Ինչպէ՞ս գործադրել
Ընկերական Մտորումներ
Ինչպէ՞ս գործադրել
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Վերջերս պատեհութիւնը ունեցայ դասախօսելու ՀՅԴ շարքերը մտնելու թեկնածու երիտասարդ-երիտասարդուհիներու։
Նիւթը՝ ՀՅԴ ծրագիրն ու կանոնագիրը։
Անշուշտ առաջին անգամը չէր, որ նման օրակարգով հանդիպումներ ունեցած եմ։ Միշտ ալ անոնք ինծի համար հաճոյք մը եւ պատիւ մը հանդիսացած են, եւ այս անգամ ալ տարբեր չեղաւ։
Նայելով ինը զոյգ այդ փայլուն աչքերուն, ես ալ երիտասարդացած զգացի ու դարձեալ համոզուեցայ, որ Գործը պիտի շարունակուի։
Երբ աւարտեցի խօսքիս առաջին մասը, որ Ծրագրին կը վերաբերէր, ինծի ուղղուած հարցումներէն մէկը եղաւ.– «Լաւ, սակայն այս ամենը ինչպե՞ս պիտի գործադրուի. ինչպէ՞ս, ի՞նչ ուժով, այնքան քիչ են մեր ձայները Ազգային ժողովին մէջ»։ Ըսի, որ պիտի տամ այդ հարցումին պատասխանը, ապա անցայ Կանոնագիրը ներկայացնելու աշխատանքին, եւ այլեւս չվերադարձայ տուեալ հարցումին, ձգելով, որ իրե՛նք հասնին այդ «ինչպէ՞ս»-ի պատասխանին։
Հիմա, որ այդ թեկնածուները այլեւս դարձեր են նորագիր, տուեր են իրենց հանդիսաւոր երդումը, կ՚ուզեմ անդրադառնալ այդ հարցադրումին, ո՛չ միայն իրենց համար, այլեւ բոլորին՝ անոնք ըլլան նորագիր թէ վաստակաւոր ընկերներ, կամ պարզ ազգայիններ, որոնք իրաւամբ հարց կրնան տալ, թէ մեր Ծրագրով արտայայտուած ու տեւաբար մամուլով թէ բեմերէն բարձրաձայնուած հայկական թէ համամարդկային մեր սկզբունքներն ու պահանջները ինչպէ՞ս կրնանք գործադրել մեր ունեցած ուժերով. այժմու թէ ապագայ ուժերով։ Միթէ ինքնախաբէութիւն չէ՞ հաւատալ Դաշնակցութեան որդեգրած ու արտայայտած նման ազգային համապարփակ տեսլականի մը։
Պատասխանելէ առաջ, կ՚ուզեմ ինքս մէկ կարեւոր հարցում ուղղել. մեր պատմութեան, յատկապէս ազատագրական շարժման պատմութեան մէջ, նոյնիսկ համաշխարհային պատմութեան մէջ, ե՞րբ է, որ քանակը որոշիչ դեր խաղացած է։ Միշտ փոքրամասնութիւն մը չէ՞ եղած, երբեմն նոյնիսկ աննշա՛ն փոքրամասնութիւն մը, որ ազգի մը թէ մարդկութեան ճակատագիրը փոխած է։
Չեմ ուզեր շատ հեռուները երթալ, ոչ ալ շատ լայն բանալ կարկինս, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ միշտ եղած են փոքրաթիւ անհատներ, որոնք, միանալով՝ մեծ ուժի վերածուած են։ Աչք մը նետեցէք մեր Վերածնունդի ժամանակաշրջանին վրայ, արեւմտեան կողմն «աշխարհի» թէ արեւելեան՝ անդրադառնալու համար, թէ ԺԸ. դարու սկիզբէն՝ Իսրայէլ Օրիէն, Շահամիր Շահամիրեանէն մինչեւ Օտեան կամ Իւթիւճեան, մինչեւ Աբովեան կամ Նալբանդեան, համաժողովրդային ընդդիմութեան հակառակ, նոյնիսկ տակաւին կազմակերպութիւններու գոյառումէն ալ առաջ, հետապնդեցին հայութեան զարթօնքը։ Եւ իրականացուցի՛ն։
Խրիմեան Հայրիկի երկաթէ շերեփի կոչէն հազիւ տասնամեակ մը ետք ծնունդ առին մեր ազատագրական պայքարի ջահակիր կուսակցութիւնները. տակաւին յամեցող համատարած ստրկամտութեան պայմաններուն մէջ։ Մեր յեղափոխականութեան ոգիի տարածումը հրաշքի համազօր երեւոյթ մըն էր։ Մեր կուսակցութիւններուն նեցուկ կանգնող հայութիւնն ալ փոքրամասնութեան փոքրամասնութիւնն էր։ Բայց անոնց շնորհիւ իրականացան Մեծ եղեռնի օրերու մեր հերոսամարտերը, եւ յետոյ, երեք տարի ետք՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի դիւցազնամարտերն ու հայրենի պետականութեան վերածնունդը՝ իբր Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Գերութեան աւելի քան հինգ թէ տասը դարերէ ետք։
Արցախի ու Շուշիի ազատագրումն ալ չեղաւ տարբեր։
Իսկ ստրկամտութենէն չենք ձերբազատած մինչեւ օրս. ազգովի՛ն։ Այսօրուան իրականութիւնը վկայ։
Ուստի վերոնշեալ հարցումին պատասխանս միանշանակ հետեւեալն է.
– Ընկերնե՛ր, ձեր երդո՛ւմն է գործադրութեան ճանապարհը։
Երբ նիւթապաշտութեան, ընչաքաղցութեան եւ ինքնասեւեռման մղող մեր այս ժամանակներու դրամատիրական տիրապետութեան բոլոր ճնշումներուն դիմաց 9 հոգի այստեղ, 10 հոգի այնտեղ, 20 հոգի ուրիշ տեղ մը, թէկուզ նուազագոյն թիւերով, կու գան միանալու մեր կուսակցութեան շարքերուն, այդ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մեր սրբազան տեսլականը իրականացնելու յանձնառութիւն։ Ցկեա՛նս յանձնառութիւն։ Համազօր՝ հրաշքի։
Եւ չմոռնա՛ք՝ ամեն ջանք ընելո՛ւ երդումով։
Ձեր այդ ջանքը կուսակցութեան շարքերուն մէջ թէ անոնցմէ դուրս, ձեր այդ ջանքերը կրնան այնքան աննշան, այնքա՜ն փոքր թուիլ ձեզի համար, բայց գիտցէք, որ իւղի իւրաքանչիւր կաթիլը, որ մեր ազատագրական պայքարի լապտերին մէջ կը կաթեցնէք, պայքարի պատռոյգը վառ պահելու կը ծառայէ։ Այս իմաստով ալ դուք էք մեր լոյսը։ Դուք էք մեր յոյսը։
Այո, երկար, շա՜տ երկար պայքար է, որ կը տանինք։ Ոչ մենք, ոչ ալ թերեւս դուք տեսնէք անոր յաղթանակը։ Մենք բոլորս մէկ օղակն ենք այդ պայքարին։
Բայց կարեւոր է չկորսնցնել հաւատքը, կարեւոր է վճռական ըլլալ եւ համբերութիւն ունենալ, իսկ շատ կարեւոր է մանաւանդ, որ ձեր զաւակներուն ալ փոխանցէք այն ոգին, որ ձեզ բերաւ այն սեղանին, որուն վրայ դրիք ձեր ձեռքն ու հանդիսաւոր արտասանեցիք.
– Կ՚երդնում պատուոյս ու Հայրենիքիս վրայ…
Comments are closed.