«Կիրակնօրեայ դպրոցները ինքնանպատակ չեն, անոնք հայապահպանութեան օճախներն են». Դանիական Հայկական Բարեգործական Առաքելութիւն Կազմակերպութեան վարիչ տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեան

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան հրաւէրով, Դանիական Հայկական Բարեգործական Առաքելութիւն Կազմակերպութեան վարիչ տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեան վերջերս կը գտնուէր Գանատա, ուր իր հեղինակութեամբ ընթացքի մէջ են Գանատայի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու յատուկ դասագիրքերու պատրաստութիւնը: Այս առթիւ «Հորիզոն»ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին ան շեշտեց, թէ դասագիրքը համակարգ ստեղծող իրողութիւն է: «Դասագիրքը դաստիարակութիւնը ի մի բերող, համախմբող, միանմանութիւն ու միատարրութիւն ստեղծող կարեւոր գործօններէն մէկն է», ըսաւ ան:

Գաբուճեան, որպէս դանիական նշեալ կազմակերպութեան վարիչ տնօրէն, նախ անդրադարձաւ, թէ այն 20 տարիներու հիմնադրութիւն ունեցող կազմակերպութիւն է, որուն ակունքը մինչեւ 1920-ական թուականներ կ’երթան: «Այստեղ պարտք կը զգամ իմ երախտագիտութիւնս յայտնելու դանիացի ժողովուրդին, որ Ցեղասպանութենէն ետք Մերձաւոր Արեւելքի թէ Յունաստանի մէջ, բարենպաստ ու մարդասիրական մեծ գործունէութիւն ծաւալեց, ինչպէս՝ Մարիա Եագոպսոնը Լիբանանի մէջ եւ Քարէն Եփփէն՝ Հալէպի մէջ», ըսաւ ան, ապա շեշտեց, թէ ամէնէն կարեւորը իրենց մտայղացումն էր արհեստակցական հայ միութիւն մը ստեղծելու, որպէսզի Ցեղասպանութենէն փրկուած մեր զաւակները մուրացկանութեամբ չզբաղին կամ նպաստընկալ կարգավիճակի մէջ չմնան, այլ արհեստներ սորվին, որպէսզի ինքնաբաւ դառնան:

«Կազմակերպութեան հիմնական նպատակն էր սատարել հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանութեան», յայտնեց ան եւ աւելցուց, թէ վերջին տասնամեակին կազմակերպութիւնը առաւելաբար պարապեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցներու հիմնադրութեամբ, որոնք հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան նպաստող եւ մեր ընկերութեան հոգեւոր-բարոյական կեանքին զարկ տուող կառոյցներ են: «Այսօր Հայաստանի 4 մարզերու մէջ կիրակնօրեայ դպրոցներ ունինք. Արագածոտնի մէջ ամէնէն շատն են, որովհետեւ հոնկէ սկիզբ առած է այս գործունէութիւնը, Արթիկի մէջ, որ Շիրակի մարզին կը պատկանի, Տաւուշի մարզի Իջեւան քաղաքին եւ Բերդի տարածաշրջանին մէջ: Հայաստանի մէջ մեր հովանաւորութեան ներքոյ կը գործեն մօտ 26 կիրակնօրեաներ», ըսաւ Գաբուճեան: Ան յայտնեց նաեւ, թէ երբ ինք ստանձնած է գործադիր տնօրէնի պաշտօնը, Արցախի մէջ ունէին մէկ կիրակնօրեայ դպրոց: «Յաջորդ տարին ես մեր Հոգաբարձական խորհուրդին դիմեցի, որ Արցախի մէջ եւս զարկ տանք կիրակնօրեաներուն: Անոնք անմիջապէս ընդառաջեցին եւ այնուհետեւ 2 կիրակնօրեաներ աւելցան Արցախի մէջ: 2023 թուականին 3 հատ կիրակնօրեայ դպրոց եւս հիմնուեցան հոն, ուր Սեպտեմբեր 16-ին առաջին դասերը ըրին, ապա դժբախտաբար յաջորդ օրն իսկ գաղթի ճամբան բռնեցին: Այսպիսով մենք Արցախի մէջ ունէինք 6 կիրակնօրեայ դպրոցներ», ըսաւ ան:

Գաբուճեան անդրադարձաւ Արցախէն տեղահանուած կիրակնօրեայի սաներուն եւ ուսուցիչներուն հաւաքագրման աշխատանքներուն եւ յայտնեց, թէ հիմա աւելի քան երբեք կարիքը կը զգացուի կիրակնօրեայ դպրոցներուն, որովհետեւ «եթէ մենք չհաւաքագրենք այս մարդիկը, աղանդաւորները իրենց թաթը պիտի դնեն տեղահանուած ժողովուրդին վրայ, որովհետեւ իրենց հիմնական թիրախը թշուառ եւ դժբախտ հասարակութիւններն ու ընկերութիւններն են», ըսաւ ան:

Տեղահանութենէն 15 օր ետք, Հոկտեմբերին արդէն սկսած են գործել կիրակնօրեայ դպրոցները արցախցիներուն համար: «Դժուարութիւնը այն էր,- ըսաւ ան,- որ մարդիկ տարտղնուած էին, եւ զանոնք հաւաքելը՝ դժուար, բայց անոնք որոնք մօտ էին Երեւանի եւ Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքին, կրցանք ի մի բերել: Նոյնն է պարագան նաեւ Տաւուշի Իջեւան քաղաքին. այսպիսով Արցախի մեր 6 կիրակնօրեայ դպրոցներէն գոնէ 5-ը յաջողեցանք վերակազմակերպել, որոնք իսկապէս Աստուածային օրհնութիւն եւ բարիք եղան ոչ միայն երեխաներուն համար, այլ նաեւ անոնց ծնողներուն»:

Դանիական այս կազմակերպութիւնը ունի նաեւ հաշմանդամ երեխաներու յատուկ 2 ծրագիրներ, որոնք կը կոչուին «Լոյս մանկանց» եւ «Իմ մոլորակը»: «Երեխայ, որ կ’ըսեմ փոքրեր չեն, այլ չափահասներ, որոնք մանկական ուղեղային կաթուած ունեցած են եւ իրենց տարիքին համաձայն իրենց շարժուձեւերն ու կենցաղը շատ մանկական է: Մենք ունինք հոգեբաններ, որոնք այս խումբին հետ հոգեբանական վարժութիւններ, խաղեր, նոյնիսկ թատրոն կ’իրականացնեն: Ինչքան իրենց համար կեանքը դժուար է, նոյնքան աւելի դժուար է նաեւ իրենց ծնողներուն համար. մենք հոգեբանական աջակցութիւն կը ցուցաբերենք այդ ծնողներուն եւս, հիմնուելով Աստուածաշունչին վրայ», կը նշէ տնօրէնը:

Անդրադառնալով հայ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներուն, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, որոնք սկսած են գործել Հայոց Ցեղասպանութենէն քանի մը տարի ետք, Գաբուճեան յայտնեց. «Ամենահեռատես ընտրութիւնն էր, որ այդ օրերուն ՆՍՕՏՏ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ աթոռակից ՏՏ Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Կաթողիկոս կատարեցին: Հեռատեսութեան ամենաճշմարտացի, վաւերական որոշումն էր, զոր կատարեցին անոնք: Ցեղասպանութենէն հազիւ դուրս եկած, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, Լիբանան թէ Սուրիա, հայոց հայրապետները ո՛չ մտածեցին տաճար կառուցելու, ոչ ալ շքեղ վեհարան ունենալու մասին, այլ իրենց հիմնական մտահոգութիւնը եղաւ դպրոց բանալ, դպրոցներուն զարկ տալ, նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը հիմնել, որովհետեւ իմաստուն կերպով անոնք գիտակցեցան, որ նոր սերունդի ուժականութիւնը դպրոցներով պիտի վերականգնի. եւ որովհետեւ դպրոցները պետական ծրագիր պիտի իրականացնեն, եւ գուցէ շատ տեղ չտրուի Աստուածաշունչին ու հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, մտածուեցաւ հիմքը դնել կիրակնօրեայ դպրոցներուն»:

Կազմակերպութեան տնօրէնը յիշեց, թէ ինք՝ գաղթական մեծ մայրերու եւ մեծ հայրերու թոռնիկ, կիրակնօրեայի աշակերտ եղած է, Պէյրութի մէջ, մայրն ալ եղած է կիրակնօրեայի ուսուցչուհի: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ իր հայրենասիրութիւնն ու Հայաստանեայց հայ եկեղեցւոյ հանդէպ իր նուիրումը իր ընտանիքէն բացի, դպրոցի որոշ ուսուցիչներէ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներէն փոխանցուած են իրեն: Ան ցաւօք սրտի անդրադարձաւ ներկայ իշխանութեան կրթական ծրագիրէն հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն նիւթին զանցառման եւ աւելցուց. «Այս պարագային աւելի պիտի կարեւորուի կիրակնօրեայ դպրոցներուն դերակատարութիւնը: Ինչքան ալ մենք ունինք գաղափարական, քաղաքական, մշակութային, մարզական եւ կրթական կազմակերպութիւններ, որոնք հայապահպանման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին, կիրակնօրեային ես հսկայ կարեւորութիւն կ’ընծայեմ, որովհետեւ առանց բարոյական փոխյարաբերութեան սկզբունքներու ես առողջ ընկերութիւն չեմ կրնար պատկերացնել: Այս բարոյական սկզբունքները փոխանցողը եկեղեցին է եւ եկեղեցւոյ միջոցաւ նաեւ մասնաւորաբար կիրակնօրեաները»:

Խօսելով Գանատա իր այցելութեան մասին, Գաբուճեան լուսաբանեց, թէ հանդիպած է Լաւալի, Մոնթրէալի, Գեմպրիճի եւ Թորոնթոյի կիրակնօրեայ դպրոցներուն ուսուցիչներուն հետ, նկատի առած որ ամառնային շրջան է եւ աշակերտները արձակուրդի մէջ են, հետեւաբար առիթ չէր ունեցած աշակերտներուն հետ շփուելու: Ան մեծ գնահատանքով արտայայտուեցաւ ուսուցիչներուն նուիրուածութեան եւ կամաւորաբար ծառայութեան առնչութեամբ: «Համայնքը բաւական մեծ թիւ կը ներկայացնէ, ըլլայ Քեպէգի մէջ կամ Թորոնթոյի, բայց աշակերտութեան թիւի համեմատութիւնը այն չէ, ինչպէս որ պէտք է ըլլայ: Այս երեւոյթը միայն Գանատայի չի վերաբերիր անշուշտ, այլ գրեթէ ամէն տեղ այդպէս է պատկերը: Ասիկա կու գայ քիչ մը մեր ժողովուրդին եւ ծնողներուն անհոգութենէն եւ անտարբերութենէն, որովհետեւ Առաջնորդը, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի պատասխանատուներն ու ուսուցիչները չեն, որոնք զարկ պիտի տան կիրակնօրեաներուն, այլ ծնողները, գաղութի պատասխնատուները իրենք շահագրգռուած պիտի ըլլան, որովհետեւ հայ ժողովուրդի գոյութեան պայքարին մէջ մեծ տեղ ունի եկեղեցին, իր կառոյցներով եւ մանաւանդ կիրակնօրեայ դպրոցներով», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Կիրակնօրեաները ինքնանպատակ չեն, այլ անոնք հայապահպանութեան գոյապայքար կը մղեն եւ ամէնէն կարեւորը՝ եթէ ընտանիքները չհաշուենք, բարոյական սկզբունքներ փոխանցող մեր օճախներն են անոնք, հետեւաբար աչքի լոյսի պէս պէտք է պահել եւ մեծ ուշադրութիւն կեդրոնացնել անոնց վրայ»: Գաբուճեան կ’ըսէ, թէ գիտելիքը փոխանցելը բաւարար չէ, այլ ոգի պիտի տրուի. խանդավառուիլը շատ լաւ բան է, բայց նոյնպէս բաւարար չէ, որովհետեւ եթէ խանդավառուինք բայց ձեռնածալ մնանք, յաջորդ քայլը մեզ անտարբերութեան կը տանի:

Գալով դասագիրքերուն պատրաստութեան, Գաբուճեան ըսաւ, թէ պատիւ կը զգայ, որ Թեմի առաջնորդութիւնը, յանձինս Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, իրեն վստահեցան այս գործը: «Այս դասագրքերը 3 տարիներու կտրուածքով պատրաստեցինք, 6-7 տարեկաններու, 8-9 եւ 10-11: Ես կը հաւատամ համակարգուած աշխատանքի, եւ դասագիրքը համակարգ ստեղծող իրողութիւն է, որ միատարրութիւն պիտի ստեղծէ, միանմանութիւն: Դասագիրքը դաստիարակութիւնը ի մի բերող, համախմբող կարեւոր գործօններէն մէկն է» յայտնեց ան:

Ան յարեց, թէ կարճ պատմութիւններ նկատի առնուած են առաջին դասագիրքին համար, որուն հետ կայ նաեւ աշխատանքային բաժին մը, որպէսզի երեխան մտածելու մղուի: Հիմնական շեշտը այս դասագիրքերուն մէջ Աստուածաշունչին վրայ դրուած է: Խաղերու տետրակ ալ պատրաստուած է, որ իւրաքանչիւր դասի հետ կապուած հոգեւոր եւ հոգեբանական խաղեր կը բովանդակէ, որպէսզի կարելի ըլլայ զարգացնել նաեւ երեխային հոգեկան աշխարհը, եւ որ պիտի նպաստէ նիւթի ընկալման: Դասագիրքերուն կողքին պատրաստուած է 3-րդ կարեւոր բաժին մը, որ ուսուցիչին ուղեցոյցն է, ըստ որուն իւրաքանչիւր դասին մանրամասն բացատրութիւն կը տրուի ուսուցիչին, որպէսզի ուսուցիչը այնպէս մը զինուի, որ կարենայ աշակերտներուն բոլոր հարցերուն հիմնաւոր կերպով պատասխանել:

2-րդ խումբը դարձեալ նոյն կազմը ունի՝ դասագիրք, խաղատետր եւ ուղեցոյց, որոնց մէջ այս պարագային Աստուածաշունչին կողքին, տարիքի համաձայն, այլ թեմաներ ներառուած են: 3-րդը կ’ընդգրկէ նաեւ հայ եկեղեցւոյ սպասները, ծէսը, նուիրապետութիւնը, հայ եկեղեցւոյ սպասաւորները, բարոյական եւ բարոյագիտական հարցեր, դաւանանքի մասին իրազեկում եւայլն: Այս 3 գիրքերը սերտելով երեխան ծայրէ ծայր Աստուածաշունչին տեղեակ կ’ըլլայ:

Ան յայտնեց, թէ առաջին դասագիրքը անցեալ տարուընէ պատրաստ էր եւ որոշ դպրոցներու մէջ արդէն կը կիրարկուէր: 2-րդն ու 3-րդը իրենց վերջնական փուլին մէջն են եւ շուտով՝ Սեպտեմբերին կը տրամադրուի դպրոցներուն:

Նշենք, որ Գաբուճեան Գանատա ժամանած էր Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան հրաւէրով, ուր, դասագիրքերու պատրսատութեան կողքին, Կրօնական ժողովին կազմակերպած ժողովրդային զրոյցին պատգամաբերն էր, եւ որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ կրօնքի կարեւորութեան՝ մեր ժողովուրդի եւ ընկերութեան տարբեր բնագաւառներու առնչուած հոգեբանական, ընկերային, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային արդի խնդիրներու ոլորտներու մէջ: «Իմ պատգամս է քրիստոնեայ մնալ, Աստուածաշունչ կարդալով: Աստուածաշունչը մեր կեանքի գիրքն է. բնաւ չմտածենք, որ անհասկնալի բաներ կան հոն. ճիշդ է, որ խորհրդաւորութիւն կայ անոր տողերուն մէջ, բայց եթէ շարունակենք Աստուածաշունչ կարդալ, նոյնինքն Աստուածաշունչի յաջորդ էջերը մեր հարցումներուն բոլոր պատասխանները կու տան» ըսաւ ան, ապա եզրակացուց ըսելով. «Երբ կ’աղօթենք, Աստուած կը լսէ մեզի, իսկ երբ Աստուածաշունչ կարդանք, Աստուած կը խօսի մեզի հետ: Մենք պէտք է Աստուածաշունչի իմաստութեան ականջալուր ըլլանք, որովհետեւ մեր ժողովուրդի բարոյական կեանքի հոգեւոր եւ նոյնիսկ ֆիզիքական կեանքի գոյապայքարին հիմքերէն մէկն է այն»:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»

Comments are closed.