Թուրքիա 544 Միլիոն Տոլար Յատկացուցած Է Օտար Երկիրներու Իր Համայնքները Աշխուժացնելու Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Երկու ամիս առաջ ես վերլուծական գրած էի` «Թուրքիան կ՛աջակցի արտերկրի իր քաղաքացիներուն, մինչդեռ Հայաստան կը վանէ իր սփիւռքը» վերնագիրով: Ատոր հիմքը Ապտուլլահ Պոզքուրթի` «Թուրքիան կ՛ընդլայնէ իր սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը` արտերկրին մէջ քաղաքական նպատակներու հասնելու համար» յօդուածն էր, որ հրապարակուած էր Nordic Monitor կայքէջին մէջ:

Անցեալ շաբաթ Պոզքուրթ հրապարակեց յաջորդ յօդուածը` «Թուրքիա կը պատրաստուի ուժեղացնել իր միջամտութիւնը այլ երկիրներու ներքին գործերուն` օգտագործելով թրքական սփիւռքը» վերնագիրով: Յօդուածը լրացուցիչ մանրամասնութիւններ կը ներկայացնէ թրքական կառավարութեան ջանքերուն մասին` արտերկրին մէջ գտնուող թուրք քաղաքացիներու միջոցով ներկայացուցչական խումբեր ստեղծելու համար: Ի հակադրութիւն ասոր Հայաստան կը վանէ իր սփիւռքը` ճեղքեր ստեղծելով եւ արգիլելով անոնցմէ ոմանց մուտքը հայրենիք: Հաշուի առնելով այն լուրջ ճգնաժամը, որուն մէջ կը գտնուի Հայաստան, անոր կառավարութիւնը պէտք է կարելի ամէն բան ընէ, որպէսզի գրաւէ արտասահման գտնուող հայրենակիցները` այցելելու իրենց հայրենիքը, ներդրումներ կատարելու երկրին մէջ եւ փոխանցելու իրենց գիտելիքներն ու հմտութիւնները: Սփիւռքը Հայաստանի համար արժէքաւոր գործօն է, այլ ոչ թէ` «կթան կով»:

Թրքական հզօր պետութիւնը, որ արտասահման գտնուող իր քաղաքացիներուն օգնութեան կարիքը երբեք չունի, կը սնուցանէ եւ կը հզօրացնէ իր սփիւռքը: Թուրքիոյ կառավարութիւնը 544,2 միլիոն տոլար պիւտճէ յատկացուցած է 2024-28 թուականներու համար սփիւռքի իր գործակալութեան` երկրէն դուրս գտնուող թուրքերու եւ յարակից համայնքներու նախագահութեան (թուրքերէն` YTB-ի): Անոր ռազմավարական  ծրագիրն է` «Խրախուսել աւելի ամուր հաւատարմութիւն թրքական սփիւռքի մարդոց կողմէ Թուրքիոյ նկատմամբ` Էրտողանի կառավարութեան ֆինանսական եւ այլ աջակցութեան մեծացման միջոցով»:

Պոզքուրթ բացատրած է, որ Թուրքիոյ կառավարութեան իսկական նպատակն է` «Աւելի մեծ ազդեցութիւն գործադրել եւրոպական երկիրներու ներքին քաղաքականութեան վրայ` աշխուժօրէն աջակցելով թրքական եւ մահմետական համայնքներուն` իրենց քաղաքական ներգրաւուածութեան մէջ, ինչպէս յայտնած է կառավարութեան սփիւռքի գործակալութեան ղեկավարը խորհրդարանական յանձնաժողովի առջեւ վկայութիւն տալու ժամանակ»: YTB-ի ղեկավար Ապտուլլահ Էրեն 17 յուլիսին թրքական խորհրդարանին մէջ ըսած է, որ` «Կրնամ աւելին բացայայտել դռնփակ նիստի ընթացքին, ուրկէ իր մեկնաբանութիւններու արձանագրութիւնը չի հրապարակուիր»:

Էրենի գաղտնիութեան պատճառը այն է, որ YTB-ի «կ՛աջակցին թրքական գործակալութիւններ, որոնք կ՛աշխատին սփիւռքի խումբերու հետ, օրինակ` թրքական հետախուզական կազմակերպութիւնը (MIT), Արտաքին ծառայութիւնը, «Մաարիֆ» հիմնադրամը, Կրօնական գործերու տնօրէնութիւնը (Diyanet), Եունուս Էմրէի հիմնարկը եւ Թուրքիոյ համագործակցութեան ու զարգացման գործակալութիւնը»: Նպատակն է` «Շատ աւելի թրքամէտ քաղաքական գործիչներ տեղաւորել արտերկրի քաղաքական քարտէսին վրայ»: Անոնց ջանքերը յատկապէս կեդրոնացած են Եւրոպայի մէջ, ուր կ՛ապրի թրքական սփիւռքի մեծ մասը: Վերջին տասնամեակին Էրտողանի կառավարութիւնը աջակցած է Եւրոպայի մէջ աւելի փոքր քաղաքական կուսակցութիւններու ստեղծման, յատկապէս անոնց, որոնք կ՛առաջնորդուին կրօնական օրակարգով: Անիկա աջակցած է կայացած հիմնական կուսակցութիւններու մէջ աշխատող թեկնածուներուն` ակնկալելով, որ անոնք հանդէս կու գան որպէս թրքական կառավարութեան քաղաքականութեան վստահուած մարդիկ: Այսուամենայնիւ, արդիւնքները մինչ օրս բաւարար չեն եղած, ինչ որ թրքական կառավարութեան ստիպած է խոստանալ աշխուժացնել ջանքերը` հասնելու անոր, զոր ան կ՛անուանէ ռազմավարական նպատակ»:

Ըստ YTB-ի վերահսկող խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ Սեդա Կորեն Պոլուքի, «Սփիւռքի թիրախային բնակչութիւնը մօտ 40 միլիոն է, որ բաղկացած է մօտաւորապէս 7 միլիոն թուրքերէ եւ աւելի քան 30 միլիոն մարդոցմէ` այլ երկիրներու յարակից (մահմետական) համայնքներէ: Ան խոստացած է ընել կարելի ամէն բան` լուծելու սփիւռքի խումբերուն առնչուող խնդիրները` թրքական պետութեան հզօրացման  համար»:

Համաձայն YTB-ի հարցումին, «Թրքական սփիւռքի երիտասարդներու շրջանին մէջ, որոնց թիւը կը գնահատուի մօտ 2 միլիոն, որ ներկայիս արդէն չորրորդ սերունդն է, հարցուածներու մէկ երրորդը փափաք յայտնած է աշխուժօրէն մասնակցելու եւրոպական երկիրներու քաղաքականութեան եւ աջակցիլ անոնց քարոզարշաւներուն»: Արտերկիր գտնուող թուրք երիտասարդութեան եւս մէկ երրորդը` «Մտադիր է թաքցնել իր իրական մտադրութիւնները եւ սկսիլ իր քարոզարշաւը Թուրքիոյ անունով միայն հիմնական կուսակցութիւններու մէջ առանցքային դիրքեր ապահովելէ ետք»: Վերջին մէկ երրորդը նշած է, որ քաղաքականութեան մէջ ներգրաւուելու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը զերօ է:

Թուրք երիտասարդները խրախուսելու համար` ներգրաւուելու այն երկիրներու քաղաքականութեան մէջ, ուր անոնք կ՛ապրին, Էրեն վկայակոչած է թրքական ծագում ունեցող Սերափ Կիւլերի օրինակը, որ քաղաքական գործիչ է Գերմանիա, ՔԴՄ-ի (Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն) եւ Պունտըսթակի (Գերմանիոյ խորհրդարան) անդամ` 2021-էն ի վեր: Հակառակ նախապէս Թուրքիոյ հասցէին հնչեցուցած որոշ քննադատութիւններու` Կիւլեր կապ կը պահպանէ Թուրքիոյ դեսպանատան եւ թրքական պետական կառոյցներու հետ»:

Յաղթահարելով արտասահման ապրող թուրքերու իրաւական եւ քաղաքական մարտահրաւէրները, YTB կոչ ըրած է Թուրքիոյ կառավարութեան` «Օգտագործելու իր դիւանագիտական ազդեցութիւնը եւ հանրային դիւանագիտութեան գործիքները` ճնշում գործադրելու համար օտարերկրեայ պետութիւններու վրայ, որպէսզի ջնջեն այդ սահմանափակումները թրքական սփիւռքի խումբերու նկատմամբ»:

«YTB արդէն կը համագործակցի Եւրոպայի եւ այլ ցամաքամասերու մէջ գործող բազմաթիւ խումբերու հետ` տրամադրելով դրամ, նիւթածրագրային եւ արհեստագիտական աջակցութիւն, անոնց արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու համար»: YTB մայիսի սկիզբը Անգարայի մէջ մասնակցած է` «Ծրագիրի մը, որ կազմակերպուած է Միջազգային դեմոկրատներու միութեան կողմէ, կազմակերպութիւն մը, որ հանդէս կու գայ իբրեւ օտարերկրեայ շահերու խումբ, ներկայացնելով Էրտողանի իշխող կուսակցութիւնը` AKP, արտասահմանի մէջ»:

«YTB ամէն տարի Թուրքիա կը բերէ 4000 երիտասարդ տղաներ ու աղջիկներ` Թուրքիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող ճամբարներու մէջ վերապատրաստման եւ կրթութեան տարբեր ծրագիրներով: Ըստ Էրենի, բազմաթիւ երիտասարդ թուրք ճարտարագէտներ, որոնք կ՛ուսանին  Եւրոպա, ընդգրկուած են փորձնական ծրագիրներու մէջ, զորս ան կոչած է «քրիթիքական արդիւնաբերութիւններ», օրինակ` պաշտպանական եւ ռազմական արհեստագիտութիւնները: Ան նշած է պետական սեփականութիւնը հանդիսացող պաշտպանական կապալառուները, ինչպէս,  օրինակ, «Ասելսան» եւ «Թուսաշ», իբրեւ վայրեր, ուր այդ մարդիկ հաւաքուած են փորձնականի համար»:

Էրեն յայտարարած է, որ` «Էրտողանի կառավարութիւնը քննադատող եւ ընդդիմադիր խումբերը սպառնալիք կը հանդիսանան YTB-ի յայտարարած նպատակներուն, որովհետեւ կը խաթարեն թրքական կառավարութեան քաղաքականութիւնը սփիւռքի մէջ: Այս կը ներառէ` Կիւլենի շարժումը, քրտական ընդդիմադիր խումբերը եւ ալեւիները»:

Կը մնայ տեսնել, թէ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները ինչպէ՛ս պիտի վարուին Էրտողանի կառավարութեան վստահուած խումբերուն հետ, որոնք կը համարուին չարձանագրուած օտար գործակալներ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Comments are closed.