Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն։
Շքախումբին մաս կը կազմէին. Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանը, Գաւազանակիր՝ Հոգեշնորհ Տ. Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեանը եւ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համա-ատենապետ՝ Պրն. Գրիգոր Մահսէրէճեանը։
Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը հիւրընկալուեցան, Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանի եւ Դեսպանատան անձնակազմին կողմէ։
Դեսպանը նախ բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ս. Օծութեան, որ ընդառաջեց եւ այցելեց Օթաուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, «տարբեր մօտեցումները պէտք չէ շփոթել մեր միասնականութեան հետ։ Տարբերութիւններ կան, սակայն հիմնական եւ ընդհանրական հարցերու շուրջ պէտք է մեր ժողովուրդը իր հաւաքական կամքը արտայայտէ»։
«Այդ սկզբունքով է, որ կը գործէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատունը։ Մենք որպէս Հայաստանի քաղաքացի նոյն կամքը կ՚արտայայտենք», եզրակացուց Տիկին Դեսպանը։

Comments are closed.