Կարսի Քաղաքապետը Կը Վիրաւորէ Հայերը
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանակից Կարսի քաղաքապետ Նեւզաթ Պոզքուշ քաղաքական գործիչի չյարմարող եւ անպատասխանատու արտայայտութիւններ ունեցած է հայերուն հասցէին:
Թրքական «Տիատինեթ» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Կարսի քաղաքապետը պատկերասփիւռային յայտագիրի մը ընթացքին հանդէս եկած է հայերու հանդէպ թշնամութիւն սերմանող արտայայտութիւններով: Պոզքուշ հայերը մեղադրած է ատրպէյճանցիները «ցեղասպանութեան» ենթարկելու յանցանքով՝ միաժամանակ պնդելով, թէ հայերը նոյնիսկ ողջ ատրպէյճանցիներուն աչքերը կը հանէին:
Կարսի քաղաքապետը շեշտած է, թէ դէմ է Հայաստանի հետ սահման բանալու գաղափարին, այնքան ատեն, որ չէ լուծուած Արցախի հարցը եւ հայերը չեն հրաժարած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարէն:
Պոզքուշ յիշատակած է նաեւ հայ-թրքական սահմանը խախտած եւ ռուս սահմանապահներու կողմէ սպաննուած թուրք հո-վիւը՝ պնդելով, թէ ան հայերուն կողմէ անտեղի սպաննուած է: Ան նաեւ պնդած է, թէ Կարսի ժողովուրդը կը սխալի, երբ կը կարծէ, թէ սահմանի բացումէն օգուտ պիտի կրնայ ստանալ՝ շեշտելով, որ նման քայլէ մը պիտի օգտուին միայն հայերը:
Նշենք, որ տարիներ առաջ Կարսի նախկին քաղաքապետին կողմէ իրականացուած էր ստորագրահաւաք մը՝ Հայաստանի հետ սահմանի բացումին ի նպաստ, որուն ընթացքին հաւաքուած էր մօտաւորապէս 50,000 ստորագրութիւն: Յատկանշական է, որ այդ օրերուն Կարսի բնակչութեան թիւը մօտաւորապէս 70,000 էր: