Բաց նամակ իմ վաղեմի ծանօթ ՍԴՀԿ ներկայիս ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանին
367
0
Մեծարգոյ պարոն Սարաֆեան,
Երբեք պիտի չցանկայի հրապարակային բանավէճի մէջ մտնել Ձեզի հետ, բայց այն, ինչ տեսայ եւ լսեցի օրեր առաջ Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով` Պետրոս Ղազարեանի հետ Ձեր հարցազրոյցին ընթացքին, ուղղակի ապշեցուց զիս եւ ստիպեց նոյն հրապարակային ձեւով արձագանգել:
Աւելի քան յուսախաբուած եմ Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հասցէին Ձեր հնչեցուցած անհիմն մեղադրանքներէն ու վերագրումներէն: Դժուար էր պատկերացնել, որ Դուք Սուրբ Էջմիածնի մասին մասնաւորաբար կ’ըսէիք, թէ. «Մայր Աթոռը ազգը միաւորող կառոյց պէտք է ըլլայ, ոչ թէ իշխանութիւն տենչացող խմբաւորման մը աջակից»:
Տպաւորութիւնս այն է, որ մանկութեան շրջանին բացակայած էք Հայ ժողովուրդի եւ Եկեղեցւոյ պատմութեան դասերէն, երբ մենք ոգեւորութեամբ կը սերտէինք Սուրբ Էջմիածնի միաւորիչ դերին մասին մեր ուսուցիչներուն ոգեշնչող պատմութիւնները:
Կը ցանկամ հաւաստիացնել, որ այսօր ալ Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ ոչինչ փոխուած է, եւ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ իր միաւորող առաքելութիւնը` միաւորում եւ համախմբում` յանուն հայրենիքի, յանուն պետութեան եւ յանուն հայ ժողովուրդի բարoրութեան:
Առաւել մեծ էր անակնկալը ինծի համար, երբ Ձեր շուրթերէն լսեցի հետեւեալ խօսքերը. «Մենք, մեր կուսակցութիւնը պայքարած է Հայաստանի ազատագրութեան համար, բայց այսօր իրավիճակը այլ է: Ունինք ներկայ Հայաստան եւ անոր բարօրութիւնը վեր է ամէն ինչէ»:
Անտարակոյս, ՍԴՀԿ-ը անմնացորդ նուիրումով իր մեծ բաժինը ունեցած է Հայաստանի Ազատագրութեան Սրբազան պայքարին եւ դեռ պիտի շարունակէ ունենալ անկասկած:
Անտարակոյս, ՍԴՀԿ-ը անմնացորդ նուիրումով իր մեծ բաժինը ունեցած է Հայաստանի Ազատագրութեան Սրբազան պայքարին եւ դեռ պիտի շարունակէ ունենալ անկասկած:
Երբ Նազարբեկեանը իր ընկերներով, Ժընեւի մէջ կը հիմնադրէ ՍԴՀ Կուսակցութիւնը, իրենց միտքով անգամ չէր անցներ որ կու գայ օր մը, երբ իրենց իսկ ստեղծած կուսակցութիւնը կ’ունենայ ղեկավար-ատենապետ մը, որ անցեալով կ’արտայայտուէր կուսակցութեան` Հայաստանի Ազատագրութեան պայքարին մասին: ՍԴՀ Կուսակցութիւնը երբեք չէ ստեղծուած ժամանակահատուածի մը համար:
Երբ կախաղան կը բարձրացնէին Հնչակեան 20 անմահները, անոնցմէ ոչ մէկը կասկած ունէր, որ իրենցմէ իւրաքանչիւրը պիտի դառնար ցորենի հատիկ, որոնք իյնալով պարարտ հողի մէջ` իրենց կեանքը զոհաբերելով, ծնունդ պիտի տային մէկի փոխարէն հազարաւորներու, որոնք բոլոր ժամանակներուն մէջ, պիտի պայքարէին Հայաստանի ազատագրութեան համար:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ոչ թէ «պայքարած է Հայաստանի ազատագրութեան համար» այլ պայքարած է, կը պայքարի եւ դեռ պիտի պայքարի: Այլապէս, եթէ համարենք, թէ «պայքարած է» Հայաստանի ազատագրութեան համար, ապա Ձեր առաքելութիւնը աւարտին հասած է: Փակեցէք Ձեր դռները ու անցէք պատմութեան գիրկը:
Հայաստանի ազատագրութեան աւարտը չի որոշուիր Հայաստանի` անկախ պետականութիւն ունենալով: Ազատագրութեան պայքարը նոր թափ եւ ուղի կը ստանայ անկախ Հայաստանով: Պէտք է ազատագրել Հայաստանը վաղուան փորձանքներէն ու փորձութիւններէն: Պէտք է ազատագրել Հայաստանը վաղուան հազարաւոր զոհերէն: Պէտք է ազատագրել Հայաստանը թշնամիին կողմէ պետականութեան հասցուող վնասներէն: Պէտք է Հայաստանն ու պետականութիւնը պահել կատարեալ առողջ վիճակով: Իսկ Դուք, վերոնշեալներուն համար չէ՞ք ուզեր պայքարիլ:
Պարոն Սարաֆեան, Դուք մասնագիտութեամբ բժիշկ էք, կը ստուգէք հիւանդը, կը յայտնաբերէք խնդիրներ, կը բացատրէք խնդիրներուն պատճառն ու հետեւանքները: Մտքիս մէջ տպաւորութիւնը այն է, որ երբ հիւանդը կը դիմէ հնարաւոր բոլոր միջոցներու ու կը պայքարի հիւանդութենէն ձերբազատուելու համար` խստօրէն կը նեղանաք:
Յաջորդ միտքը, որ շատ գեղեցիկ կը հնչէ, Ձեր Էջմիածնասէր ըլլալն է: Այո´, ՍԴՀԿ-ը իր աւելի քան հարիւր տարիներու պատմութեան ընթացքին եղած է Սուրբ Էջմիածնի դիրքերուն եւ հեղինակութեան պաշտպանը: Այդպիսին էիք նաեւ Դուք, Ձեր կեանքի ինչ-որ ժամանակահատուածի մը ընթացքին: Սակայն այն վարքագիծը, զոր կը դրսեւորէք վերջին տարիներուն, այլեւս տեղ չի թողեր մտածելու, որ Դուք մեր ճանչցած Համբիկ Տիգրանի Սարաֆեանը չէք, այլ նոյն անուն, հայրանուն ու ազգանուն ունեցող անձ մը, որ ոչ թէ պաշտպանն է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հեղինակութեան, այլ զինուած է այլ գաղափարախօսութեամբ:
Պարոն Սարաֆեան, ինչպէս կ’ըսուի` համեստ ըլլալը լաւ բան է: Դուք կ’ապրիք երկրի մը մէջ, ուր կան տասնեակ հայկական կազմակերպութիւններ, որոնք բոլորն ալ կը պայքարին հայ մնալու համար: Պէտք է նկատած ըլլայիք, որ այդ կազմակերպութիւններուն մէջ ամենամեծը (առանց որեւէ մէկը նուաստացնելու) Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին է, որ կրնայ հանդէս գալ Սփիւռքը ներկայացնելու ամենալեգիտիմ մանդատով: Հետեւաբար, պէտք է զուսպ ըլլալ եւ չփորձել ներկայանալ որպէս Սփիւռքի ինքնահռչակ վարչապետ:
Եւ վերջաւորութեան`
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գմբէթէն
Դար է եկեր ու վարկեանի պէս անցեր
Հիմա ալ հերթը քուկդ է. նայէ անոր ու…
Յ.Գ.
Պարոն Սարաֆեան, եթէ Աստուած աւելի երկար կեանք պարգեւէր բազմավաստակ ու նուիրեալ Հնչակեան կուսակցութեան մարտիկներէն` Ձեր հանգուցեալ հօր` Տիգրան Սարաֆեանին եւ հետեւէր Ձեր հարցազրոյցին, վերջաւորութեան Ձեզի պիտի հարցնէր. «Տղաս, այս ինչե՞ր կը խօսիս»:
Պարոն Սարաֆեան, եթէ Աստուած աւելի երկար կեանք պարգեւէր բազմավաստակ ու նուիրեալ Հնչակեան կուսակցութեան մարտիկներէն` Ձեր հանգուցեալ հօր` Տիգրան Սարաֆեանին եւ հետեւէր Ձեր հարցազրոյցին, վերջաւորութեան Ձեզի պիտի հարցնէր. «Տղաս, այս ինչե՞ր կը խօսիս»:
Արարատ Եպիսկոպոս Գալթագճեան
Սուրբ Էջմիածին, 07.06.2024 թ.
Comments are closed.