Կեանքէն Հեռացաւ Ֆրանսահայ Վաստակաշատ Երաժշտագէտ, Յօրինող Եւ Խմբավար Կարպիս Ափրիկեանը
Ֆրանսայի մէջ կեանքէն հրաժեշտ առած է վաստակաշատ երաժշտագէտ, յօրինող ու խմբավար Կարպիս Ափրիկեանը, 98 տարեկանին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ» թերթը։
խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի տասնամեակներու վաստակը անկարելի է ամփոփել քանի մը սեղմ տողերու մէջ։ Հոս պիտի գոհանանք միայն յիշեցնելով, թէ անոր անունը եւ յիշատակը անքակտելի պիտի մնան «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբէն, որուն խմբավարութիւնը ստանձնած էր երկար տարիներ եւ մա՛նաւանդ զայն հասցուցած էր այն բարձունքին, որուն վրայ անիկա կը գտնուի այսօր։ Ափրիկեանի անունը պիտի յիշատակուի նաեւ «Սասունցի Դաւիթի Ծնունդը» դիւցազներգութեամբ՝ իր ամէնէն կարեւոր յօրինումը, ի շարս այլ բազմաթիւ ստեղծագործութիւններու։
Յիշեցնենք, թէ տակաւին քանի մը օր առաջ, Փարիզի քաղաքապետարանը իր հեղինակաւոր «Վերմէյլ» շքանշանով պարգեւատրած էր վաստակաշատ վարպետը։
Կարպիս Ափրիկեան (1926, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս – 15 Հոկտեմբեր 2024, Մալակոֆ) ֆրանսահայ երաժշտահան, խմբավար, Փարիզի «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի երկարամեայ ղեկավար։ 57 տարի իր ուսերուն վրայ կրած է «Սիփան-Կոմիտաս»ը եւ հասցուցած է անհամար երգիչներ, յօրինած է երգեր, օրաթորիօներ:
Comments are closed.