ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԳՈՅԱՄԱՐՏԸ – 1918-1920

            Կովկասի ռազմաբեմէն հեռու ինկած Ղարաբաղի հայութեան կեանքը առանց վտանգի կը շարունակուի 1914 Հոկտեմբերէն մինչեւ 1917 Դեկտեմբեր: Շրջանի խաղաղութիւնը կը խանգարուի, երբ Հոկտեմբերեան յեղաշրջումով, Ռուսիոյ իշխանութեան կը տիրանան բոլշեւիկները: Ռուս բանակի Կովկասէն հեռանալով, անիշխանութիւնը ծայր կու տայ շրջանին մէջ:

            Օսմանեան Թուրքիոյ գործակալներէն դրդուած, Անդրկովկասի թաթարները կը քանդեն երկաթուղագիծերը, կը փակեն ճամբաները եւ կը կողոպտեն հեռացող ռուս զինուորներուն զէնքերն ու գոյքերը: Ղարաբաղի հաղորդակցութիւնը կը խզուի Թիֆլիսի, Բաքուի, Երեւանի հայկական կեդրոններուն հետ: Թաթարական ծովուն մէջ կղզիացած եւ իր բախտին ձգուած հայկական Ղարաբաղի մէջ դէպքերը կ՚անցնին չորս հանգրուաններէ._ Ա. Հայ եւ թաթար ներկայացուցիչներէ կազմուած մարմին մը Շուշիէն կը վարէ շրջանի վարչական գործերը 1917 Դեկտեմբերէն մինչեւ 1918-ի ամառը, համեմատաբար խաղաղ պայմաններու մէջ.

            Բ. Ղարաբաղը կը գրաւուի Օսմանեան Թուրքիոյ բանակին կողմէ: Թուրք զինուորական իշխանութիւնը կը տեւէ 1918 Սեպտեմբերէն մինչեւ Դեկտեմբեր: Անոնց առաջին գործը կ՚ըլլայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան «Ապառաժ»ի (Ղարաբաղի շրջան) Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներուն ձերբակալութիւնն ու բանտարկութիւնը: Թուրք հրամանատարութիւնը ժամանակ չ՚ունենար Զանգեզուրը գրաւելու, Ադրբեջանին կցելու եւ Նախիջեւանի վրայով դէպի Թուրքիա ազատ ելք ապահովելու համար: Շրջանին մէջ մեծամասնութիւն կազմող գիւղաբնակ հայութեան ընդդիմւոթիւնը ձախողութեան կը մատնէ նաե՛ւ Ղարաբաղը Ադրբեջանի իշխանութեան ենթարկելու թրքական ծրագիրը.

            Գ. Համաշխարհային Ա. պատերազմի զինադադարէն ետք Անդրկովկաս հասած յաղթական Անգլիոյ զինուորական ներկայացուցչութիւն մը Բաքուէն Շուշի կու գայ 1918 Դեկտեմբերին եւ շրջանը կը կառավարէ մինչեւ Յուլիս 1919:

            Խաղաղութիւն հաստատելու եկած անգլիացիները, դժբախտաբար, առաջին օրէն, ադրբեջանամէտ քաղաքականութիւն կը հետապնդեն: Օսմանեան թուրքերու նման, անոնք եւս Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը Ադրբեջանի իշխանութեան ենթարկելու աշխատանքին կը լծուին: Հ.Յ.Դաշնակցութեան «Ապառաժ»ի Կեդրոնական Կոմիտէն իրենց ծրագրի յաջողութեան արգելք համարելով, անոր անդամներուն մեծ մասը Բաքու կ՚աքսորեն: Իսկ երբ հայերու մեծամասնութիւնը իրենց կ՚ընդդիմանայ եւ կը ձախողեցնէ իրենց ծրագիրները, անոնք ադրբեջանցիները կը քաջալերեն բռնի միջոցներով Բաքուի իշխանութիւնը պարտադրելու հայերուն եւ կը վերադառնան Բաքու:

            Դ. 1919 Օգոստոսէն մինչեւ 1920 Ապրիլ տեւող ութամսեայ շրջանին Ղարաբաղը այլեւս Ադրբեջանի քաղաքական դաւերուն, արիւնալի կռիւներու, կոտորածներու եւ աւերածութեանց բեմ կը դառնայ:

ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐՆԵՐԸ

            . Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ համագումարները տեղի կ՚ունենան Շուշի, 1918 Յուլիս եւ Սեպտեմբեր ամիսներուն: Կ՚ընտրուին ժողովրդական խորհուրդներ: Երկրորդ համագումարը կը մերժէ Օսմանեան բանակի հրամանատար Նուրի Փաշայի վերջնագիրը, որ հայերուն կը հրահանգէր ընդունիլ Ադրբեջանի գերիշխանութիւնը:

            . Չորրորդ համագումարը կը հրաւիրուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան «Ապառաժ»ի Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ, 1919 Փետրուարին: Կ՚որոշուի Ղարաբաղը յայտարարել Հայաստանի անբաժան մաս: Կ՚ընտրուի Ղարաբաղի Հայոց Ազգային Խորհուրդը: Կը նշանակուին ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպող եւ քաղաքական հարցերով զբաղուող մարմիններ:

            . Հինգերորդ համագումարը կը կայանայ 1919ի Ապրիլին, Շուշիի մէջ: Ադրբեջանի գերիշխանութեան ենթարկուելու անգլիացիներու առաջարկը կը մերժուի հայերու կողմէ: Կ՚առաջարկուի Ղարաբաղի հարցը ժողովրդային հանրաքուէի դնել:

            . Վեցերորդ համագումարը տեղի կ՚ունենայ Շուշիի մէջ, 1919 Յունիսի վերջերը եւ առանց արդիւնք արձանագրելու կը փակուի:

            . Եօթներորդ համագումարը կը կայանայ Շօշ գիւղին մէջ, 600է աւելի հայերու կոտորածէն եւ տասնեակ մը հայ գիւղերու աւերուելէն ետք: Նկատի ունենալով, որ._ ա) Երկարատեւ դիմադրութեան համար հայերը բաւարար զէնք չունին. բ) ադրբեջանցիներուն կ՚օգնեն անգլիացիները. գ) Հայաստանը ի վիճակի չէ Ղարաբաղէն զինուորական օգնութիւն հասցնելու, համագումարի պատգամաւորները՝ 1919 Օգոստոս 22-ին, կ՚որոշեն՝ 1) ժամանակաւոր կերպով ընդունիլ Ադրբեջանի գերիշխանութիւնը. 2) Ղարաբաղի հարցի վերջնական լուծումը վստահիլ Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին:

            . Ութերորդ համագումարի նախօրեակին կ՚երկպառակտուի Ղարաբաղի հայ ղեկավարութիւնը: 1920 Փետրուարին տեղի կ՚ունենան երկու ժողովներ._ 1) Շուշի հաւաքուած քաղաքաբնակ հայերու պատգամաւորները կ՚որոշեն ենթարկուած մնալ Ադրբեջանին. 2) թիւով կրկնապատիկ գաւառական պատգամաւորները կը մերժեն երթալ Շուշի, կը հաւաքուին Շօշ գիւղը եւ կ՚որոշեն._ ա) բողոքել ադրբեջանցիներու բռնարարքներուն դէմ. բ) վերջ տալ Ադրբեջանի գերիշխանութեան. գ) ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպել. դ) Ղարաբաղի հարցը տանիլ Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողովին:

            . Իններորդ համագումարը կը հրաւիրէ հայկական բանակի մէկ զօրամասով Ղարաբաղի Վարանդա գաւառ եկած զօր« Դրոն, 1919-ի Ապրիլին: Կ՚որոշուի._ ա) ջնջել նախորդ 8 համագումարներու բոլոր որոշումները. բ) Ղարաբաղը յայտարարել Հայաստանի Հանրապետութեան անբաժան մէկ մասը. գ) զօրաշարժի ենթարկել կռուի ատակ ղարաբաղցի բոլոր տղամարդիկը եւ Ղարաբաղէն դուրս քշել Ադրբեջանի բանակն ու պաշտօնեաները: Այս որոշումները առնուած ժամանակ Կարմիր բանակի միաւորներ արդէն Ղարաբաղ հասած էին… Դրոն կը վերադառնայ Հայաստան:

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ

    Ղարաբաղեան դէպքերու ամբողջ տեւողութեան, Հ.Յ.Դաշնակցութեան «Ապառաժ»ի Կեդրոնական Կոմիտէն իր բոլոր միջոցներով կը պայքարի, որպէսզի Ղարաբաղը չենթարկուի Ադրբեջանի իշխանութեան: Դաշնակցականները ծանր պատասխանատուութիւններ կը ստանձնեն շրջանի վարչական եւ մարտական մարմիններուն մէջ: Գաւառներու մէջ ինքնապաշտպանութեան գործերը կը վարեն ընդհանրապէս դաշնակցական մարմիններ կամ պատասխանատու ընկերներ: «Ապառաժ»ի Կեդրոնական Կոմիտէն Գորիսէն Ղարաբաղ կը հրաւիրէ զօր Անդրանիկը՝ շրջանի զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը ստանձնելու: Կեդրոնական Կոմիտէն, ինքը կապ կը պահէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի, Զանգեզուրի, Բաքուի, Թիֆլիսի դաշնակցական մարմիններուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ:

            Ղարաբաղի առաջին դէպքերու օրերուն, Բիւրոյի որոշումով, դաշնակցական Յովակ Ստեփանեանի հրամանատարութեամբ, կը կազմուի «Արցախեան գունդը», որ զէնք ու զինամթերքով կը մեկնի Թիֆլիսէն եւ Նոր Բայազետի, Դարալագեազի, Զանգեզուրի վրայով կ՚երթայ Ղարաբաղ:

            Հ.Յ.Դաշնակցութեան Թ. Ընդհանուր Ժողովի որոշումով, Բիւրոն Հայաստանէն Ղարաբաղ կ՚ուղարկէ ընկերներ Արսէն Միքայէլեան, Դալի Ղազար, Սասունցի Արշակ Պոլէեան, Գարեգին Նժդեհ, զօր Դրօ եւ դեռ ուրիշներ, ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու, նաե՛ւ Եղիշէ Իշխանեան ու Մարտիրոս Արզումանեան, վարչական գործերու համար:

            Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բաքուի Կեդրոնական Կոմիտէն, իր կարգին, Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններ կը վարէ տեղւոյն անգլիական զինուորական իշխանութեանց հետ: Իր կազմէն, ընկերներ Գերասիմ Բալայեան եւ Լեւոն Զարաֆեան Շուշի կ՚երթան՝ «Ապառաժ»ի Կեդրոնական Կոմիտէն զօրացնելու: Իրենց միջոցով Բաքուէն նիւթական գնահատելի գումարներ կ՚ուղարկուին Ղարաբաղի հայութեան:

            Այս բոլորի կողքին, հարիւրաւոր դաշնակցական մարտիկներ կը կռուին ու կը զոհուին պատերազմի առաջին գիծերուն վրայ:

ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՌԻՒՆԵՐԸ

            1. Ղարաղշլաղի (Բերդաձոր) ինքնապաշտպանութիւնը, 1918 Օգոստոս եւ Սեպտեմբեր: Հարիւրաւոր հայ մարտիկներ կը կռուին Գանձակէն ուղարկուած Օսմանեան Թուրքիոյ մէկ զօրամասին եւ տեղացի զինեալ թաթարներուն դէմ: Կը պարտուին հայերը, կ՚աւերուին իրենց գիւղերը եւ ջարդեր տեղի կ՚ունենան: Վերապրող հայերը կը քաշուին դէպի Քարին Տակ, Շուշի եւ այլուր:

            2. Վարանդայի Մոմնա գիւղի ինքնապաշտպանութիւնը Օսմանեան մէկ ուրիշ զօրամասի դէմ, 1918 Հոկտեմբերին: Հերոսական դիմադրութիւն կը ցուցադրեն հայ մարտիկները եւ թշնամիէն կը խլեն 230 զոհեր: Չարաչար պարտուած՝ թշնամին փախուստի կը դիմէ:

            3. 1918 Նոյեմբերին, զօր Անդրանիկ՝ իր զօրամասով, Գորիսէն կ՚արշաւէ դէպի Շուշի: Իրենց ճանապարհի հանդիպած թաթարական գիւղերը աւերելով, բնակիչները ջարդելով, հայերը կը հասնին Աւդալլար գիւղը (Լաչին): Անգլիական ուժերու հրամանատար զօր Թամսըն Բաքուէն կը հեռագրէ Անդրանիկին, որ Ղարաբաղի հարցը պիտի լուծէ Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողովը եւ կը թելադրէ անոր վերադառնալ Զանգեզուր: Հայ զօրավարը կը խաբուի անգլիացիի նենգամիտ խոստումէն եւ իր զօրքով կը վերադառնայ Գորիս:

            4. Շուշիի մերձակայ հայկական գիւղերու ինքնապաշտպանութիւնը, 1919 Յունիս 4-էն 12: Թաթարները կ՚աւերեն 9 գիւղեր եւ կը ջարդեն շուրջ 600 անմեղ հայեր: Յուլիսի սկիզբը նոյնը կը պատահի Խանքենդ (Ստեփանակերտ): Այստեղ եւս ջարդեր տեղի կ՚ունեանան:

            5. Ադրբեջանական իշխանութեան դէմ հայերու ընդհանուր ապստամբութիւնը կը սկսի 1920 Մարտ 23-ին: Դաշնակցական վաստակաւոր մարտիկ Դա լի Ղազար կը գրաւէ Ասկերանի բերդն ու հովիտը: Հայ մարտական խումբեր կը գրաւեն Ջիւանշիրի եւ Դիզակի ռազմական կարեւոր դիրքերը:

            6. Խանքենդի եւ Շուշիի զօրանոցները գրաւելու հայոց փորձերը կը ձախողին: Ասկէ քաջալերուած, ադրբեջանցի զօրքն ու խուժանը կը գրոհեն Շուշիի հայկական թաղերը, տուները կը հրդեհեն ու միջին դարերը յիշեցնող ջարդերու բարբարոսութիւններ կը կատարեն: Կը զոհուին շուրջ 20 000 հայեր:

            7. Գորիսէն՝ Մարտ 26-ին ճամբայ ելած ու Ասկերանին օգնութեան գացող հայ զօրամասը ուշ տեղ կը հասնի: Ադրբեջանցիները Ասկերանը կը գրաւեն Ապրիլ 3-ին:

            8. Վարանդայի, Ջիւանշիրի եւ Խաչէնի ճակատներուն վրայ Ապրիլ 4-ին հակայարձակման կ՚անցնին հայ մարտիկները եւ թշնամին պարտութեան կը մատնեն: Իրենց փախուստի ճանապարհին, ադրբեջանցիները կը հրդեհեն ու կ՚աւերեն 30 հայ գիւղեր:

            9. Ապրիլ 13-ին, Զանգեզուրէն Դիզակ կը հասնի զօր Դրոն իր զօրամասով: Շուշին գրաւելու համար՝ մի քանի շաբթուան ընթացքին, ան կը յաջողի 500 ձիաւորներ եւ 3000 հետեւակներէ բաղկացած տեղական զօրամաս մը կազմել: Դրոյի ծրագիրը ջուրը կ՚իյնայ: Ադրբեջանը կը խորհրդայնացուի: Կարմիր բանակը կը գրաւէ Ղարաբաղը եւ զէնքի ուժով զայն կը պահէ Խորհրդային Ադրբեջանի իշխանութեան տակ…

Comments are closed.