December 24, 2025
Սուրիոյ մէջ երկու ատրպէյճանցի զինեալ սպաննուած է
- (0)

APA լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով «մուճահիտներու պատկանող երկու կայքէջեր» կը հաղորդէ, որ անցնող օրերու ընթացքին Սուրիոյ մէջ ընթացող մարտերու ընթացքին սպաննուած են երկու ատրպէյճանցի զինեալներ։
Ըստ նոյն աղբիւրին, սպաննուած ատրպէյճանցիներն են «Ալ-Քայիտա»-ի հետ կապեր ունեցող «Ալ-Նուսրա» զինեալ խմբաւորման անդամ Նամիգ Ասկերովը և Սոլթան Ազերի Սեյֆուլան։ Ժիհատական կայքէջեր տարածած են նաեւ սպաննուածներուն լուսանկարները։
APA-ն կը նշէ, որ Սուրիոյ մարտերուն կը մասնակցին հարիւրաւոր ատրպէյճանցի զինեալներ։