«Հորիզոն»ի 45-ամեայ էջէրէն. Գեմպրիճը պիտի օժտուի իր կեդրոնով
«Հորիզոն», 10 Օգոստոս 1981
Գեմպրիճի նոր Կեդրոնը
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ. ստորեւ կը հրապարակենք Գեմպրիճի սեփական կեդրոնով օժտուելու լրատուութիւնը.
«Հորիզոն», 10 Օգոստոս 1981
Նոր Հայ կեդրոն մը եւս պիտի գայ աւելնալու գանատահայ գաղութէն ներս, երբ Գեմպրիճի շրջանը պիտի օժտուի իր սեփական կեդրոնով, սատարելու համար շրջանի բազմազան կարիքներուն։
Վերջերս, 18 Յունիս 1981-ին, Գեմպրիճի քաղաքապետարանը վաւերացուց 3 հեկտար հողաշերտի մը փոխանցումը, որուն վրայ պիտի կառուցուի նոր Հայ կեդրոնը։ Արդէն նախապատրաստական աշխատանքները տարուած են եւ նախագիծը՝ պատրաստ։ Հաւանական է որ այս աշնան շինարարական աշխատանքները սկսին։
Հայ կեդրոնին համար տրամադրուած հողաշերտը մաս կը կազմէ 19 էթնիկ ազգութիւններու յատուկ «միջազգային աւան»ին, ուր ամէն մէկ ազգ իր սեփական կեդրոնը պիտի ունենայ։
Այս «միջազգային աւան»ին գաղափարը քաղաքապետարան փոխանցուած էր երկու տարի առաջ, տեղւոյն հայ պատասխանատուներուն կողմէ։
Մինչեւ օրս, Գեմպրիճի հայ գաղութը կը գործածէ վարձուած յարկաբաժին մը, իբրեւ կեդրոն։
Նորակառոյց երկյարկանի կեդրոնը պիտի պարփակէ հանդիսասրահ, գրադարան, ժողովասրահներ, գրասենեակ, տարեցներու յատուկ հաւաքայավր, աղօթատեղի եւ այլ յարմարութիւններ։
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
1900-ական թուականներէն ի վեր հայեր հաստատուած են Գեմպրիճի, Քիչընըրի եւ Կուէլֆի շրջաններուն մէջ։
«Արամ Դաշնակ Հայ Ընկերակցութիւն»ը իբրեւ կազմակերպութիւն հիմնուած է 1918-ին, Կալթի մէջ։ Ընկերակցութիւնը Օնթարիոյի կառավարութենէն իր առաջին ուխտագիրը ստացած է 1948-ին։ Ապագային, Կուէլֆի եւ Քիչընըրի գաղութներն ալ միացած են Գեմպրիճին, կազմելով «Արամ-Դրօ Դաշնակ Հայ Ընկերակցութիւնը», որ կազմուեցաւ ծառայելու շրջանի հայութեան՝ համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ։
Ինչպէս անցեալին, նոր Հայ կեդրոնը պիտի հովանաւորէ.-
– Հայ մշակոյթի ժառանգականութեան պահպանման աշխատանքները.
– Տարեցներու գործունէութիւնը.
– Մարզական եւ այլ զբօսանքի յայտագիրները.
– Հայկական վարժարանի գործունէութիւնն ու աշխատանքները.
– Երիտասարդական գործունէութիւնը։
Նոր Հայ կեդրոնին մէջ պիտի համախմբուին «Արամ-Դրօ Դաշնակ Հայ Ընկերակցութիւն»ը, որ ղեկավարն ու համադրիչը պիտի ըլլայ այս Կեդրոնին, եւ տեղական մասնաճիւղերը.-
– Հայ օգնութեան միութիւնը.
– Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը.
– ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւնը «ՀՅԴ-ԳԵՄ».
– Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը «ՀՄԸՄ»։
Նոր Հայ կեդրոնի պատասխանատուները դիմում կատարած են Օնթարիոյի մօտ, նիւթական օժանդակութեան ակնկալութեամբ։ Գեմպրիճի նոր Հայ կեդրոնը կարիքը ունի բոլորին եւ իր շրջանի հայութեան բարոյական եւ յատկապէս նիւթական օժանդակութեան, յաջողութեամբ կարենալ իրականացնելու այս կարեւոր գործը։
Լ.Պ.
Comments are closed.