Ատրպէյճանական Սադրանքի Պարագային՝ Հայաստանի Մէջ Ռուսական Ռազմական Խարիսխը Կրնայ Միջամտել
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական 102րդ ռազմակայանի զօրախումբի հրամանատար գնդապետ Անտրէյ Ռուզինսքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի յարձակման պարագային՝ ռուսական ռազմական խարիսխը կրնայ ներգրաւուիլ ռազմական գործողութիւններուն մէջ: «Կրասնայա զվեզդա» թերթին մէջ հրատարակուած հարցազրոյցին մէջ՝ անդրադառնալով ռազմակայանի պատասխանատուութեան գօտիի ռազմաքաղաքական իրադրութեան՝ Ռուզինսքին նշած է, որ անիկա կը մնայ անհանգիստ՝ մեկնելով կարգ մը ապակայունացնող գործօններէ, որոնք կապուած են հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան պատճառով տարածաշրջանին մէջ կացութեան լարուածութեան կարելիութեան:
«Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ իրաւասութիւնը ուժի ճամբով վերականգնելու վերաբերեալ որոշում տալու պարագային ռազմակայանը, Հաւաքական անվտանգութեան պայ-մանագիրի կազմակերպութեան ծիրին մէջ Ռուսիոյ պայմանագրային պարտաւորութիւններուն համապատասխան, կրնայ միջամտել ռազմական հակամարտութեան», դիտել տուած է Ռուզինսքի:
Ան անդրադարձած է ռազմական խարիսխին մէջ առկայ կարողականութեան եւ զինամթերքին։ «Ուժերու այս թիւը թոյլ կու տայ յաջողութեամբ կատարելու զօրախումբին առջեւ դրուած պարտականութիւնները», յայտնած է ան։