Սոնա Լախոյեան Լաւալի քաղաքապետական ընտրութիւններու թեկնածու
Քեպէգի քաղաքապետական ընտրութիւններուն ներկայացող թեկնածուներէն է Լաւալի շրջանէն Սոնա Լախոյեանը։ Հոկտեմբեր 25-ին Paradis սրահին մէջ կայացաւ Սոնա Լախոյեանի նուիրահաւաքը, որուն մասնակցեցաւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիիւնը (նկարը եւ զօրակցութիւն յայտնեց հայ թեկնածուին։
Նշենք, որ Չորս տարին անգամ մը կայացող Գանատայի Քեպէգ նահանգի քաղաքապետական ընտրութիւններուն այս տարի կը մասնակցին 6 հայորդիներ: Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Նոյեմբեր 3-ին:
Հայ թեկնածուներն են Նայիրի Խանճեան, Project Montreal-ի ցանկէն Սէն Լորանի Նորման Մքլարէն ընտրատարածքի թեկնածու: Մարի Տէրոս, Տէնի Գոտէրի խմբակցութենէն, Վիլերէյի Փարք Էքսթէնշըն ընտրատարածքի թեկնածու: Յասմիկ Պելէլի, Մելանի Ժոլիի խմբակցութենէն Ահունցիք Գարթիէվիլի քաղաքապետի թեկնածու: Անթուան Հանաշեան, Թերպոնի քաղաքապետի թեկնածու: Յարութ Շիթիլեան, Տէնի Գոտէրի խմբակցութենէն Պորտօ Գարթիէվիլ ընտրատարածքի թեկնածու: Սոնա Լախոյեան, Լաւալի Սէն Մարթէն ընտրատարածքի անկախ թեկնածու:
Ընտրութիւններուն նախօրեակին Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարութիւն մը հրապարակեց, կոչ ուղղելով Քեպէգի հայութեան մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ իրենց քուէները փոխանցելու հայ թեկնածուներուն: