Նշուեցաւ հայ հետախոյզի եւ մասնայատուկ ուժերու (special forces) զինուորի օրը
«Հայնիուզ» կայքէջը կը գրէ, որ արցախեան պատերազմի ժամանակ ջոկատներու եւ ինքնապաշտպանութեան ուժերու կազմին մէջ ձեւաւորուեցան առանձին հետախուզական խումբեր, որոնք տեղեկութիւններ կը հայթայթէին հակառակորդի մասին, նոյն ատեն, թշնամիի թիկունքին կ՚իրականացնէին ռազմական գործողութիւններ։ Արդէն 5 նոյեմբեր 1992-ին աւարտեցաւ կամաւորական ջոկատներու հիման վրայ Հայաստանի զինեալ ուժերու հետախուզական զօրամասի ձեւաւորումը եւ ճիշդ այդ օրն ալ աւելի ուշ, Հայաստանի զինեալ ուժերուն մէջ պաշտօնապէս ճշդուեցաւ հետախուզական ուժերու օր։
Նոյեմբեր 5-ին, Արզնիի օդակայանին մէջ յատուկ արարողութեամբ նշուեցաւ հայ հետախոյզի օրը: Այս «անտեսանելի» մարտիկներու օրը չէր կրնար անցնիլ առանց համապատասխան «ռազմական գործողութիւններու»։ Զինուոր-հետախոյցերը ներկայացուցին թշնամիի դիրքի գրաւման եւ զինուորական փոխադրական շարասիւնի վրայ յարձակման գործողութիւններ։ Բացի մասնայատուկ ուժերու անդամներէն, իրենց վարպետութիւնը ցուցադրեցին ռազմական թեքուանտոյի եւ քինկ-չու մարտարուեստի ֆետերասիոններու սաներն ու «Փոքր Մհեր» կրթական համալիրի հայկազունները։ Օրուան անակնկալը, սակայն, 40 անկարգելաւորներու եւ յատուկ նշանակութեան ջոկատներու մարտիկներու առաւելագոյն բարձրութենէն ազատ անկումով անկարգելով թռիչքներն էին։ Իսկ ռազմական միջոցառումին աւարտին, ինչպէս միշտ հետախոյզները, ներառեալ՝ աղջիկներ, իրենց ատամները գործի լծելով «համտեսեցին» հում ճագար, օձ, որդեր, ձուկ եւ հաւ, որուն յաջորդեց հետախուզական զօրքերու եւ Յատուկ նշանակութեան ջոկատի շարք մը սպաներու եւ զինուորներու գերատեսչական մետալներով պարգեւատրումը։ «Արզնի» օդակայանին մէջ ցուցադրական մարտական փորձերուն ներկայ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, սպայակոյտի պետ Եուրի Խաչատուրով, Հայաստանի զինեալ ուժերու բարձրաստիճան սպայակազմը եւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ զինուորական կցորդները հերթական անգամ համոզուեցան, որ Հայաստանի զինեալ ուժերու հետախուզական ուժերը ֆիզիքապէս եւ հոգեբանօրէն պատրաստ են լուծելու իրենց առջեւ դրուած խնդիրները։ Ի դէպ, մինչ այդ՝ անոնք ծանօթացան հետախոյզներու զինանոցին մէջ գոյութիւն ունեցող զէնքերուն, զրահազգեստներուն, կապի եւ դիտարկման մասնագիտական միջոցներուն։
Սէյրան Օհանեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ «մեր հետախուզութիւնը փորձառութիւն ունի. անոնք մեծ փորձառութիւն ունին միջազգային, համաշխարհային հետախուզութեան մէջ։ Այդ ամէնը փոխանցուած է մերօրեայ հետախոյզներուն, որոնք արցախեան պատերազմին մէջ եւ յետպատերազման տարիներուն բարձր մակարդակով կատարեցին իրենց առաքելութիւնը։ Այսօր դուք տեսաք անոնց վարպետութեան բարձր աստիճանը։
«Հետախոյզներէն կը պահանջուի ոչ միայն ֆիզիքական, այլ նաեւ՝ մտքի եւ կամքի ուժ, որպէսզի խելամիտ վարուին, յատկապէս, երբ հակառակորդի դաշտին մէջ են։ Կը վստահեցնեմ՝ ամէն բան պիտի ընենք, որ երկինքը կապոյտ եւ խաղաղ ըլլայ, ժողովուրդն ալ ապահով»։