Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի երիտասարդական համաժողովը կայացաւ Լոնտոնի մէջ

2024 թ. Հոկտեմբեր 4-6 Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի երիտասարդական համաժողովը, որ նախաձեռնութիւնն էր Հ.Յ.Դ. Լոնտոնի Խանասոր Երիտասարդական Միութեան:

Համաժողովին մասնկցեցան Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւններու անդամ աւելի քան 60 երիտասարդներ, 7 երկիրներէ՝ Կիպրոս, Յունաստան, Հոլանտա, Պելճիքա, Ֆրանսա, Շուէտ եւ Անգլիա:

Համաժողովի բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ Լոնտոնի Նաւասարդեան Կեդրոնէն ներս, որուն ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Երիտասարդական հարցերու պատասխանատու ընկեր Յովսէփ Տէր Գէորգեանը: Ան ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ կացութեան եւ երիտասարդութեան դերակատարութեան մասին:

Զանազան ելոյթներով եւ աշխատանոցներով խորհրդաժողովին մասնակցեցան՝ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ Ընկեր Գասպար Կարապետեան, Հ.Յ.Դ. Անգլիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ընկերուհի Անէթ Մոսկոֆեան, Հ.Յ.Դ. ԱՄՆ Հայ Դատի Ուաշընկթոնի Գրասենեակի գործադիր տնօրէն Ընկեր Արամ Համբարեան եւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի հանրային կապերու պատասխանատու եւ Ը.Ե.Մ.Մ.-ի փոխ նախագահ Ընկերուհի Սարինէ Աբրահամեան:

Համաժողովին ընթացքին երիտասարդները ծանօթացան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի գործունէութեան եւ առիթ ունեցան աշխատանոցներու եւ գործնական վարժութիւններու ճամբով առաջարկութիւններ ներկայացնելու: Զրոյցներ եղան երիտասարդութեան գործունէութեան եւ քաղաքական դերակատարութեան մասին, կեդրոնանալով՝ Հայաստանի հզօրացման, Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի եւ հայ դատի նպատակներու իրականացման նպաստող աշխատանքներու վրայ: Հարկ է նշել որ շաբաթ Հոկտեմբերի 5-ին խորհրդաժողովի մուտքը ազատ էր բոլոր Լոնտոնահայ երիտասարդներուն համար, անոնք մեծ թիւով իրենց մասնակցութիւնը բերին, ծանօթացան տարուող աշխատանքներուն եւ առաջարկներ փոխանցեցին:

Համաժողովը իր աւարտին հասաւ ընկերային մթնոլորտով եւ ազգային եւ յեղափոխական երգերու հանդէսով:

Յաջողութիւն կը մաղթենք Եւրոպայի մէջ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւններու գործունէութեան, որոնք այս համաժողովին ընդմէջէն վերանորոգեցին իրենց պատրաստակամութիւնն ու ամբողջական նուիրումը Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ հայութեան ու մասնաւորաբար արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար տքնաջան պայքարին:

Comments are closed.