Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցի Այցելողներուն Թիւը Օրէ Օր Կ՛աճի
ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Տիարպեքիրի հայերէն ոմանք կը նախընտրեն մնալ իսլամադաւան եւ ապրիլ այդպէս, իսկ ոմանք ալ կը ծրագրեն քրիստոնէաբար մկր-տուիլ, կրօնադարձ ըլլալ ու ապրիլ իբրեւ քրիստոնեայ հայեր. թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ այս մասին գրած է սիւնակագիր Օրալ Չալըշլար, որ վերջերս այցելած է Տիարպեքիր, շրջած է տարբեր վայրեր ու զրուցած տեղացիներուն հետ:
«Տիարպեքիրը հանդարտ վիճակի մէջ է: Սուրիչիի մէջ այցելեցինք աւերակներու վերածուած հայկական եկեղեցի մը, որ վերականգնումի կը նախապատրաստուի», գրած է Չալըշլար:
Ան այցելած է նաեւ վերանորոգուած Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին եւ նկատած է, որ օրէ օր կ՛աճի այդ եկեղեցին մուտք գործող հաւատացեալներուն թիւը: Եկեղեցւոյ այգիին մէջ աւելցած է թիւը նստարաններուն եւ սեղաններուն, որոնց շուրջ մարդիկ կը հաւաքուին սուրճ խմելու եւ զրուցելու համար:
«Ինծի պատմեցին բազմաթիւ պատմութիւններ, թէ՝ ինչպէ՛ս են Տիարպեքիրի եւ շրջակայ այլ քաղաքներու մէջ բնակող ծպտեալ հայերը պարզած են իրենց ազգային ինքնութիւնն ու ազգային արմատները», եզրակացուցած է ան: