Լուսապայծառ օր մը ազատ անկախ տեսնենք մեր հողերը պապենական…
ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը 30 նոյեմբեր, 2013-ին, մասնակցեցաւ Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երիտասարդականի
խորհրդաժողովին` Տիարպէքիրի մէջ:
Պատուիրակութեան անդամներն էին Ռուբէն Ճանպազեան եւ Սարգիս
Տեկիրմենճեան` Հայաստանէն:
Խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւիրուած էին Ընկերվարական
երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ կազմակերպութիւնները:
ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները իրենց կոչը ուղղեցին ներկաներուն`
նախ հայերէնով, ապա` թրքերէնով:
Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Առաջին հերթին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւններու անունով, կ՛ողջունենք «Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան Երիտասարդական Խորհուրդին անդրանիկ խորհրդաժողովը: Մեծ պատիւ կը զգանք ըլլալու այստեղ՝ Ամէտ, Տիգրանակերտ. Քաղաք մը որ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին համար ունի պատմական խոր եւ մեծ նշանակութիւն:
20-րդ դարու սկիզբը, Օսմանեան Կայսրութիւնը կազմակերպեց եւ իրագործեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին մէկ ու կէս միլիոն հայեր: Ցեղասպանութիւն մը, որ Թուրքիոյ նորաստեղծ պետութիւնը շարունակեց, ու երբեք չ՛ընդունեց. Ցեղասպանութիւն մը, որուն հետեւանքով տեղահանուեցաւ եւ սփիւռքացաւ հայ ժողովուրդը: Այս տարիներուն ընթացքին էր նաեւ, որ հայ-քրտական պատմութեան տխրագոյն էջերը գրուեցան:
Երբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուեր Արեւմտահայաստանի մէջ, Մայիս 28, 1918-ին, Հայոց Ազգային Խորհուրդը յայտարարեց Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութիւնը, որպէսզի հայ ժողովուրդը ապրի ազատ եւ անկախ իր սեփական հայրենիքին մէջ։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավարած՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տարիներուն, Քրտական բնակչութեան տրուեցաւ քաղաքական եւ ընկերային ամբողջական իրաւունքներ. Հայաստանի ազգային ժողովին իբրեւ պատգամաւոր, ընտրուեցաւ Քիւրտ ներկայացուցիչ մը, հայոց բանակը ունեցաւ Քիւրտ սպաներ, որոնք կազմակերպեցին ու կազմաւորեցին Քրտական կամաւորական գունդեր, եւ այլ բնագաւառներու մէջ քիւրտ բնակիչներուն տրուեցաւ ազատութիւն եւ լայն իրաւասութիւններ: Թէեւ հայոց առաջին Հանրապետութեան անկախութիւնը եղաւ կարճատեւ, միայն երկու ու կէս տարիներ, սակայն ազատ ու անկախ ապրելու ոգին միշտ կենդանի մնաց Սփիւռքի եւ հայրենիքի ժողովուրդի սրտերուն մէջ։
1920-ական եւ 30-ական թուականները կը նկատուին հայ-քրտական միջ յարաբերութիւններու ամէնէն աշխոյժ եւ փայլուն տարիները: Տերսիմի, ու մանաւանդ Արարատի շրջանի Քրտական յեղափոխութիւններու ընթացքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մեծապէս օժանդակեց Քրտական ազգային շարժումին, տալով Քիւրտ ազատամարտիկներու եւ ժողովուրդին բարոյական հսկայ աջակցութիւն՝ մանաւանդ Քրտական «Հոյպուն» կազմակերպութեան:
Այս օրերուս, Միջին Արեւելքը շատ հետաքրքրական եւ յարափոփոխ անկիւնադարձի մը դիմաց կը գտնուի: Շրջանի արհեստական սահմանները վերափոխուելու հսկայական ճնշման տակ կը գտնուին, իսկ Քիւրտ համայնքը այս խառնակ դրուածքին եւ փոփոխութեան կիզակէտը կը կազմէ: Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու իր բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը հետաքրքրուած է այս փոփոխութիւններով ու մեծապէս կրնայ օգտակար եւ զօրաւիգ դառնալ այս գործընթացին: Հայ-քրտական համաշխարհային նոր զինակցութիւնն ու համագործակցութիւնը հիմնուած փոխադարձ յարգանքի վրայ կրնայ մեծապէս օժանդակել մեր երկու ժողովուրդներու իտէալներուն եւ ընդհանուր շահերուն իրականացմանը, հաստատ այն համոզումով որ յետագային ան կրնայ ճամբայ բանալ աւելի յառաջդիմական եւ բոլորին կողմէ ընդունուած կայուն Միջին Արեւելքի մը:
Սիրելի ընկերներ եւ ընկերուհիներ,
Մենք պէտք է մեր պատմութեան էջերը զարդարող քաջագործութիւններէն օրինակ առնենք եւ գործուած սխալները երբեք չկրկնենք։ Չհանդուրժենք մեր դէմ ցցուած անարդարութիւններուն, ու երբ արտաքին ուժեր փորձեն մեր մէջ թշնամութիւն ստեղծել՝ մէկ բռունցք դառնանք, վասն մեր անկախ հայրենիքներու տենչերուն եւ վասն մեր ժողովուրդներու յաւերժութեան:
Անգամ մը եւս, մեծապէս կը շնորհաւորենք Ձեր անդրանիկ խորհրդաժողովը: Մեծ պատիւ կը զգանք Ձեզի հետ գտնուելով մեր պապենական հողերուն վրայ: Այս պահուն, թող մեր նախահայրերու անյաղթ կամքն ու նուիրումը վարակիչ դառնայ մեր սերնդակիցներու հոգիներուն մէջ, եւ լուսապայծառ օր մը ազատ անկախ տեսնենք մեր հողերը պապենական: