ԳԱՌՆԻԿ ԲԱՆԵԱՆԻ ԵՒ ՀԱԼԻՏԷ ԷՏԻՊԻ ՅՈՒՇԵՐԷՆ՝ ԱՅՆԹՈՒՐԱՅԻ ՈՐԲԱՆՈՑԻՆ ՄԱՍԻՆ

Ա.Ա.

Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն Լիբանանի Այնթուրա աւանին մէջ ստեղծուած համանուն որբանոցը՝ Այնթուրայի որբանոցը, որուն կառոյցը կը պատկանէր Ֆրանսիսքան կրօնաւորներուն, իթթիհատի պարագլուխներէն՝ Ճեմալի կողմէ վերածուեցաւ թրքացման դժողային հաստատութեան մը, որուն մէջ ամբողջ չորս տարի, հինգէն մինչեւ ինը տարեկան, ապրեցաւ եւ տառապեցաւ վաստակաշատ ուսուցիչ Գառնիկ Բանեան: 1992-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն  լոյս տեսած իր յուշերուն մէջ, Բանեան դառն յիշողութիւններ կը պատմէ եւ կը նկարագրէ այն դժոխքը, որուն մէջ հազարէ աւելի հայ որբեր ապրեցան, պայքարեցան բռնի թրքացման դէմ եւ յաջողեցան իրենց վտիտ մարմիններով, բայց աննկուն կամքով թուրքին՝ Ճեմալին եւ անոր գործակիցներուն ծրագիրը ձախողութեան մատնել։

Ճեմալի գործակիցներուն գլխաւորը կը կոչուի Հալիտէ Էտիպ Ատիվար, որ իր յուշերուն մէջ Այնթուրան կը ներկայացնէ իբրեւ իտէալ որբանոց մը, ուր որբերը սնունդ եւ կրթութիւն կը ստանային, արհեստներ կը սորվէին։Գառնիկ Բանեանի եւ Հալիտէ Էտիպ Ատիվարի յուշերուն միջեւ տարբերութիւնները այնքան ցայտուն են, որ կ՛արժէ անդրադառնալ անոնց՝ զանոնք ներկայացնելով մեր ընթերցողներուն։Անշուշտ այս ներկայացումը բանասիրական աշխատանք մը ըլլալէ շատ հեռու է եւ կ՛իյնայ յօդուածագրութեան սահմաններուն մէջ։

Գառնիկ Բանեան իր յուշերուն մէջ հինգ անգամ կը խօսի Հալիտէ Էտիպ Ատիվարի մասին։

Առաջին ակնարկութեան մէջ անունը չի յիշատակուիր։«Խումբին մաս կը կազմէր միջակէն վեր հասակով, բարեձեւ, գլխուն մազերը գանկին ետեւը փունջ ըրած գեղեցիիկ դէմքով եւ հպարտ քալուածքով կին մը, որ փաշայի հետեւորդներու առաջին շարքին վրայ էր։Ո՞վ էր այս կինը, ի՞նչ գործ ունէր այս զինուորականներուն հետ։Արդեօք Ճեմալ փաշայի կինն էր»։

Էտիպի մասին յիշողութեան երկրորդ դրուագին մէջ Բանեան կը յիշատակէ անոր անունը։«Դուրս եկանք, իջանք բակը։Դուրսը արեւ կար, հաճելի օդ, ծառերու շուքին տակ որբերը կը խաղային։ Արեւու ժամացոյցին հրապարակի երկայնքին Խալիտէ Էտիպ կ՛երթեւեկէր։ Արեւու ժամացոյցին առջեւ կեցաւ, նայեցաւ ժամացոյցին եւ ետքը ակնարկը նետեց բազուկին վրայ գտնուող բանի մը, հաւանաբար ժամացոյցի մը։ Նայեցաւ երկու ժամացոյցերուն եւ շարունակեց քալել։ Տեսեր եմ շատ յաճախ, երբ Հալիտէ Էտիպ, կռնակը ժամացոյցի բազրիկին տուած՝ երկար կը դիտէր տղաքը։ ի՞նչ կը մտածէր արդեօք,այդ որբերու ներկայի՞ն, անոնց ապրած զարհուրանքներու՞ն, անոնց կորսուած ծնողներու՞ն, թէ անոնց ապագային մասին։ Կին էր եւ հաւանաբար մայր։ Իր խորասոյզ նայուածքը, իր ակնարկը՝ երկար երկար որբերու դէմքին, աչքերուն, անոնց արագ եւ ճկուն շարժումներուն վրայ։ Դասի զանգը կը հրաւիրէր դասարաններէն ներս որբերը, Խալիտէ Էտիպ ալ կը դիմէր իր յարկաբաժինը»։

Բանեանի յիշողութեան մէջ ամէնէն սահմռկեցուցիչը երորդ անդրադարձն է Հալիտէ էտիպի մասին, որ մեզ փշաքաղ կ՛ընէ։«Մանուէլ եւ Մկրտիչ հայհոյած էին թուրք դրօշակին։երեք հարիւրական գաւազանի հարուած ստացան ոտքերուն, երեք հարիւր հարուած՝ երեք հանգրուանով։Ֆալախան ոտքերնուն անցնելէ ետք երկու զինուոր ֆալախայի գործիքին ծայրերէն բռնած վեր բարձրացուցին։Պաղ ջուր լեցուցին ոտքերուն վրայ, Ֆէվզի պէյ(որբանոցին անգութ տնօրէնը), ամէնէն հաստ եւ ամուր գաւազանը ձեռքը առած սկսաւ իջեցնել հարուածները։Մանուէլի եւ Մկրտիչի կիսամեռ մարմինները քաշքշելով տարին հիւանդանոց։Հազարի մօտ որբերը սրտադող եւ արցունքոտ աչքերով հետեւեր էին ֆալախայի արարողութեան։Այն գեղեցիկ կինը՝ խալիտէ Էտիպ եւ ուսուցչուհիները, որոնք ներկայ էին, աչքի, դէմքի ամենափոքրիկ շարժումն իսկ չըրին»։

Գառնիկ Բանեան ապա կը խօսի Էտիպի մասին ու կ՛ըսէ։«Հեռուն արեու ժամացոյցին կռթնած՝ Խալիտէ Էտիպ շուրջի եռուզեռը կը դիտէր։Թրքախօսութիւնը բաւական ճամբայ կտրած էր.արձանային լռութիւն պահողներուն դէմ,թրքախօսները կարծէք բանակ էին դարձեր։Հալիտէ Էտիպ կը նայէր տղոց ու իր հոգիին մէջ կը հրճուէր, քանի մը տարիէն այս տղաքը թրքացած պիտի ըլլան եւ թուրք արիւնը պիտի ազնուացնեն։ Թրքացման այդ աշխատանքը սկսած էր Ֆէվզի Պէյ, երկու տարի արիւն արցունք քամած էր որբերու աչքերէն»։

Որբերուն համար Հալիտէ Էտիպ կը թուէր անհասանելի եւ երեւակայական էակ մը, որուն շուրջ հեքեաթներ ալ հիւսուած էին։«Ճաշի զանգը կը հնչէր ուժգին։Որբերը կը շարուէին ու կ՛իջնէին վար։ Հալիտէ Էտիպ արեւու ժամացոյցին կռթնած՝ կարծէք արեւու լոգանք կ՛առնէր։ Այս կինը երկու տարի էր որբանոցին հիւրն էր, կ՛ուտէր, կը խմէր ու օրուայ ընթացքին արեւու ժամացոյցին հրապարակը կը չափէր։ Կ՛ըսէին, որ ատեն ատեն Պէյրութ կ՛երթայ, կը մնայ հոն քանի մը օր եւ գրքերու ծրարներով կը վերադառնայ։ Օրին մէկն ալ զրոյց շրջեցաւ թէ Հալիտէ Էտիպ որբերու կեանքին մասին կը գրէ։ Զրոյցներ կ շրջէին, որ մեծ տղոց արիւնը կը ծծէ։Շատ բաներ, հաւատալի թէ անհաւատալի, կը պատմէին։ Որն է ճիշդը, որը՝ շինծուն, յայտնի չէր»։

Այո, Էտիպի մասին շատ բաներ կը պատմէին, սակայն յստակ էր, որ ան որբանոցին մէջ կը կիրարկէր գազանային ծրագիրը՝ թրքացման, հակառակ անոր որ Էտիպ իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, թէ ընդդիմացած է Ճեմալի ծրագրին։Խօսքը տանք Հալիտէ Էտիպին։

«Նախքան Կոստանդնուպոլիս ուղղուիլը, Ճեմալ մեզ՝ զիս, Նաքիէ հանըմը եւ Համտուլլա Սուպհին, տարաւ Այնթուրայի որբանոցը։ Որովհետեւ Ճեմալ պիտի այցելէր կարգ ու կանոն հաստատուած էր, սակայն որբերը ունէին թշուառ եւ հիւանդկախ վիճակ մը։Թուրք, քիւրտ եւ հայ որբեր։Իւրաքանչիւր երեխայ ապրած էր տրամ մը եւ իւրաքանչիւրին ծնողները խողխողուած էին այլ երեխաներու ծնողներու կողմէ։ Իսկ հիմա բոլորն ալ ինկած էին նոյն հարուածին ահաւորութեան տակ։ Իւրաքանչիւր երեխայ ունէր թրքական կամ իսլամական անուն մը։ Մեզմէ ոչ ոք խօսեցաւ այցելութեան ընթացքին եւ մինչ կը մեկնէինք ըստ երեւոյթին հպած էինք Համաշխարհային պատերազմին ներքին տգեղութեան եւ սարսափին։

«Ինքնաշարժին մէջ Ճեմալի հետ ունեցայ լուսաբանական զրոյց մը։ Ըսի։ Դուն հայերուն հետ շատ լաւ կը վարուիս։Սակայն ինչու կ՛արտօնես, որ հայ որբերը իսլամական անուններով կոչուին։ Ըստ երեւոյթին զանոնք իսլամներ կ՛ուզես դարձնել։ Պատմութիւնը օր մը իր վրէժը պիտի լուծէ թուրքերու նոր սերունդներէն»։

Ապա Էտիպ կը գրէ, որ Ճեմալ զինք կոչած է գաղափարաշտ մը, որ բոլոր գաղափարապաշտներուն նման զուրկ է իրականութիւնները տեսնելու կարողութենէն։ Թէ ինք կը ջանայ որբերը ողջ պահել եւ այդ նպատակով ալ զանոնք Այնթուրայի որբանոցը ղրկած է«Չեմ կրնար հանդուրժել, որ անոնք փողոցներուն մէջ մահանան», ըսած է Ճեմալ։

Հալիտէ Էտիպ հետաքրքուած է, թէ ետքը ինչ պիտի պատահի։«Ըսել կ՛ուզես պատերազմէն ե՞տք։ Անոնք պիտի վերադառնան իրենց ժողովուրդին։Կը յուսամ, որ անոնցմէ ոչ ոք մոռնայ իր ցեղը», պատասխանած է Ճեմալ։

Էտիպ հակադարձած է, թէ ինք ոչ մէկ պարագայի բաժին պիտի բերէ Այնթուրայի աշխատանքներուն։

Այս թրքուհին իր յուշերուն մէջ նաեւ Այնթուրայի որբանոցը կը նկարագրէ Ֆէվզի պէյին մեկնելէն  ետք, թէ ինչեր փոխուած են հոն։Գառնիկ Բանեանն ալ նման վկայութիւններ կու տայ եւ կը հաստատէ, որ թրքացման ծրագիրը ինքնին ձախողութեան մատնուեցաւ, որովհետեւ որբանոցին մէջ կարելի չեղաւ սպաննել հայ որբերուն ինքնութիւնն ու յիշողութիւնները։

Հալիտէ Էտիպ հետեւաբար մեզի համար կը մնայ այն սառնասիրտ թրքուհին, որ իր յուշերուն մէջ ոչ մէկ խօսք եւ նախադասութիւն ունի այն ահաւոր պատիժներուն, ֆալախային եւ շնագայլերուն մասին, որոնք նոր թաղուած հայ որբուկներու մարմինները հողին տակէն դուրս կը բերէին եւ կը յօշոտէին։ Գառնիկ Բանեան, իբրեւ ականատես, ահաւոր բաներ կը պատմէ եւ մեզի կը յիշեցնէ Մանուէլի եւ Մկրտիչի ֆալախայի սարսափելի պատիժին սառնասրտօրէն հետեւած Հալիտէ Էտիպի կերպարը։ Կին մը, որ սերտ գործակիցն էր Ճեմալի, որ կը հաւատար, թէ հայ որբերը պէտք չէ սպաննել, այլ զանոնք թրքացնել։

Comments are closed.