Արցախէն Տաւուշ՝ իշխանութիւններու պետականաքանդման կորստաբեր վարքագիծը
Վարչապետ Փաշինեանի Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներու հետ հանդիպումը մէկ նպատակ կը հետապնդէր. նոր պատերազմով ահաբեկել գիւղացիները եւ սարսափի մթնոլորտ ստեղծել, որ եթէ Երեանը չկատարէ որոշ սահմանամերձ գիւղերու Ատրպէյճանին զիջելու Պաքուի պահանջը, ապա՝ պատերազմը անխուսափելի կրնայ դառնալ։
Պատերազմի սպառնալիքով ժողովուրդին կը պարտադրուին նոր զիջումներ, մինչ Հայաստանի հիւսիսային պաշտպանութեան պատուարները ամբողջութեամբ կը կազմաքանդուին։ Անկանխատեսելի վտանգաւոր հետեւանքներով լի է իշխանութիւններու անձնատուութեան այս նորագոյն արարը, երբ տարածքներու եւ բնակավայրերու զիջումով անվերահսկելի կը դառնայ երկրի ազատ տեղաշարժի համակարգը, կը վտանգուին հաղորդակցութեան ճանապարհները, ուժանիւթի եւ կազատարերու տարանցման ուղիները ու ջրային պաշարները։
Այս ընթացքով, Հայաստան-Վրաստան միջպետական ճանապարհը, Արարատի, Վայոց Ձորի, Սիւնիքի, Գեղարքունիքի եւ Տաւուշի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող պաշտպանական մեր պատուարները կը յայտնուին թշնամիի վերահսկողութեան տակ։ Հայաստանի հիւսիսային դարպասի պաշտպանական բնագծի ռազմական նշանակութիւն ունեցող բնակավայրերու, բարձունքներու եւ մարտական դիրքերու զիջումով՝ Պաքուի ռազմական անմիջական վերահսկողութեան ներքոյ պիտի յայտնուին Հայաստանի վարչատարածքային միաւորներէն 5-ը։
Արցախը բռնագրաւելէ ետք, Պաքուի իշխանութիւնները հաշտութեան պայմանագիր ստորագրելու կամեցողութիւն ցուցաբերելէ աւելի, յստակ մարտավարութեամբ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները պահանջելով եւ իւրացնելով լծուած են «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի ծրագիրը կեանքի կոչելու գործնական քայլերուն։ Բնականաբար, ատրպէյճանական կողմը 4, 6 կամ 8 գիւղական բնակավայրերով պիտի չգոհանայ եւ ամենայն հաւանականութեամբ, շուտով սկսի պահանջել Հայաստանի քաղաքատիպ բնակավայրերը երիզող տարածքները։
Արցախեան Պատերազմի նախօրեակին, իշխանութիւններու կողմէ 2020 թուականի Յուլիսին հրապարակուած Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան դրոյթներուն մէջ ամրագրուած «Արցախի Անվտանգութեան ապահովում» ենթախորագրի 4.25 կէտը կը նշէ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէս Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր, աջակցում է Արցախի իշխանութիւններին Ատրպէյճանի ռազմական ագրեսիայից եւ հարկադրանքից իրենց բնակչութեանը պաշտպանելու գործում. Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կանխարգելի Արցախի ազգաբնակչութեան բնաջնջման կամ բռնագաղթեցման ցանկացած նոր փորձ»: Փաշինեանի վարչակարգը ոչ միայն չկրցաւ երաշխաւորել Արցախի անվտանգութիւնը՝ այլեւ՝ անկարող եղաւ կանխակայելու Արցախի հայաթափումն ու արցախահայութեան բռնագաղթը։ Ա՛յս է Փաշինեանի վարչակարգի ռազմաքաղաքական ձախող համակարգը։
Գործող իշխանութիւնները ձախողած են ժողովրդավարական արժէքներու արմատաւորման, դատական իշխանութեան անաչառութեան, զինուած ուժերու մարտունակութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան արդիւնաւէտութեան իրենց առաջադրանքներուն մէջ։ Ձախողած են պետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ բնակչութեան ֆիզիքական գոյութիւնը ապահովելու՝ ազգային անվտանգութեան հիմնարար արժէքները իրականացնելու իրենց առաքելութեան մէջ։
Տաւուշի խնդիրը միայն տաւուշցիներու խնդիրը չէ՛, համայն հայ ազգի խնդիրն է։ Ազգակործան եւ կորստաբեր իշխանական խմբաւորութեան դէմ միասնաբար պայքարելու կամք ցուցաբերելով միայն կարելի է վերականգնիլ եւ վերակազմակերպուիլ, եւ այդ մէկը առաջին հերթին կ՚ենթադրէ ժողովուրդի զանգուածները վերստին զգաստացնել՝ որ իր հողին ու իրաունքներուն տէր կրնայ ըլլալ միայն ու միայն այս իշխանութեանց հեռացումով։ Ե՛ւ այս բոլորը ի մի բերելով, ազգովին պէտք է հասկնանք, որ վարչապետին եւ իր վարչակարգին կողմէ մեզի հրամցուածը Խաղաղութեան դարաշրջան չէ՝ այլ՝ Նուաստացումի դարաշրջան է։
«Հորիզոն»ի Խմբագրական
Comments are closed.