Եկէք ժամանակաւոր պարտութիւնները վերածենք մշտական յաղթանակներու, ինչպէս Վարդանանքը վերածուեցաւ Վահանեանց

(Արուեստի նկարը Էդուարդ Իսաբէկեանի, «Աւարայրի ճակատամարտը»)

Ստորեւ կը ներկայացնենք 8 Փետրուար 2024-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գ. Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, Թորոնթոյի միջ-յարանուանական մարմնին կազմակերպած Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութեան ընթացքին, օրուան պատգամաբեր դոկտ. Խաժակ Գուլաճեանի արտասանած խօսքը.

Հոգեւոր հայրեր, թորոնթոհայ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, սիրելի հայրենակիցներ.

Անցնող տարիները մեր պատմութեան մէջ արձանագրեցին աղէտ ու պարտութիւն՝ քառասունչորսօրեայ պատերազմ, անթիւ նահատակներ ու զոհեր, արցախահայութեան ծրագրուած շրջափակում, շղթայազերծուած պատերազմ, Արցախի յանձնում եւ բռնի տեղահանութիւն:

Ինչպէս մեր դպորցական Հայոց Պատմութեան դասերուն ընթացքին սորված ենք ու լսած բազմիցս անգամներ, այսօր Հայաստանը կրկին կռուախնձոր է, այս անգամ Հարաւային Կովկասի մէջ մեծապետական ուժերու միջեւ մրցակցութեանց եւ հակադրութեանց արդիւնքով: Այսպէս՝ թշնամիներ շրջապատած են Հայաստանը, աշխարհաքաղաքական ուժեր լծուած են Հայաստանն ու հայութիւնը վերացնելու աշխատանքին: Միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի մեր տեսլականն ու կամքը սկսած է տեղի տալ, հակառակ տարուող աշխատանքին ու նուիրումին: Արցախը դատարկուած է իր բնիկ ժողովուրդէն: Մեծ է յուսախաբութիւնը, ծանր է տագնապը, անորոշ է մեր ճակատագիրը:

Բնականաբար այս կացութեան մէջ պիտի հարցնենք՝ ինչո՞ւ հաւաքուած ենք այսօր հոս: Ի՞նչ է Վարդանանց հերոսամարտը, որ իր արձանագրած բարոյական յաղթանակին համար պէտք է յիշատակենք: Ինչո՞ւ նշել դէպք մը, որ 15 դար առաջ տեղի ունեցաւ:

Սիրելիներ, այսօր կը նշենք Վարդանանքը՝

Որովհետեւ աւելի քան տասնհինգ դար ետք իսկ նոյն վիճակին ենք. ահաւոր է ներազգային մեր կեանքը.:15 դար առաջ պարսիկին հետ, իսկ հիմա ալ թուրքին հետ մտերմանալու եւ անոր հետ հրճուելու պահերը միայն ափսոսանք կը պատճառեն պատմութիւն գիտցող եւ տրամաբանութիւն ունեցող հայուն համար:

Որովհետեւ Վարդանանցը մեր հաւատքի, մեր ազգային արժէքներուն ու սկզբունքներուն հանդէպ մեր ժողովուրդին ցոյց տուած դիմադրողականութիւնն է: Մեր գոյապայքարն է՝ իբրեւ ազգ ապրելու իրաւունքէն չզիջելու: Տեղի չտալու սկզբունքն է:

***

Կռուախնձոր է ըսի քիչ առաջ: Տեսնենք թէ ինչպէ՞ս:

Ատենին, երկու հզօր կայսրութիւններ` Պարսկաստան ու Բիւզանդիոն, մրցակիցներ էին նոյնանման աշխարհաքաղաքական ձգտումներուն մէջ, եւ իրենց փափաքն էր բնաջնջել մեր ազգային ինքնութիւնը թէ՛ Հայաստանի բաժանումով (387 թ.) եւ թէ՛ հայոց պետականութեան կազմաքանդումով:

Այսօր՝ երկու այլ պետութիւններ են՝ Ռուսիան եւ Թուրքիան, արեւմուտքի հետ միասին, որոնք նոյն քաղաքականութիւնը կը վարեն:

Ահա նմանութիւն մը 451-ի եւ այսօրուան միջեւ: Նշեմ այլ նմանութիւններ.

Ատենին՝ սկսած էր տկարանալ Արշակունիներու թագաւորութիւնը, որ Հայաստանի մէջ հաստատուած պարսկամէտ կուսակցութեան համար լաւ առիթ էր։ Պարսկամէտ կուսակցութիւնը կը վարէր ձուլումի քաղաքականութիւն։ Պարսիկ պետութիւնը կ’աջակցէր նոր աղանդաւորական շարժումի՝ մանիքեականութեան (Մանիչեիսմ), որ քրիստոնէական եւ զրադաշտականութեան (Զիոնիսմ) միաձուլումն էր։ Այդ քայլով պարսկական արքունիքը կը միտէր քանդել Հայաստանի քրիստոնէութեան հիմքերը եւ ներմուծել պարսկական կրօնին համահունչ տարրեր, ինչպէս՝ կրակապաշտութիւնը։ Այս աղանդին աջակից էին հայոց պարսկասէր կուսակցութիւնը։

Այսօր ալ քաոսային վիճակ կը պարզէ Հայաստանի ներքին իրականութիւնը: Ներքին պառակտում, այլամերժում, անհանդուրժողութիւն, զիրար ամբաստանելու տգեղ երեւոյթ, հայոց հողին վրայ ապրող հսկայական թիւով աղանդներ, կազմակերպութիւններ ու օտարի լուծին սպասարկող միութիւններ, հայ եկեղեցին հայոց պետութենէն արմատախիլ ընելու փորձեր թունաւորած են մեր երկիրն ու ժողովուրդը եւ մեզ կը տանին դէպի ազգաքանդում:

Ատենին՝ եղան քաղաքական ուժեր, որոնք ուզեցին տեղի տալ թշնամիին եւ ընդունիլ զրադաշտականութիւնը: Եղան նաեւ Վասակ Սիւնիի նման կամակատարներ, որոնք համոզուած էին, որ Պարսկաստանը շատ աւելի հզօր էր Հայաստանէն, եւ թէ պէտք էր տեղի տալ, բայց նաեւ կառուցել այնպիսի պետութիւն մը, ուր կարեւոր չէր պետական լեզուն, պետական կրօնը, կարեւոր չէր նոյնիսկ թէ ո՞վ պիտի ապրէր այդ պետութեան սահմաններուն մէջ: Կուրացած փառամոլութենէ՝ Վասակ Սիւնիի նպատակը Պարսկաստանը խաբելով, տեսակ մը Բիւզանդիայի նման անդէմ ու անդիմագիծ խառնարան մը կառուցելու, անհասկնալի պետութիւն մը ստեղծելու մոլուցքն էր, որուն ղեկը պիտի ստանձնէր ինքը։

Այսօր ալ ունինք թշնամիին առջեւ ծունկի եկած իշխանութիւն մը, որ նման պետութիւն մը կ’ուզէ կառուցել, գոհացում տալով արտաքին կարգ մը ուժերու, որպէսզի վարչապետի պաշտօն զբաղեցնող էակին իշխանութեան գլխուն մնալը ըլլայ ձեռնտու: Երեւակայեցէք, որ ան ոչ միայն արցախահայերու ցեղասպանութեան պահուն ժողովուրդը չպաշտպանեց, այլեւ աշխատանք տարաւ, որ թէ՛ հայկական պաշտօնական կողմը, թէ՛ ալ արտաքին աշխարհը լուռ մնան: Երեւակայեցէք, որ ան պատրաստ է հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու, որուն կրնայ հետեւիլ հայ թրքական համաձայնութեան մը կնքումը, եւ արդէն յստակ է, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ այդ պարագային: Երեւակայեցէք, որ թշնամի պետութեան տեղական կամակատարը, նոյն օրը երբ դրացի բռնապետը պահանջեց որ հրաժարինք մեր Անկախութեան Հռչակագիրէն, որ ի շարս այլոց կ’ընդգրկէ հրաժարիլ մեր քայլերգէն, ազգի պատմութենէն, հաւատքէն եւ ինքնութենէն, առանց ամօթի, տառացիօրէն նոյնը յայտարարեց։ Սիրելիներ, ո՞ւր մնաց պատիւ, արժանապատուութիւն, հաւատք… միայն թուլամորթ բարբաջանք, միայն խեղճութիւն, միայն վախ։

Այսքան՝ նմանութիւնները: Բայց ի՞նչ էին տարբերութիւնները 451-ին եւ այսօրուան միջեւ:

451 թուականը, օրին, սարսափազդու դէպքի մը թուականը չէ եղած, ինչպէս եղան 2020 Սեպտեմբերէն ցայսօր երկարող ժամանակաշրջանը: Այլ` 451 թուականը հանդիսացաւ ազգային բովանդակութիւն ունեցող դէպքերու շարք մը, ուր Աւարայրի հողին վրայ հայութիւնը ցոյց տուաւ իր կամքն ու կորովը` դէմ դնելու թշնամիին ու իր ազգային արժանապատուութիւնը մահով իսկ վեր պահելու: Նահատակուեցաւ Վարդան: Այո, եւ անոր մահով ու մեր պարտութեամբ, հիասթափուեցաւ հայութիւնը օրին, սակայն շնորհիւ Վահան Մամիկոնեանի եւ իր զինակիցներուն, այս անգամ պիտի մղուէին փարթիզանական կռիւներ, աւելի քան երեսուն տարի, եւ պիտի յաջողէր այդ բարոյական յաղթանակը իսկական յաղթանակի վերածել՝ 484-ի Նուարսակի դաշնագիրով, ըստ որուն քրիստոնէութիւնը Հայաստանի պետական կրօն կը ճանչցուէր, երկրի կառավարումը կը յանձնուէր հայ տոհմի աւագանիին, պետական պաշտօններու բաշխումի ընթացքին, նախարարական տուներու առաջնորդներուն նշանակումը պիտի կատարուէր նախարարներու ժառանգական իրաւունքներու համաձայն, եւ ոչ՝ Սասանեաններու հայեցողութեամբ։ Պայմանագիրի արդիւնքով Վահան Մամիկոնեան կը ճանչցուի որպէս Հայաստանի գերագոյն կառավարիչ։ Հայաստանը կը դառնայ կիսանկախ երկիր, ունենալով իր ինքնավարութիւնը։ կը ձախողին Հայաստանը Պարսկաստանի վարչական մարզ դարձնելու եւ հայերը կրօնափոխելու բոլոր փորձերը։ Հայաստանը կը պահպանէ նաեւ իր տնտեսական ու մշակութային զարգացման հնարաւորութիւնները։

Ամփոփենք՝ Վարդանանցը չաւարտեցաւ Աւարայրով: Աւարայրը ընդհանուր պատերազմին մէկ ճակատամարտն էր, որուն յաջորդեց Վահանեանքը, որ կը միտէր պատերազմը շարունակել նոր ռազմավարութեամբ, Ճակատ ճակատի բախումները վերածելով կէրիլլայական-հայդուկային կռիւներու, որ թշնամին ներքաշեց երկար ու սպառիչ պատերազմի մէջ:

Աւարայրը ուրեմն, այդ օրերու քաղաքական կացութեան պարունակին մէջ նայած, պէ՛տք էր՝ ազգովին դիմադրութեան ոգին վերիմաստաւորելու, ազգ-բանակի վերածուելու եւ առաջնորդուելու պատերազմի դաշտ` աշխարհականով եւ եկեղեցականով, մեծով ու փոքրով, ո՛չ ըսելու կրօնափոխութեան եւ անձնատուութեան:

Աւարայրը մերժումի ոգին էր, որ պատճառ դարձաւ Աւարայրի պարտութենէն ետք նոյնիսկ, պայքարի հունը արագօրէն վերակազմակերպելու, նոր յաջողութիւններ ձեռք բերելու եւ դիւանագիտական յաղթանակի յանգելու՝ Նուարսակի պայմանագիրով:

Այսօր սակայն՝ հիասթափութիւնը այնքան խոր է ու անդարմանելի, որ միայն հրաշք մը պիտի կարենայ հայութեան վերադարձնել երբեմնի ազգային ինքնավստահութիւնը, ինչպէս պատահեցաւ 1918-ի Մայիսին: Սփիւռքահայը իր համայնքակերտումի եւ համայնքապահպանումի հարցերուն կողքին, յուսալքուած է Հայաստանի իշխանութենէն եւ Հայաստանի ժողովուրդի անտարբերութենէն: Բացի փոքր հատուածէ, դարձած է անտարբեր ու համակերպող: Որովհետեւ տրաումա-է յետոյ, յուսահատութիւնը ամենահեշտ փախուստն է. ցոմֆորտ զոնե է, բայց նոյնքան եւ աւելի վտանգաւոր է, քան մեր թշնամին: Այս հիասթափուած վիճակով ոչ միայն չենք հասնիր նոր Նուարսակի պայմանագիրի, այլեւ խոցելի դառնալով մեզի պիտի պարտադրուին այսպէս կոչուած խաղաղութեան նոր համաձայնութիւններ, բան մը որուն ճամբուն վրան ենք արդէն:

Ահա ասոնք են դառն իրականութիւնները, որոնց համար պէտք է յիշատակել Վարդանանքը, որպէսզի սնուինք անոր ոգիով:

Սիրելիներ, մենք պարտաւոր ենք ամենաարագ միջոցին դուրս գալ ստեղծուած քաղաքական ու զինուորական այս թնճուկէն եւ ճշդել մօտիկ ապագայի մեր ընելիքը: Միասնականութեան եւ ոչ խտրականութեան ու այլամերժումի կեցուածք է պէտք, որպէսզի յաջողցնենք մեզի այնքան պէտք Վահանեան շարժումը, որ վերստին ամրացնէ դիմադրութեան ոգին, վերականգնէ ազգային արժանապատուութիւնը, համախմբէ ազգը, կիրառէ առողջ դիւանագիտութիւն եւ մանաւանդ ստիպէ Նուարսակի դաշնագիրին նման պատուաբեր խաղաղութեան համաձայնագիր:

Ապազգային մարդիկ չեն կրնար այդ գործը կատարել:

Ուրեմն, մենք ի՞նչ ընենք, այսօր, հոս.

Նախ ընդունինք, որ մեր համայնքը՝ թորոնթոհայ համայնքը, սփիւռքի տարբեր համայնքներու նման ապրող եւ յարափոփոխ էութիւն է։ Ապա պայքարինք լճացումին եւ «այս ալ մեր ճակատագիրն է»ի հոգեբանութեան դէմ: Ընդունինք, որ իբր համայնք շատ աւելի յաճախ յաջողած ենք քան հակառակը: Փա՞ստը՝ թորոնթոհայ համայնքը այցելող տարբեր հիւրեր եւ անձնաւորութիւններ միշտ ու միշտ գնահատանքով արտայայտուած են տարիներու ընթացքին կատարուած հսկայական աշխատանքին՝ հայ դատի, համայնքային, կրթական, տնտեսական ոլորտներուն մէջ։ Այս բոլորը կարելի եղած են շնորհիւ մեր համայնքի միասնականութեան: Վկայ այս ձեռնարկը կազմակերպող միջ-յարանուանական մարմինը, վկայ Արցախեան 44-օրեայի ընթացքին յառաջացած Օնթարիոյի Հայկական Միացեալ Խորհուրդը (ՈւԱՑՈ): Պատիւ ու խոնարհում անոնց, որոնք այս կազմակերպութիւնները ստեղծելու գաղափարը մէջտեղ բերին ու իրագործեցին:

Սիրելիներ, եկեղեցի, դպրոց եւ կեդրոններ-միութիւններ՝ միասնական եռեակով է որ պէտք է շարունակենք գործել: Զիրար հանդուրժելով, իրարու հասցէին լուտանքներ չտալով, ինչպէս պատահեցաւ 2023-ի աշնան, որուն գլխաւոր պատճառը Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնն է, որով կը փորձեն քանդել այն ինչ կառուցուած է տասնամեակներ շարունակ: Շնորհիւ մեր միասնական դիմադրութեան եւ խոհեմ ղեկավարներուն, անոնք մինչ օրս ձախողեցան եւ պիտի շարունակեն ձախողիլ:

Այս բոլորին կողքին, համայնք պահելու կողքին, պէտք է գիտակցինք, որ սփիւռքեան համայնքներն ու հայրենիքը իրարմով կ’իմաստաւորուին, եւ մէկը առանց միւսին չի կրնար գոյատեւել: Ուրեմն, մեր ազգային դաստիրակութեան մէջ անպայման ընդգրկել հայրենիքի գաղափարը եւ սորվեցնել մեր զաւակներուն, որ Հայաստանը սփիւռքէն եւ սփիւռքը Հայաստանէն կտրելու բոլոր ջանքերը, որոնք կ’իրագործուին այս իշխանութիւններուն կողմէ, անընդունելի են։

Սիրելի ներկաներ, այս նշածներս իրագործելու համար անհրաժեշտ է հաւատք եւ հետեւողական ու ծրագրուած գործ՝ բոլոր ոլորտներու մէջ անխտիր, որպէսզի յարգուած եւ նկատի առնուած պետութիւն եւ ազգ դառնանք այս աշխարհին մէջ:

Սիրելիներ, պատմութիւնը պարբերաբար մեզ դրած է ինքնութեան եւ կեղծ բարեկեցութեան ընտրութիւններու դիմաց: Եւ իւրաքանչիւր անգամ ընտրած ենք ինքնութիւնը, թերեւս անոր մէջ տեսնելով Աստուածային նախախնամութիւն եւ պատգամ։ Իւրաքանչիւր անգամ ալ անոր համար սուղ վճարած ենք, սակայն եւ իւրաքանչիւր անգամ Աստուած մեզ պարգեւատրած է իր շնորհներով՝ մեր ուժի, կորովի եւ աննահանջ հաւատքին համար։ Ի՞նչ իմաստ ունի կեանքը առանց հաւատքի, արժանապատուութեան ու պատիւի։ Կեանքը մեր գրպանները եւ փորը լեցնելու համար չէ տրուած, այլ հաւատալու, պայքարելու, սորվելու եւ ստեղծելու։

Եկէք ժամանակաւոր պարտութիւնները վերածենք մշտական յաղթանակներու, ինչպէս Վարդանանքը վերածուեցաւ Վահանեանց:

Եկէք շարունակենք դիմադրել՝ պաշտպանելու համար մեր ու յաջորդ սերունդներուն հաւատալու, պայքարելու, սորվելու եւ ստեղծելու իրաւունքը, որպէսզի հասնինք Վահանեանց յաղթանակներուն։

Կը հաւատամ որ այդ օրը պիտի գայ եւ շուտով:

 

Աղբիւրներ՝

https://www.pastinfo.am/hy/news/2020/09/22/%C2%AB%D5%86%D5%AB%D5%AF%D5%B8%D5%AC-%D5%93%D5%A1%D5%B7%D5%AB%D5%B6%D5%B5%D5%A1%D5%B6%D5%A8-%D5%B4%D5%A5%D6%80-%D6%85%D6%80%D5%A5%D6%80%D5%AB-%D5%8E%D5%A1%D5%BD%D5%A1%D5%AF-%D5%8D%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%AB%D5%B6-%D5%A7%C2%BB-%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%AF%D5%A1%D5%A6%D5%B8%D6%82%D5%B6-%D4%B1%D5%AC%D5%BE%D6%80%D6%81%D5%B5%D5%A1%D5%B6/1060002

https://www.aztagdaily.com/archives/572957

https://www.aztagdaily.com/archives/572954

https://mediamax.am/am/news/pahoc/47535/

https://horizonweekly.ca/en/%D5%B0%D5%B0-%D5%AB%D5%B7%D5%AD%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%AB%D6%82%D5%B6%D5%B6%D5%A5%D6%80%D5%A8-%D5%AF%D5%A8-%D5%B5%D5%A1%D5%B5%D5%BF%D5%A1%D6%80%D5%A1%D6%80%D5%A5%D5%B6-%D5%A9%D5%A7/

Comments are closed.