուած կ’ըլլային համայնագիտարաններու մէջ, ստեղծագործութիւնները կը հնչէին աշխարհի մեծ բեմերէն:

Կարպիս Ափրիկեանի արխիւը կը գտնուի Հայաստան: Կը մտածեմ, որ ինչո՞ւ մեր դասական մեծերու շարքին, Հայաստան եւ Սփիւռք, հերթականութեամբ, սրահներու մէջ չեն հնչեր Կարպիս Ափրիկեանի ստեղծագործութիւնները, որոնք այլապէս կը վկայեն հայ ժողովուրդի ոգեկան ժառանգութեան մասին:

Հայկական Սփիւռքը որպէս ազգի հարազատութիւն, շարունակեց տեւել եւ կը տեւէ, որովհետեւ եղած են, կան եւ պիտի ըլլան ընդդէմ եւ ի գին ամէն բանի, նախայարձակումներու, ազգի եւ արժէքներու անխառն ոգեկանութեամբ առաջնորդուողներ, անոնք միշտ եղած են ազգը պահողներ, ներսը եւ դուրսը, հակառակ անտեսումներու, լքումներու, ուրացումներու, որոնք կը յատկանշեն ամբոխի մակերեսային կարճ յիշողութիւնը:

Կարպիս Ափրիկեան արուեստի սպասարկու էր, ճիշդ է: Բայց իր արուեստի նուիրուածութեամբ, ան նաեւ իրողապէս յանձնառու հայ էր, ազգի եւ Սփիւռքի կացութեան բարդ հարցերը հեռուէն եւ մատներու արանքէն չէր դիտեր: Այդպէս եղած են բոլոր ժողովուրդներու իրաւութիւն ունեցողները: Թերեւս ոմանք անտեղի պիտի համարեն յիշել եւ յիշեցնել, որ ան չէր վարանած ազգի ծառայութեան ինքզինք կոչած հայ քաղաքական կազմակերպութեան անդամ ըլլալ, անոր պայծառ դէմքերէն ստացած էր գաղափարական աւանդ, մնացած էր պատնէշի վրայ, հեռուէն չէր դիտած :Անտեղի չէ յիշել Կարպիս Ափրիկեանի հաւատաւոր դաշնակցականի կոչումը, որ չէր գոհացած հանդիսատեսի դերով, եղած էր կազմակերպութեան իրաւ ներկայ անդամ, վարած էր պատասխանատու պաշտօններ, ինչպէս Ֆրանսայի կազմակերպութեան Կեդրոնական Կոմիտէի, ինչ որ կը վկայէ այն մասին, որ ան չէ եղած սպիտակ ձեռնոցներով բեմ բարձրացող արուեստագէտ:

Ինչպէ՞ս շարունակել ընթանալ հաւատաւոր հայու ուղիով, պահել եւ յարգել արուեստագէտի յիշատակը եւ ժառանգութիւնը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ շարունակել ընթանալ, միաժամանակ ծառայելով արուեստին եւ ազգին, այսինքն՝ նուաճել բեմերու եւ խօսափողի տուրք չտալու իրաւութիւն, եւ երաժշտութիւնը չստորնացնել, զայն համարելով նուագածութիւն:

Կարպիս Ափրիկեան, ամբողջական ըլլալու միտումով, գործեց եւ ապրեցաւ,- իրաւ հայու կեանքի վկայութիւն,- ազգին տրուած բազմաբովանդակ եւ անխարդախ ծառայութիւն՝ իր արուեստով եւ յանձնառութեամբ:

Ինքզինքիս թոյլ կու տամ կրկին յիշել վաւերական հայ գրող Վիգէն Խեչումեանը, որ ըսած էր, «թէ ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր որպէսզի չասեն ծառայ»:

Կարպիս Ափրիկեան փառքի եւ յաջողութեան համար, ինչպէս հիմա սովորաբար կ’ըսուի՝ «լաւ ապրելու իրաւունքի», հաւատարմութեամբ մնաց իր հայու տիեզերքին մէջ, կանգ չառաւ ուրիշի դռներուն առջեւ:

Ժամանակակից մեծ մը:

Ամբողջականութեան դրոշմով ապրած եւ գործած օրինակելի Կարպիս Ափրիկեան:

Անհանգստացնող հարցում մը. ինչպէ՞ս պահել կտակ եւ արժէք: Ո՞վ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս հայը հաղորդ պիտի պահէ Կարպիս Ափրիկեանի անանձնական ոգեկանութեան, որպէսզի մնանք մեր հարազատութեան մէջ:

Կարպիս Ափրիկեանի գործը պահել կենդանի՝ պարզին վսեմութեամբ, նպաստելու համար հայկական կենդանութեան: Հայաստան եւ բազմանուն Սփիւռք(ներ), ողջմտութեամբ գիտնալով, որ եթէ մենք տէր չըլլանք եւ չմնանք մեր արժէքներուն եւ ոգեկան աննիւթական ժառանգութեան, որ դրամատնային հաշիւ չէ, շէնքի ճակատին գրուած յատուկ անուն չէ , ո՛չ ոք այդ պիտի ընէ մեր փոխարէն:

Լսել Կարպիս Ափրիկեանի «Օրաթորիո»ն, եւ միւս ստեղծագործութիւնները… որպէսզի մենք՝ մե՛նք մնանք, չայլանանք:

Յարգանք դարու տեւողութեամբ օրինակելի վաստակիդ եւ կեանքիդ դիմաց, անոնք աւելի հզօր յիշողութիւն են քան նոյնինքն մահը, որ տիեզերական ճակատագիր է:

Ինչ որ կը մտածեմ գրեցի, աւուր պատշաճի խօսք չէ, սրտի խօսք է, կը յիշեմ յանձնառու հայը եւ ստեղծագործող արուեստագէտը, մարդը, յօրինակ այլոց, փառքի եւ յաջողողութիւններու մեծ ու պզտիկ աստ եւ անդ գերաճող վաշխառուներուն:

Եթէ մեր տարբերութիւնները յաղթած ժողովուրդ ըլլայինք, գիտնայինք մեր արժէքները ազգի տեսանկիւնէ ճիշդ տեսնել եւ գնահատել, Կարպիս Ափրիկեանի կ’ընձեռուէր հայրենի հողին մէջ եւ նոյն սէրերուն ծառայած մեծերու կողքին հանգչելու իրաւունքը: Այս ալ ընդունիլ որպէս շիշի մէջ դրուած եւ ծովը նետուած սրտագին կոչի նամակ, որ մէկութեան բաղձանք է:

 

Comments are closed.