Հայաստանի բնակչութիւնը նուազած է 7.5%-ով


 

 

 

Հայաստանի հանրապետութեան ազգային վիճակագրական ծառայութեան Նոյեմբեր 19-ին հրապարակած «Հայաստանի հանրապետութեան մարզերը եւ Երեւան քաղաքը թիւերով» հերթական զեկուցումին մէջ ներկայացուած է Հայաստանի հանրապետութեան մարզերու բնակչութեան թիւը։ Մարզերուն մէջ բնակչութիւնը 1 տարուան ընթացքին նուազած է 13-17 առ հարիւրով։

Արագածոտնի մարզի բնակչութիւն այս մէկ տարուան ընթացքին նուազած է 10 հազարով կամ 6.9 առ հարիւրով, Արարատինը՝ 20 հազարով կամ 7.2 առ հարիւրով, Արմաւիրինը՝ 20.3 հազարով կամ 7 առ հարիւրով, Գեղարքունիքինը՝ 7.5 հազարով կամ 3 առ հարիւրով, Լոռիի մարզինը՝ 47.5 հազարով կամ 17 առ հարիւրով, Կոտայքինը՝ 28 հազարով կամ 10 առ հարիւրով, Շիրաքինը՝ 31 հազարով կամ 11 առ հարիւրով, Սիւնիքինը՝ 11 հազարով կամ 7.3 առ հարիւրով, Վայոց Ձորինը՝ 4 հազարով կամ 6.9 առ հարիւրով, Տաւուշինը՝ 6.5 հազարով կամ 5 առ հարիւրով։

Երեւանի բնակչութիւնը այդ ընթացքին նուազած է 61 հազարով կամ 5.4 առ հարիւրով։ Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի բնակչութիւնը ըստ Ազգային վիճակագրութեան ծառայութեան հրապարակած պաշտօնական այդ տեղեկատուութեան, նուազած է 247 հազարով կամ 7.5%։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.