ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան դպրոց-բանակումը

Հորիզոն», 28 Հոկտեմբեր 1981

«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ. ստորեւ կը հրապարակենք 1981-1982 տարեշրջանի ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Ա. դպրոց բանակումի թղթակցութիւնը.

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան դպրոց-բանակումը դաստիարակիչ եւ հետաքրքրական

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի 1981-82 տարեշրջանի Ա. դպրոց-բանակումը, որ տեղի ունեցաւ 10, 11, 12 Հոկտեմբերի շաբաթավերջին Քեպէգի Անտըրսըն բանակավայրին մէջ, յաջողութեամբ վերջ գտաւ, 44 ընկեր-ընկերուհիներու մասնակցութեամբ։

Ուրբաթ, 8 Հոկտ. երեկոյեան ժամը 9։00-ին, սկսաւ բանակումը, մասնակցութեամբ Մոնթրէալի Լեւոն Շանթ, Թորոնթոյի Սիմոն Զաւարեան, Գէմպրիճի Արամ Մանուկեան եւ Համիլթընի Յառաջ ուխտերուն (կը բացակայէին երկու մասնաճիւղեր՝ Վանգուվըր եւ Սենթ Գաթրինզ)։ Կ. վարչութեան քարտուղարեւ դպրոց-բանակումի ընդհանուր պատասխանատուն էր ընկ. Յակոբ Պուլկարեան, ՀՅԴ ԿԿ-ի երիտասարդականի ներկայացուցիչն էր ընկ. Վաղարշ Էհրամճեան։

Շաբաթ առաւօտ ժամը 8։00-ին, տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն։

Առաջին դասախօսութիւնը փոխանցեց ընկ. Վաղարշ Էհրամճեան, ապա՝ ընկ. Վրէժ-Արմէն Արթինեան։

Կիրակի օր նկատի առնուած էին մէկ դասախօսութիւն-զրոյց եւ ինքնապաշտպանութեան դաս-փորձեր։ Դասախօսութիւն-զրոյցը վարեց ընկ. Զարեհ Սուրուզեան, ինքնապաշտպանութեան ուսուցիչն էր՝ Ճոնի Սիամ (Մոնթրէալէն, երրորդ կարգի սեւ գօտիով վկայուած)։

Կիրակի երեկոյեան բանակավայր այցելեցին ընկ.ներ Խաչիկ Յակոբեան եւ Հրաչ Մանուկեան, ուր, երեկոյեան դրօշակի արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ ընկ. Խաչիկ Յակոբեանեւ ըսաւ. «պէտք չէ յուսալքուինք, այլ յարատեւ պայքարինք, մինչեւ այն օրը, երբ Եռագոյնը միակ դրօշը կÿըլլայ ծածանող մեր գլուխներուն վերեւ»։

Տեղի ունեցաւ խրախճանք, խարոյկի շուրջ։

Կիրակի օր տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն։ Դասախօսն էր ընկհ. Շաքէ Մինասեան։ Խօսք առաւ ԿՎ-ի ատենապետ ընկ. Վիգէն Սարգիսեան։

Վ.Ս.

Comments are closed.