Ատրպէյճանի Հրասայլային Գունդեր Կը Ղրկէ Դէպի Արցախի Սահման
1360
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նորանշանակ պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հրաման արձակած է Պաքուի Փիրաքեշքիւլ եւ Հաճի Զէյնալապիտին Թաղիեւ (Նասոսնի) աւաններու զինուորական բաժանմունքներուն մէջ տեղակայուած հրասայլային գունդերու վերատեղաբաշխման կապակցութեամբ:
Ըստ ատրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցներուն՝ հրասայլային ստորաբաժանումները ուղարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ սահմանակից Պարտայի շրջան: Այս լուրը հաղորդած ատրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցները զայն գնահատած են՝ գունդերը «դէպի ճակատ ղրկել»ու համազօր քայլ մը: