Անշիրիմ նահատակներու յիշատակը անմահացնող յուշակոթող Թորոնթոյի մէջ. «Հորիզոն», 19 Դեկտեմբեր 1983

«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ: Ստորեւ կը հրապարակենք Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի կանգնեցման մասին Յուշակոթողի յանձնախումբին յայտարարութիւնը.

Սրբազան Դատին, պայքարին, բայց մանաւանդ մեր վերապրելու վճռակամութեան վերահաստատումը հանդիսացող խորհրդանիշ
Կը կանգնեցնենք այս Յուշակոթողը, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ։

Տեղական եւ հայկական մամուլին մէջ յայտարարած մրցանքէն ետք, ներկայացուած նախածրագիրներէն ընտրած ենք միջազգային համբաւ վայելող արձանագործ Արթօ Չաքմաքճեանի ներկայացուցած գործը։

Չորս մեթր բարձրութիւն ունեցող պրոնզէ այս յուշակոթողի աշխատանքները սկսած են արդէն։ Բացումը տեղի պիտի ունենայ 1984-ի Ապրիլեան ոգեկոչումներու հանդիսութիւններուն ընթացքին։

Կը հաւատանք, որ համայն հայութեան աջակցութեամբ կառուցուող այս յուշարձանը պիտի խանդավառէ եւ ներշնչէ օտարութեան մէջ ապրող հայ գաղութները։

ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

1 Դեկտեմբեր 1983, Թորոնթօ

Comments are closed.