Քեսապահայերը Տուն Վերադառնալու Յոյսը Վառ Կը Պահեն
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այժմ Լաթաքիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի ապաստանած քեսապահայերը սնունդի ու ապրուստի համար անհրաժեշտ օժանդակութիւններ կը շարունակեն ստանալ. այս մասին Ուրբաթ, Ապրիլ 4ին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ուղիղ տեսակապի միջոցով յայտնած է Սփիւռքահայութեան շտապ օգնութեան գործադիր մարմինի անդամ Կարօ Մանճիկեան: «Ս. Աստուածածին եկեղեցի ապաստանած քեսապահայերը թաղի գուրգուրանքի առարկան դարձած են: Մեծ ջանք կը թափուի, որպէսզի քեսապցիները գաղթականի իրավիճակէն դուրս բերուին: Չի մարիր Քեսապ բարձրանալու մշուշով պատուած երազանքը», նշած է Մանճիկեան:
\n Ան շեշտած է, թէ քեսապցիները պատրաստ են վերադառնալու Քեսապ, նոյնիսկ եթէ իրենց տուները թալանուած ըլլան կամ քանդուած, քանի որ կը փափաքին պահպանել իրենց պապենական հողերը: Մանճիկեան աւելցուցած է, թէ «սահմանին միւս կողմէն» իրենց հասած հաւաստի տեղեկութեանց համաձայն՝ քեսապցիներու տուներուն կահկարասիները թուրքերու կողմէ կը ծախուին շուկաներու մէջ: «Սա թրքական պետութեան հովանաւորած քաղաքականութիւնն է», ըսած է ան: Ապա անդրադառնալով Քեսապ մնացած տարեցներուն՝ Մանճիկեան նշած է, թէ անոնց թիւը կը հասնի 25ի եւ անոնք ծանր բարոյահոգեբանական վիճակի մէջ են:
\n \n