Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը մասնակցեցաւ Նոր Դեմոկրատներու հաւաքին


 

Հոկտեմբեր 26-ին, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը մասնակցեցաւ անատայի պաշտօնական ընդդիմութեան՝ Նոր Դեմոկրատներու (NDP) կազմակերպած Վանգուվըրի հաւաքին, որ կայացաւ Fraserview հանդիսասրահին մէջ:

Հաւաքին ընթացքին, Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան ընկերները առիթը ունեցան յատուկ առանձնազրոյցներ ունենալ Նոր Դեմոկրատներու ղեկավար Թոմաս Միւլքէրի եւ կուսակցութեան խորհրդարանի անդամներ Ճասպիր Սանտուի, Քեմէտի Սթիուըրթի, Փիթըր Ճիւլիանի, Ճինի Սիմզի, Ֆին Տոնըլիի եւ Տոն Տէյվիսի հետ: Նոր դեմոկրատականներուն փոխանցուեցան գանատահայութեան մտահոգութիւնները Սուրիոյ քրիստոնեաներու եւ սուրիահայութեան առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի գծով ատրպէյճանական յարձակապաշտ քաղաքականութեան գծով մտահոգութիւններ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.