ՔԱՆԱՏԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՅ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԾՈՎՈՒԺԻՆ
«Ռազմ.info» կայքէջը՝ յղում կատարելով ընկերութեան պաշտօնական կայքէջին եւ «Ուաշինկթընթեքնոլոճի» կայքէջին կը հաղորդէ, որ քանատական «Ալլեն Վանկարտ» ընկերութիւնը Ազրպէյճանի ծովուժի անձնակազմին համար յատուկ դասընթացքներ պիտի կազմակերպէ։
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրներուն, դասընթացքները տեղի պիտի ունենան Փենթակոնի եւ քանատական ընկերութեան միջեւ կնքուած պայմանագրի ծիրին մէջ։ «Ալլեն Վանկարտ»-ի հետ պայմանագիրը կնքուած էր, երբ վերջինս Ազրպէյճանի եւ Լեհաստանի ծովուժերուն աջակցութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ նախապէս կազմակերպուած մրցոյթին մէջ յաղթական ճանչցուած էր։
2.8 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ պայմանագիրը կ’ենթադրէ, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու անձնակազմին համար Պաքուի մէջ երկու փուլով քսան շաբաթ տեւողութեամբ պիտի կայանան դասընթացքներ, որոնց հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ Կասպից ծովու ազրպէյճանական հատուածի ականազերծման ճիշդ կազմակերպման ուսուցումը։
Դասընթացքներուն ծիրին մէջ նախատեսուած են նաեւ ջրասոյզներու եւ տեսուչներու վերապատրաստման դասեր։ Դասընթացքը պիտի ներառէ ականազերծման նախագծման, կազմակերպման, գործընթացի կառավարման դասընթացքներ։
Ըստ ազրպէյճանական կայքէջերու, դասընթացքը ամերիկեան բանակ-Ազրպէյճան ռազմական համագործակցութեան ծրագիրներէն մէկն է։
Կայքէը կը յիշեցնէ, որ արդէն 3 սեպտեմբերին յայտնի դարձած էր, որ Ազրպէյճան քանատական «Ալլեն Վանկարտ» ընկերութենէն ձեռք բերած է պայթուցիկ սարքերու վնասազերծման սարքաւորումներ։
«Ալլեն Վանկարտ» մասնագիտացած է ականներու յայտնաբերման, պայթուցիկ սարքերու վնասազերծման սարքաւորումներու եւ պաշտպանիչ զգեստներու արտադրման բնագաւառին մէջ։ Անոր մշտական յաճախորդներու շարքին են Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Քանատայի եւ այլ երկիրներու իրաւապաշտպան մարմինները։