ԲԵԹՂԷՀԷՄԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ԱՆՎԵՐԱՊԱՀ ՍԷՐ ԵՒ ԱՆՍԱՀՄԱՆ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆ
373
0
Այսօր տօն է Սուրբ Ծննդեան։
Այսօր դարձեալ կը փայլի աստղը Բեթղէհէմեան աւետելու ծնունդը՝ Արեգակին, ծնունդը՝ Խաղաղութեան Իշխանին, ծնունդը՝ Նոր Ադամին, ծնունդը՝ Անսահման ողորմութեան, ծնունդը՝ Յոյսի եւ անվերապահ Սիրոյ։
Այսօր Բեթղէհէմի մսուրէն մարմնացեալ անվերապահ սէրն է, որ ճառագայթելով կը պատգամէ, պատրաստ է տնօրինական Իր կեանքը ապրելու եւ Իր անձը ընծայաբելերու ինծի եւ քեզի համար, բոլորիս համար։ Իսկ մարդը ճիշդ հակապատկերը Աստուծոյ՝ մարմնացեալ ապերախտութիւն, եսասիրութիւն, անմարդասիրութիւն։ Սակայն Աստուած այս բոլորին դիմաց դեռ եւս կը վստահի մարդուն եւ գիտէ՞ք ինչու․ որովհետեւ կը սիրէ՛ մեզի եւ անվերապահօրէն կը սիրէ։ Իր սէրը փոփոխական չէ, չի փոխուիր երբեք այլ կը փոխէ ու կը կերպարանափոխէ մեզ։
Ցնծանք եւ օրհնաբանենք։
Լսենք ձայնը դարերու խորքէն եկող եւ դարերուն գացող ձայնը հրեշտակային, աւետաբեր ձայնը յոյսի. «Այսօր Դաւթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղկ 2.10)։
Մութ ու ցուրտ, աղքատիկ մսուրին մէջ Աստուածորդին է որ ծնաւ, հեռու մարդկային ժխոռէն, լուռ ու սուրբ գիշերուան մէջ։
Ծնաւ նոր Արքայ մը Բեթղէհէմ քաղաքին մէջ։ Միթէ արժանի չէ՞ր սքանչելի ու շքեղ եւ արժանավայել պալատի մը մէջ ծնելու։ Սակայն, յստակ է պատգամը Բեթղէհէմեան՝ խոնարհութիւն, պարզութիւն, անսահման ողորմութիւն ու կարեկցանք եւ Աստուածային անվերապահ սէր։
Սէր մը, որ հնարաւորութիւնը կու տայ մեզի վերանորոգուելու, վերածնելու, մէկ խօսքով կերպարանափոխուելու։
Աստուածորդիին ծնունդը կու գայ յիշեցնելու մեզ, որ զԱստուած պէտք է փնտռենք, ճանչնանք, լսենք ու հետեւինք Իրեն։ Սակայն ո՞ւր պէտք է փնտռենք։ Դժբախտաբար երբեմն կ’երթանք տարբեր մսուրներու մէջ փնտռելու․ մսուրներ, որոնք դատարկութեամբ, նիւթապաշտութեամբ, ատելութեամբ, թշնամութեամբ եւ ոխակալութեամբ լեցուն են եւ դէպի անդունդ կ’առաջնորդեն։ Պէտք է փնտռենք իսկական Բեթղէհէմեան մսուրը, որ թէեւ աղքատիկ եւ ցուրտ է, սակայն հարազատ ու տաքուկ է եւ Աստուածային անվերապահ սիրով լեցուն է։
Հակառակ մարդուն ապերախտութեան, անհնազանդութեան «Բանն մարմին եղեւ եւ բնակեաց ի մեզ» (Յհ 1.14)։ Աստուածորդին մարդացաւ, մարմին զգեցաւ եւ Իր բնութիւնը միաւորեց մարդկային բնութեան։ Աստուածորդիին մարդեղութեամբ նոր սկիզբ ունեցաւ վերանորոգուած եւ վերածնուած մարդը։ Աստուածորդիին ծնունդով Ադամական անէծքը վերցուեցաւ եւ փրկութեան խոստումն է, որ կատարուեցաւ որովհետեւ «Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16)։
«Մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ մը մեզի համար մարմնացաւ», որպէսզի խաւարը վերացնէ եւ լոյսը հաստատէ, չարին յաղթէ եւ բարին հաստատէ, մեղքը հեռացնէ եւ մեզ փրկութեան առաջնորդէ:
Դժբախտաբար այսօրուայ աշխարհը դարձեալ մթագնած է եւ մարդը տագնապի մէջ է։ Խաւարը դարձեալ կը տիրէ, որովհետեւ լոյսը բացակայ է։ Ամենուրէք պատերազմներ կը տիրեն, որովհետեւ բացակայ է Իշխանը Խաղաղութեան։ Մարդկային հոգին անհանգիստ է եւ մոլորութեան մէջ է։ Ամէն տեղ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, բարոյական հարցեր գոյութիւն ունին, որոնք անորոշ վիճակի կը մատնեն մեզ եւ ամենուրէք անկայուն կը դարձնեն մեր կեանքը եւ կը խաթարեն բոլոր արժէքները։ Մարդը իր նմանին չի հանդուրժեր այլեւս, որովհետեւ կը հեռանայ Բեթղէհէմեան պատգամէն, խոնարհութեան ու պարզութեան, խաղաղութեան ու արդարութեան, եւ մանաւանդ անվերապահ սիրոյ կեանքէն։ Մարդը իր եսասիրութեամբ, նիւթին, փառքին ու աթոռին գերին դարձած է հեռանալով քրիստոսնէական սկզբունքներէն եւ մանաւանդ հեռանալով Միակէն, Ճշմարիտէն եւ Փրկիչէն։
Այսօր, առաւել եւս մեր հայեացքը պէտք է դարձնենք դէպի Բեթղէհէմ հանդիպելու ու երկրպագելու Արդարութեան Արեգակին, Խաղաղութեան Իշխանին եւ Յոյսի Աբղիւրին, անվերապահ սիրով լեցուելու, մեր մթագնած ազգային կեանքը լուսաւորելու, վշտաբեկ սրտերը մխիթարելու եւ մեր հաւաքական կամքը պրկելու, չտկարանալու, այլ ընդհակառակն հաւատքով զօրանալու, յուսալու եւ վաղուան պատրաստուելու նոր յաղթանակներ կերտելու համար ։
Եկէ՛ք ձերբազատենք մենք զմեզ անցեալի տագնապէն, սակայն միշտ պահելով հայու ոգին ու ինքնութեան գիտակցութիւնը։ Շարունակենք մեր հոգեւոր եւ ազգային ճանապարհորդութիւնը առանց հեռանալու մեր արմատներէն եւ արժէքներէն Շարունակենք մեր պայքարը անհատական, ընտանեկան եւ ազգային առանց վհատելու, միշտ պահելով անքակտելի կապը Յոյսի Աղբիւրին։
Կ՚աղօթեմ, որ 2024 թուականը հայ ժողովուրդին համար ըլլայ առաւել արթնութեան, զգաստութեան, քաջութեան, վերանորոգման, խոհեմ կեցուածքի տարի։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի
Comments are closed.