Հայաստանի Սահմանադրութեան Օրը Փաշինեան Քննադատած Է Սահմանադրութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Միայն Հայաստանի մէջ կրնայ երկրին ղեկավարը ելոյթ ունենալ սահմանադրութեան տարեդարձին առիթով` քննադատելով Սահմանադրութիւնը… Ասիկա կը նմանի անոր, որ երկրին ղեկավարը Անկախութեան օրը քննադատէ իր երկրի անկախութիւնը:

Աւելի տեղին կ՛ըլլար, եթէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վեց տարի առաջ յայտարարէր, որ կ՛ուզէ փոխել սահմանադրութեան որոշ մասեր: Բազմաթիւ երկիրներ փոփոխութիւններ կը կատարեն իրենց սահմանադրութիւններուն մէջ` իրենց ժողովուրդներուն մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն համահունչ: Հայաստանի սահմանադրութիւնը առաջին անգամ ընդունուած է 5 յուլիս 1995-ին, փոխուած է 27 նոյեմբեր 2005-ին, ապա դարձեալ փոխուած է 6 դեկտեմբեր 2015-ին: Բոլոր երեք տարբերակները հաստատուած են հանրաքուէի միջոցով:

Փաշինեան նախքան վարչապետ դառնալը բազմիցս քննադատած է Հայաստանի սահմանադրութիւնը: Այսուամենայնիւ, իշխանութեան գալէն անմիջապես ետք ան միտքը փոխեց եւ ըսաւ. «Եկէ՛ք աշխատինք մեր ունեցած սահմանադրութեամբ: Մենք չենք կրնար զայն ամէն օր փոխել»: Միտքը փոխելուն պատճառը այն էր, որ ինք շատ գոհ էր գործող սահմանադրութենէն` հաշուի առնելով, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգը վարչապետին կու տայ գրեթէ անսահմանափակ լիազօրութիւններ:

Սակայն երբ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պահանջեց, որ Հայաստան փոխէ իր սահմանադրութիւնը, Փաշինեան անմիջապէս համաձայնեցաւ` այսպիսով անձնատուր ըլլալով Հայաստանի թշնամիին հրամաններուն: Ալիեւ յատկապէս պահանջեց, որ Հայաստան իր սահմանադրութեան նախաբանէն հանէ Անկախութեան հռչակագիրին յղումը, ուր կը յիշատակուին Արցախն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ալիեւ ըսաւ, որ ասիկա իր նախապայմանն է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման համար, ինչ որ Փաշինեան տարիներէ ի վեր կ՛աղաչէ Ազրպէյճանէն: Փաստօրէն Փաշինեան կրկնեց Ալիեւի յայտարարութիւնը, որ անկարելի է խաղաղութիւն հաստատել Ազրպէյճանի հետ, քանի դեռ սահմանադրութեան նախաբանին մէջ ներառուած է այն յղումը, որ Ալիեւ մերժած է:

Իրավիճակը աւելի բարդացնելով, բոլոր հարցերուն շուրջ իր մնայուն հակադրութիւններուն համահունչ, Փաշինեան սկիզբը ըսաւ, որ համաձայն չէ այդ յղումը սահմանադրութենէն հանելու Ալիեւի պահանջին: Ան պատճառաբանեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրի դրոյթները գերակայ պիտի ըլլան ներպետական բոլոր օրէնքներու կամ նոյնիսկ երկու երկիրներու սահմանադրութիւններու նկատմամբ:

Աւելի՛ն. Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նոյնպէս վճռականօրէն մերժեց rահմանադրութիւնը փոխելու Ալիեւի պահանջը` յայտարարելով, որ նման պահանջ մը կը համարուի միջամտութիւն երկրի ներքին գործերուն: Կարծես թէ վարչապետի եւ արտաքին գործոց նախարարի նման վճռական մերժումներէ ետք այս թեման փակուած կարելի էր համարել:

Սակայն` ո՛չ Փաշինեանի պարագային: Վերջերս ան հրամանագիր ստորագրեց յանձնաժողով կազմելու մասին, որ պիտի նախապատրաստէ միանգամայն նոր սահմանադրութիւն, ոչ թէ պարզապէս պիտի փոխէ զայն: Այսպիսով, ան չեղեալ յայտարարեց խորհրդարանի գործող յանձնաժողովի` սահմանադրութեան բարեփոխման ուղղութեամբ շուրջ երկու տարի շարունակուող ջանքերը:  Փաշինեանի ստեղծած միւս խնդիրը այն է, որ նոր սահմանադրութիւն մշակելու համար ան յանձնաժողովին վերջնաժամկէտ տուած է մինչեւ 2026-ի վերջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Ալիեւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր չի ստորագրեր տակաւին երկուքուկէս տարի:

5 յուլիսին, սահմանադրութեան օրուան առիթով իր ելոյթին մէջ Փաշինեան երկար քննադատեց գործող սահմանադրութիւնը` ըսելով. «Քաղաքացին կը համարէ, որ իշխող վերնախաւն է այդ գրութիւնը ստեղծած, յայտարարած` անոր ընդունման մասին եւ, ըստ էութեան, ներդրած զայն Հայաստանի մէջ»: Ան աւելցուց. «Իսկ  բուն (նոր) սահմանադրութեան գրութեան մէջ ժողովուրդը կ՛արտայայտէ իր պատկերացումը, թէ ինչպիսի՛ն կը պատկերացնէ այդ պետութիւնը, անոր կառավարումը, ինչպիսի՛ն պէտք է ըլլայ անիկա ընդհանուր առմամբ, եւ  ինչ նախագիծ պէտք է կեանքի կոչենք բոլորս միասին աշխատելով»: Այսպիսով, ան կեղծաւորութեամբ ակնարկեց, որ, ի տարբերութիւն գործող սահմանադրութեան, նոր սահմանադրութեան գրութիւնը պիտի պատրաստուի երկրի քաղաքացիներուն կողմէ: Ցաւօք նոր սահմանադրութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, կը մշակեն Փաշինեանի խումբ մը կուսակիցները, որոնք հմտութիւններ չունին իրաւագիտութեան ոլորտին մէջ: Քաղաքացիներու ցանկութիւնները արտայայտելու փոխարէն` անիկա կ՛արտացոլացնէ իշխող վարչախումբին քաղաքական օրակարգը: Փաշինեան եւ իր շրջապատը յոյսով են, որ նոր սահմանադրութիւն պատրաստելով` կը յաջողին խուսափիլ գործող սահմանադրութեամբ իրենց բազմաթիւ խախտումներուն համար նախատեսուած մեղադրանքներէն:

Ի կատարումն Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոխելու նախագահ Ալիեւի պահանջի` Փաշինեան չկրցաւ բարձրացնել Հայաստանի առարկութիւնները Ազրպէյճանի սահմանադրութեան որոշ մասերու մասին: Ինչո՞ւ Փաշինեան չի պահանջեր, որ Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոխելու դիմաց` Ալիեւ փոխէ Ազրպէյճանի սահմանադրութիւնը: Փաշինեանի պարագային ամէն ինչ միշտ միակողմանի է: Երբ Ալիեւ տարածքներ կը պահանջէ Հայաստանէն, ինչո՞ւ Փաշինեան չի պահանջեր Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական տարածքները: Երբ Ալիեւ կը պահանջէ, որ Հայաստան Ազրպէյճանի միջանցք տայ Հայաստանի տարածքով, ինչո՞ւ Փաշինեան չի պահանջեր, որ Ազրպէյճան նման միջանցք տայ Հայաստանի` Ազրպէյճանի տարածքով: Երբ կը սկսիս յանձնուիլ բռնակալի պահանջներուն, ապա անվերջ կ՛ըլլան այլ պահանջներ: Ալիեւ երբեք չի բաւարարուիր Հայաստանի զիջումներով: Ընդհակառակն, ան կը քաջալերուի` պահանջելով շատ աւելի զիջումներ, մինչեւ որ Հայաստանէն ոչինչ մնայ:

Ի վերջոյ, Փաշինեան չըսաւ, թէ ի՞նչ կ՛ըլլայ, եթէ եւ երբ Հայաստանի քաղաքացիները հանրաքուէի միջոցով մերժեն նոր սահմանադրութիւնը: Արդեօք Փաշինեան կը կիրարկէ՞ վախցնելու իր նախասիրած մարտավարութիւնը` նախզգուշացնելով, որ եթէ ժողովուրդը հաւանութիւն չտայ սահմանադրութեան, Ալիեւ նոր պատերազմ կը սկսի Հայաստանի դէմ:

Ալիեւի պահանջով Փաշինեանի կողմէ սահմանադրութեան փոփոխութեան հեռանկարը կ՛աւելցնէ կարեւոր պատճառ մը եւս, թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդը պէտք է ամէն ինչ ընէ հնարաւորինս շուտ իրմէ ազատելու համար: Հայաստան նոր սահմանադրութեան կարիք չունի. Հայաստան նոր, ձեռնհաս ղեկավարի կարիք ունի:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Comments are closed.