Օնթարիօ նահանգի երեսփոխան Արիս Պաապիկեան կը շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանը
Արցախի Հանրապետութեան
Ազգային Ժողովի Նախագահ․
Մեծարգոյ պրն. Իշխանեան,
Ջերմապէս կը շնորհաւորեմ ձեր ընտրութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի պաշտօնին:
Արցախը այս դժուարին պայմաններուն, երբ մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ ճակատագրական մարտահրաւէրներ, ձեզի վստահուած նախագահի պաշտօնը, անգամ մը եւս կը հաստատէ ձեր աննկուն կամքը եւ գիտակցութիւնը մեր ժողովուրդին նկատմամբ։
Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած ծանր կացութեան մէջ, Ազգային ժողովի նախագահութիւնը ստանձնելը յոյս կը ներշնչէ Արցախի ժողովուրդին ու համայն Հայութեան։ Ձեռք-ձեռքի տալով պիտի կարենանք կենաց ու մահու այս պայքարէն յաղթական դուրս գալ։
Կը հաւատամ, որ ձեր ստանձնած առաքելութիւնը պիտի կատարէք խոհեմութեամբ՝ յանուն Արցախի բնակիչներու ինքնութեան, ազատութեան, պահպանման եւ գոյատեւման:
Քաջ գիտեմ, որ սփիւռքն ու անոր ամենահեռաւոր ծայրերուն ապրող մեր հայրենակիցները ձեր կողքին են եւ ճիգ պիտի չխնայէր որ դուք կարողանաք հասցնել Արցախի ժողովուրդը խաղաղ նաւահանգիստ։
Comments are closed.