Յ. Բագրատունի Իրանի Պաշտօնատարին Հետ Կը Քննարկէ Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերակատարութիւնը


ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Կիրակի, Հոկտեմբեր 6ին կայացած է Իրանի խորհրդարանի Արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային ապահովութեան յանձնաժողովի նախագահ Ալաէտտին Պորուճերտիի հանդիպումը Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունիի հետ, խորհրդարանի արարողակարգի սրահին մէջ: Հանդիպման ընթացքին, Պորուճերտի, ողջունելով Բագրատունիի այցը Թեհրան՝ ողջոյնի խօսք ուղղած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Լիբանանի նախագահին:
Ան նաեւ խօսած է Միշել Աունի Թեհրան կատարած այցելութեան մասին եւ դատապարտած է Սուրիոյ ահաբեկիչներուն քայլերը՝ զանոնք մեծ սպառնալիք նկատելով տարածաշրջանի ապահովութեան համար:
Ան քննադատած է շարք մը երկիրներու, ներառեալ Թուրքիոյ եւ Քաթարի ապակառուցողական քայլերը, եւ աւելցուցած է, թէ անոնց կիրառած բացասական քայլերուն հետեւանքով վտանգուած է Իրանի եւ Լիբանանի ապահովութիւնը:
Պորուճերտի դրուատած է իրանահայ համայնքին դերը, մասնաւորաբար՝ պարտադրեալ պատերազմի տարիներուն, եւ աւելացուցած է, թէ Իրանի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւնները խաղաղ գոյակցութեամբ կ՛ապրին, ինչպէս Լիբանանի մէջ: Ան նաեւ նշած է, թէ Իրանի արտաքին քաղաքականութեան նոր ճամբան ցոյց կու տայ աշխարհին եւ արեւմտեան երկիրներուն, թէ Իրանի ժողովուրդը խաղաղասէր է, սակայն պիտի չզիջի իր իրաւունքներէն:
Հանդիպման ընթացքին Բագրատունի կարեւոր համարած է Իրանի կառուցողական ու դրական դերը տարածաշրջանին մէջ եւ նշած, թէ Ամերիկա մտադիր է իրականացնել նոր Միջին Արեւելքի հասկացութիւնը, իսկ Սուրիոյ մէջ թիրախը դիմադրութեան ճակատն է:
Խօսելով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն մասին՝ ան ըսած է, թէ Լիբանան կ՛աջակցի տարածաշրջանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ խաղաղութիւնը ընդարձակելու գծով Իրանի քայլերուն, եւ համոզուած է, որ Իրան առանցքային դեր խաղացած է Սուրիոյ պատերազմին ընդարձակումը կանխարգիլելու աշխատանքին մէջ:
Ան ըսած է, թէ դժբախտաբար այս պատերազմին բոցը կը տարածուի իսլամութեան անունով, մինչ իսլամութիւնը հեռու է նման քայլերէ:
Բագրատունի նման քայլերու ակնյայտ օրինակը համարած է Թուրքիան, որուն ոճրագործութիւնները ծաւալած են պատմութեան ընթացքին, եւ որմէ տուժած են ոչ միայն հայերը, այլեւ այլ քրիստոնեաներ, շիիներ եւ քիւրտեր: Բագրատունի նշած է, որ այսօր բացայայտուած է Թուրքիոյ իսկական դէմքը, «որուն ականատես եղած ենք պատմութեան ընթացքին»:
Բագրատունի անդրադարձած է սուրիահայութեան եւ մասնաւորաբար Հալէպի հայութեան վիճակին եւ նշած, որ այդ քաղաքին մէջ քրիստոնեաներու եւ իսլամներու խաղաղ գոյակցութիւնը եւս վտանգուած է ահաբեկիչներու գործողութիւններուն հետեւանքով: Բագրատունի նաեւ շեշտած է Իրանի ցուցաբերած օժանդակութիւնը՝ Սուրիոյ գաղթականներուն հարցով:
Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Իրանի խորհրդարանի պատգամաւորներ՝ դոկտ. Կարէն Խանլարեան եւ Ռոբերտ Բէգլարեան, խորհրդարանին մէջ ասորիներու պատգամաւորը, ԹՀ թեմական խորհուրդի եւ «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.