«ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱՇՏԵՑՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ՞», ՀԱՐՑ ԿՈՒ ՏԱՅ «ԵՈՒՐԷՅԺԱՆԵԹ»
«ԵուրէյժաՆեթ» կայքէջի պլոկի հեղինակ Կէորկի Լոմսածէի յօդուածով մը կ՚անդրադառնայ հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացին։
Լոմսածէ կը գրէ.«Իբրեւ կանոն, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ խաղաղութիւն հաստատելու պարբերական ջանքերը կը բախին պատին, սակայն կը թուի, թէ բարկացած հարեւանները հերթական անգամ մերձեցման քայլ կը կատարեն։ Թուրքիան հրաւիրուած է Երեւանի մէջ սեւծովեան վեհաժողովին մասնակցելու, եւ Անգարան, ըստ հաղորդագրութեանց, կը փորձէ վերականգնել միջնորդութեան տապալուած միջազգային գործողութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ ամէնէն երկարատեւ վէճերէն մէկուն վերջ տալու համար։ Մեկնաբանութեան կարիք ունեցող պատճառներով՝ Անգարա վերջերս յիշեց արտաքին քաղաքականութեան իր գլխաւոր ծրագիրի մասին, որ կը կրէ հաւակնոտ «Զերօ խնդիր հարեւաններու հետ» անունը, որպէսզի կոչ ուղղէ՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու, ինչպիսին ալ ըլլայ այդ։ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հրադադարի դրութեան խախտումը յաճախակի կը կրկնուի եւ պատերազմի վերսկսումը աւելի կ՚անհանգստացնէ միջազգային ընտանիքը։
«Սակայն այսօր Միացեալ Նահանգներ ամէն ինչ գաղտնի կը պահեն։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ազրպէյճանի ու Հայաստանի նախագահներուն հետ՝ վերջիններուս հանդիպումէն անմիջապէս առաջ, որ կայացած էր Վիեննայի մէջ Նոյեմբեր 19-ին, սակայն նոյն օրը հարց տրուեցաւ այս մասին, եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը ըսելիք չգտաւ։ Ան չէ նշած, որ Քերրի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ խօսած է Հայաստանի հետ հաշտեցման մասին։ Տաւութօղլուն յայտարարած էր, որ եթէ Ալիեւի ու Սարգսեանի բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց նկատուի, ապա ան Դեկտեմբեր 12-ին ներկայ պիտի ըլլայ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան Երեւանի մէջ կայանալիք ժողովին։ Նախագահական խօսակցութիւններու 20 տարուան պատմութենէն ետք, այս ամէնը կապուած է մեծ «եթէ»-ի մը։ Ինչպէս միշտ, Վիեննայի հանդիպումէն ետք քիչ բան հրապարակուեցաւ՝ բացի ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած աշխատանքներու երկկողմանի պատրաստակամութիւնը։ Այս պահուս հորիզոնին վրայ նոր գաղափարներ չեն երեւիր։
Թրքական «Թուտէյզ Զաման» թերթը այս ամիս կը հաղորդէր, որ Տաւութօղլու Զուիցերիայէն խնդրած էր Հայաստանին յուշել Ղարաբաղի մօտակայ երկու շրջաններ յանձնել Ազրպէյճանին, ինչ որ Անգարայի թոյլ պիտի տայ հաշտեցման արձանագրութիւններու վրայի փոշին մաքրելու։ Ըստ թերթի, Զուիցերիան խօսք տուած է առաջարկը փոխանցել Հայաստանին։ Իսկ Երեւանը այդ մասին նախապէս ալ լսած էր։ Ամէնայն հաւանականութեամբ, պաշտօնական պատասխանը պիտի ըլլայ՝ «Գրպանդ բաց պահէ»։
«Ծառայութիւն ծառայութեան դիմաց» մօտեցումը մահացու հարուած պիտի հասցնէ Հայաստանի հետ հաշտեցման։ Տեղական լրատուամիջոցները այս փուլէն ոչինչ կ՚ակնկալեն։ Համացանցային թերթերէն մէկը Անգարայի փորձերը անուանած է «մշտական տոմս» դէպի «դիւանագիտական ձախողութիւն»։ Այնպէս որ, ամէն ինչ դարձեալ կը սկսի»։