Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմաններու Ընդարձակման Եւ Կրճատման Պատմական Հոլովոյթը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը ծնունդ առաւ 28 մայիս 1918-ին, մայիսեան հերոսամարտերէն` Սարդարապատէն, Բաշ Ապարանէն եւ Ղարաքիլիսէէն ետք:

Հայ ժողովուրդը Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն` 1375-էն 543 տարի ետք յաջողեցաւ վերականգնել պետականութիւնը:

Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդի մայիս 28-ի հռչակագիրին մէջ կ՛ըսուէր. «Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ազրպէյճանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ Հայոց ազգային խորհուրդն իրեն յայտարարում է հայկական գաւառների գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն»:

Հանրապետութեան մայրաքաղաքը դարձաւ Երեւան: Յուլիս 24-ին հրապարակուեցաւ Հայաստանի անդրանիկ կառավարութեան կազմը: Ազգային դրօշակ ընդունուեցաւ Եռագոյնը` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն:

Հանրապետութիւնը հիմնուեցաւ հայ ժողովուրդին համար ամէնէն ծանր ժամանակաշրջանին: Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հարիւր հազարաւոր գաղթականները, սովը, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան ուղիներու շրջափակումները ահաւոր դժուար կացութիւն ստեղծած էին: Հայաստան կտրուած էր արտաքին աշխարհէն: Արեւելեան Հայաստանի հողերուն մէկ կարեւոր մասը թրքական գրաւման տակ կը գտնուէր, եւ երկիրը զրկուած էր հունձքէն:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը հիմնուեցաւ 12 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան վրայ: Բնակչութիւնը շուրջ 700 հազար էր:

* * *

Առաջին Աշխարհամարտէն պարտուած դուրս ելած Օսմանեան կայսրութիւնը 30 հոկտեմբեր 1918-ին ստորագրեց Մուտրոսի զինադադարը: Նոյեմբերին թրքական զօրքերը սկսան հեռանալ Արեւելեան Հայաստանի հողերէն:

Դեկտեմբերին Վրաստան գրաւեց Ախալքալաքն ու Լոռին: Սկսաւ հայ-վրացական պատերազմը: Հայկական բանակը` Դրոյի գլխաւորութեամբ, ծանր հարուած հասցուց Վրաստանի: Հայկական զօրքերը ամրացան Սադախոյի մէջ: Դեկտեմբեր 31-ին զինադադար հաստատուեցաւ:

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը 1919-ի գարնան եւ ամրան աւելի ընդարձակուեցաւ, երբ անոր կցուեցան Կարսը, Շարուրը, Նախիջեւանը եւ Սուրմալուն: Այսպիսով, իր հիմնադրութենէն մէկ տարի անց, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը ընդլայնուեցաւ գրեթէ վեց անգամ եւ հասաւ 1914-ի ռուս-թրքական սահմաններուն:

* * *

Արցախի հայութիւնը 1918-ի ամրան յաջողած էր դիմադրել օսմանեան բանակի յարձակումներուն: Զինադադարէն ետք օսմանցիք քաշուեցան, իսկ Անդրանիկ ուղղուեցաւ Շուշի, որպէսզի Արցախը Հայաստանի միացուի: Սակայն անգլիացիք Անդրանիկին հրահանգեցին ետ քաշուիլ:

Անգլիացիք ամէն կերպով կը փորձէին Արցախն ու Սիւնիքը Ազրպէյճանի միացնել:

Ազրպէյճանի բանակը շրջափակեց Արցախը: Արցախի հայութիւնը ամիսներ շարունակ դիմադրեց ազրպէյճանական թշնամական յարձակումներուն:

Ազրպէյճան 1919-ի ամրան Հայաստանի մէջ բնակող իսլամները ապստամբութեան մղելով` փորձեց հողեր խլել:

Դաշնակիցներուն կողմէ Հայաստանի ընդհանուր կոմիսար նշանակուած ամերիկացի գնդապետ Հասկէլ 1919 օգոստոսին Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ ստորագրեց համաձայնագիր, որուն հիմամբ Շարուր-Դարալագեազ-Նախիջեւան վիճելի տարածքներ կը համարուէին, իսկ Արցախն ու Սիւնիքը Ազրպէյճանին կը յանձնուէին:

* * *

Սեւրի դաշնագիրը ստորագրուեցաւ 10 օգոստոս 1920-ին` դաշնակից պետութիւններուն եւ օսմանեան կառավարութեան միջեւ: Հայաստանի Հանրապետութեան անունով դաշնագիրը ստորագրեց Աւետիս Ահարոնեան: Հայաստան Թուրքիոյ կողմէ կը ճանչցուէր իբրեւ ազատ ու անկախ պետութիւն:

Նոյն ժամանակ, 1920-ի ամրան, թափ առաւ պոլշեւիկեան Ռուսիա-քեմալական Թուրքիա գործակցութիւնը, որուն զոհը եղաւ Հայաստան:

Բոլշեւիկեան Ռուսիա Հայաստանը ստիպեց փաստաթուղթ ստորագրելու եւ հրաժարելու Արցախի, Սիւնիքի եւ Նախիջեւանի հանդէպ յաւակնութիւններէն:

Քեմալական Թուրքիա 23 սեպտեմբեր 1920-ին յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ: Հոկտեմբեր 30-ին թշնամին գրաւեց Կարսը եւ շարժեցաւ դէպի Գիւմրի: Նոյեմբեր 18-ին զինադադար կնքուեցաւ Հայաստանի համար շատ ծանր պայմաններով:

Խորհրդային Ռուսիա նոյեմբեր 29-ին ներկայացուց Հայաստանի խորհրդային կարգեր պարտադրող վերջնագիր:

Հայաստան դեկտեմբեր 2-ին խորհրդայնացաւ: Հայաստանի հրաժարած կառավարութիւնը ստորագրեց թուրքերուն առաջարկած պայմանները:

* * *

Հայաստան խորհրդայնացաւ շուրջ 30 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքի վրայ:

Հայկական եւ ազրպէյճանական խորհրդային հանրապետութիւններուն միջեւ սահմանազատման հարցը մնաց չլուծուած: 1923-1929 տարիներուն կազմուեցաւ հողային եւ անտառային վէճերը լուծող յանձնաժողով, որ տարածքային վէճերուն լուծում տուաւ բացառաբար ի վնաս Հայաստանի:

Հայաստանի Հանրապետութեան կազմին մէջ գտնուող ներկայ Տաւուշի մարզի Եուքարը Աքսիփարա, Աշաղը Աքսիփարա, Բաղանիս-Այրում,  Բարխուդարլու եւ Սոֆլու գիւղակները իրենց յարակից հողերով` շուրջ 60 քառակուսի քիլոմեթր, Ազրպէյճանի տրուեցան:

Ազրպէյճան նպատակ ունէր տարանջատել Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան շրջանները եւ պայմաններ ստեղծել իր նուաճողական քաղաքականութիւնը շարունակելու համար:

Ազրպէյճանի յանձնուած բնակավայրերը ԺԹ. դարու վերջաւորութեան նստակեցութեան անցած փոքրաթիւ թուրքերով բնակեցուած էին:

Տիգրանաշէն գիւղը, ներկայ Արարատի մարզին մէջ, 1940-ական տարիներուն կամայականօրէն Հայաստանէն անջատուեցաւ եւ Քիարք անունով Նախիջեւանի ենթակայութեան տակ դրուեցաւ: Տիգրանաշէն ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ հոնկէ կ՛անցնի Արարատի մարզը Վայոց Ձորին կապող միակ միջպետական ճամբան:

Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ Գեղարքունիքի մարզին մաս կազմող Արծուաշէնի շրջակայ հողերը Ազրպէյճանի տրուեցան: Աւելի քան չորս հազար բնակիչ ունեցող գիւղը ամէն կողմէն կղզիացաւ:

* * *

Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու գրաւումը տեղի ունեցաւ այլազան միջոցներով, եւ տարբեր տարիներուն հրատարակուած Խորհրդային Հայաստանի քարտէսները իրարմէ սար ու ձոր տարբերութիւն ունին:

Խորհրդային Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին միջեւ 1923-ին ստեղծուեցաւ Կարմիր Քիւրտիստանը: 1924-ին ստեղծուեցաւ Զանգեզուրի ու Քիւրտիստանի սահմանները որոշող յանձնաժողով: Սահմանին կից գտնուող եւ իւրաքանչիւրը քանի մը տուներէ բաղկացած թրքական գիւղակները պահանջեցին սահմանագիծը գիւղերէն որոշ հեռաւորութեան վրայ դնել, եւ վիճելի հողերուն մեծ մասը անոնց կողմը անցաւ:

Ազրպէյճան աշխատանք տարաւ նաեւ տնօրինելու Գորիս-Կապան ճանապարհը, որ իրեն հետ ոչ մէկ կապ ունէր:

* * *

Ազրպէյճան 1980-ական տարիներուն ամէն գնով կը ջանար Մեղրիի տարածքէն, երկաթուղիին զուգահեռ, դէպի Նախիջեւան ճանապարհ կառուցել:

Ազրպէյճանի նպատակն էր կտրել Հայաստանի զարկերակը: Այսպիսով Հայաստան կը կտրուէր Իրանէն, եւ կ՛իրականանար համաթրքութեան ծրագիրի առաջին փուլը:

Ազրպէյճանի ղեկավար Հայտար Ալիեւ աւելի առաջ չներկայացուց ճանապարհի կառուցման ծրագիրը, որովհետեւ կը սպասէր, մինչեւ որ Նախիջեւան ի սպառ պարպուէր հայերէն:

Հայաստան փորձեց ապացուցել, որ այդ ճանապարհը Ազրպէյճանի համար տնտեսական նշանակութիւն չունի: Բայց յետոյ ի վերջոյ գնաց զիջումի, այսինքն ճանապարհը պիտի կառուցուէր ոչ թէ երկաթուղիին զուգահեռ, այլ Մեղրիի շրջանի խորքով` այն հիմնաւորումով որ ազրպէյճանական տարբերակը կը խանգարէ կառուցումը Մեղրիի ջրամբարին, որով պէտք է լուծուէր ոռոգելի հողերու հարցը:

Հայտար Ալիեւ կրցաւ համոզել Խորհրդային Միութեան նախարարաց խորհուրդի նախագահ Թիխոնովը, որ հարցը քննարկուի միութենական կառավարական նիստին: 1984 դեկտեմբեր 5-ին կազմուած արձանագրութեան համաձայն, ազրպէյճանական տարբերակով ճանապարհի կառուցումը կրնար խանգարել երկաթուղիի աշխատանքը: Բայց մէկ ամիս ետք կազմուած արձանագրութեան համաձայն, կառուցման աշխատանքները չեն խանգարեր երկաթուղագիծի շահագործումը:

Մեղրիի ճանապարհի կառուցումը նպատակ ունէր Հայաստանի տարածքին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ վերահսկուող ռազմավարական յենակէտ մը եւս ստեղծել:

* * *

Խորհրդային Հայաստան, որ 1927-ին 30 հազար 247.6 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն ունէր, հետագային ունեցաւ 29 հազար 742.5 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն:

Հայաստանէն 505.1 քառակուսի քիլոմեթրի կորուստը պայմանաւորուած էր հանրապետութեան սահմաններու վերաձեւաւորումներով:

Այսպիսով, Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ, Հայաստանի սահմանները խորհրդաւոր կերպով եւ օր ցերեկով փոքրացան, իսկ Ազրպէյճանի սահմանները` ընդարձակուեցան:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Արցախեան պատերազմի ընթացքին հայկական կողմը մնացած ազրպէյճանական կղզեակները ընդգրկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան կազմին մէջ, իսկ Արծուաշէն գրաւուեցաւ ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ:

Comments are closed.