Պանք Օթոմանի Գրաւման 128-Ամեակ. Պանք Օթոմանի Գրաւումը Առաջին Քայլ` Ինքնապաշտպանութենէն Յարձակողականի Անցնելու Մարտավարութեան

Ա. Մ.

Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, հայկական գաւառներուն մէջ, հայ ժողովուրդին անլուր տառապանքները հասած էին իրենց ծանրագոյն աստիճանին:

Սասնոյ 1894-ի հերոսական ինքնապաշտպանութեան ճնշումը եւ անոր յաջորդած համիտեան 1895-1896-ի համատարած կոտորածները յուսալքութեան մատնած էին ժողովուրդը:

Ազատագրական պայքարը յառաջ մղելու եւ ժողովուրդին կորովը բարձրացնելու համար անհրաժեշտ էր ինքնապաշտպանութենէն յարձակողականի անցնելու մարտավարութիւնը: Որոշուեցաւ գրաւել Պանք Օթոմանը:

Յեղափոխականներուն նպատակն էր նախ ցնցիչ հարուած մը տալ օսմանեան պետութեան, իր մայրաքաղաքին` Պոլսոյ մէջ վնասել Թուրքիոյ մէջ եւրոպական դրամագլուխի եւ սուլթան Համիտէն ու եւրոպական պետութիւններէն հայկական գաւառներուն մէջ բարենորոգումներ պահանջել:

Յեղափոխական քսանվեց անձնուրացներ 14 օգոստոս 1896-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին գրաւեցին Պանք Օթոմանը: Հրամանատար Բաբգէն Սիւնի ինկաւ դրամատան սեմին, ռումբի պայթումէն: Այնուհետեւ գործողութեան ղեկավարութիւնը ստանձնեց Արմէն Գարօ, իրեն օգնական ունենալով Հրաչը (Հայկ Թիրեաքեան):

Յեղափոխականները պատանդ բռնեցին դրամատան անձնակազմը: Դիրքեր բռնելով, անոնք ետ մղեցին իրենց վրայ յարձակող զօրքը եւ ամբոխը:

Պոլսոյ եւրոպական պետութիւններուն ուղղուած շրջաբերականին մէջ յեղափոխականները կ՛ըսէին. «Մենք գրաւած ենք, Պանք Օթոմանը եւ հոնկէ դուրս պիտի գանք, եթէ սուլթանը խոստում տայ մեր պահանջներուն գոհացում տալու եւ Հայկական հարցը յանձնելու միջազգային իրաւարարութեան մը. այլապէս դրամատունը օդը պիտի հանենք մեզի հետ»:

Նոյն ժամերուն Պոլսոյ հայկական թաղերուն մէջ ռմբային գործողութիւններ սկսան: Թուրք զօրքը եւ ամբոխը հազարաւոր հայեր սուրի քաշեցին:

Ռուսական դեսպանատան թարգման Մաքսիմով, եւրոպական դեսպաններուն անունով, դրամատունը գրաւողներուն հետ բանակցութեան մտաւ: Կէս գիշերէն ետք ժամը 1:00-ին ան յեղափոխականներուն հաւաստիացուց, որ կը խոստանայ ազդել սուլթանի կառավարութեան վրայ եւ իրագործել տալ բարենորոգումները: Ան նաեւ խոստացաւ ապահովել յեղափոխականներուն անվնաս հեռացումը Թուրքիայէն:

Յեղափոխականները 15 օգոստոսի առտուան դէմ իրենց զէնքերով դուրս ելան Պանք Օթոմանէն եւ ֆրանսական «Ժիրոնդ» նաւով Մարսէյ մեկնեցաւ:

Comments are closed.