Գանատայի աշխատանքի եւ կնոջական հարցերու նախարար Քէլի Լիչ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած դասախօսական հանդիպումին պատգամաբեր


 

Մարտ 1-ին, Թորոնթոյի Ռիչմընտ Հիլ շրջանի Շերաթոն պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած դասախօսական հանդիպում-հաւաքը, որուն գլխաւոր բանախօսներէն մէկն էր Գանատայի աշխատանքի եւ կնոջական հարցերու նախարար Քէլի Լիչ։ Նախարարուհին իր խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց Հայ Օգնութեան Միութեան տարած աշխատանքը Գանատայի մէջ։ Իր պատգամին մէջ, նախարարուհին շեշտեց, որ նախարարութեան նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած է «զօրաւոր կիներ, զօրաւոր Գանատա» ծրագիրը, որուն նպատական է կին գործարարներու գործօն դերակատարութեամբ զարկ տալ Գանատայի տնտեսութեան եւ այլ բնագաւառներու զարգացման։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.