AURORA’S SUNRISE. Պատգամին այժմէականութիւնը Պուէնոս Այրէսի մէջ, Սինանեանի այցելութեան նախօրեակին
Իննա Սահակեանի վաւերագրական իւրայատուկ ժապաւէնը եւ բեմադրիչը Հարաւային Ամերիկա են, Արժանթին եւ Ուրուկուայ, ուր Սփիւռքի ամենածայրամասային երկու հայ համայնքներն են իրենց աւելի քան հարիւրամեայ անցեալով եւ Ցեղասպանութեան յաջորդած չորրորդ սերունդով:
Նախաձեռնութիւնը Համազգայինի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղինն էր, եւ ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 19 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Պուէնոս Այրէսի Արմենիա Մշակութային Ընկերակցութեան թատեսրահին մէջ: Իննա Սահակեանն իր խօսքին մէջ պարզ եւ մէկին ըսաւ, որ խիստ տպաւորուած էր լեցուն սրահով որ բացառիկ էր տարբեր համայքներու մէջ ֆիլմի ցուցադրութեան իր փորձառութեամբ:
Համայնքային ինքնասիրութիւնը շոյող այս իրողութիւնը, սակայն, պիտի ընկալել որպէս ֆիլմի ցուցդրութենէն անդին անցնող երեւոյթ: Խօսքը կը վերաբերի ե՛ւ Ցեղասպանութեան էն առաջին զանգուածային վկայութիւնը հանդիսացող 1919-ի Ravished Armenia, կամ Auction of Souls, ֆիլմի մնացորդացի փրկութեան մէջ Էտուարտօ Քոզանլեանի կեդրոնական դերակատարութեան, ե՛ւ Արշալոյս Մարտիկանեանի պատգամի այժմէականութեան հնչեղութեան մէջ հայաշխարհի այս շրջաններու ակտիւութեան՝ 1965-ին Ուրուկուայի Խորհրդարանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման առաջին օրէնքէն մինչեւ, բառացի, ներկայ օրեր:
Քոզանլեան անցեալ տարուայ Նոյեմբերին արդէն ներկայացուցած էր Մարտիկանեանի գիրքի սպաներէն թարգմանութիւնը, ուր կը պատմէ նաեւ ֆիլմի պատառիկներու յայտնաբերման անխոնջ ճիգին մասին: Գիրքի ներկայացման ժամանակ ցուցադրուեցաւ Սահակեանի ֆիլմին թրէյլըր-ը:
Ինչ որ, սակայն, 19 Հոկտեմբերի ֆիլմի ցուցադրութեամբ յատուկ հնչեղութիւն տուաւ Մարտիկանեանի պատգամի այժմէականութեան ՝ Հայաստանի մէջ նկարահանուած երկու արժանթինցիներու ողջոյնի խօսքերն էին հանդիսատեսներուն, համայնքին, Սփիւռքին եւ հայութեան ընդհանրապէս: Առաջինը՝ Միջազգային Քրէական Ատեանի առաջին դատախազ, իրաւագէտ Լուիս Մորենօ Օքամփոյին խօսքն էր, երկրորդը՝ ցեղասպանագէտ Լենքինի անուան հիմնարկի հիմնադիրներէն Իրենէ Մասսիմոյինը: Երկուքն ալ նշեցին որ ֆիլմը պէտք է վերանորոգէ Ցեղասպանութեան կանխարգելման յանձնառութիւնը որովհետեւ Արցախի հայաթափման եւ բռնի տեղահանման փաստով անոր սպառնալիքը այսօր առկայ է Հայաստանին համար:
Արշալոյս Մարտիկեան երեւոյթը Հայ Դատի աշխատանքներու մտաւորական/ակադեմական ոլորտին մէջ շատ հարուստ վերլուծական մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանայ: Անոնցմէ ամենէն ընթացիկը Մարտիկանեանի նմանացում/համեմատումն է Էնն Ֆրանքի պարագային հետ -վերլուծական մեկնաբանում մը որ հեռու է սպառած ըլլալէ… Սահակեանի ֆիլմը առիթ կու տայ Մարտիկանեանի երեւոյթը մեկնաբանելու նաեւ որպէս Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման Սփիւռքեան յանձնառութեան նախընթացը, թէկուզ եւ ո՛չ իրաւագիտական յղացքը բանաձեւուած ըլլար այն ժամանակ, ո՛չ ալ Սփիւռք որպէս այդպիսին կազմաւորուած ըլլար:
Այս մեկնաբանութեան վերլուծական քննարկումն ու բանավէճի կարգով խորհրդածութիւնը առանձին նիւթ է: Հոս զայն կ’արձանագրենք միայն ի լուր Մարտիկանեանի պատգամին այժմէականութեան՝ Մորենօ Օքամփոյի եւ Մասսիմոյի զգուշացման հետեւումով. Ցեղասպանութիւնը կը մնայ սպառնալիք, պէտք է զգաստ ըլլալ կանխարգիլման համար: Պիտի աւելցնել՝ Ցեղասպանութեան ուրացումն ալ կը մնայ սպառնալիք:
Ֆիլմի ցուցադրութեան ժամանակ խօսք առաւ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Թապաքեան, որ ելոյթի աւարտին Aurora’s Sunrise-ի պատգամին ականջալուր ներկաներուն, համայնքին, Սփիւռին եւ հայութեան ընդհանրապէս տեղեկացուց որ հայաշխարհի այս ծայրամաս պիտի այցելէ Սփիւռքի Գործերու Յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, «ան որ այս տարի կասկածի տակ դրաւ Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայերու թիւը:» Պատմական ճշմարտութեան համար պայքարը չէ աւարտած, շեշտեց Թապաքեան:
Թերեւս Սինանեան Արժանթինի մէջ սորվի թէ ի՛նչ կը նշանակէ ¡Nunca Más!, և հեռու մնայ Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան այլընտրանքային մեկնաբանութիւններու ժխտողականութեան ջաղացքին ջուր լեցնելէ: Ինչպէս ըրաւ անցեալ Ապրիլ 24-էն օրեր առաջ, ձայնակցելով ՔՊ-ական պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանին, որ առաջարկեց ցանկագրել Ցեղասպանութեան զոհերուն մասին ամբողջական տեղեկագրութիւնը իմանանալու համար ճիշդ թիւը: Այնպէս ինչպէս Թուրքիա ըրած էր դեռեւս 1960-ականներուն, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջատիրութեան էն սկիզբին, փորձելով ժխտողականութեան ընթացիկ մարտավարութիւններէն մէկը: Թէկուզ եւ այդ յանձնարարութիւնը Փաշինեանը ըրած ըլլայ Անդրանիկ Քոչարեանին, թէ իրեն անձնապէս:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան
Comments are closed.