Հալէպի Մէջ Սննդամթերքի Տագնապ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հալէպի մէջ կենցաղային պայմանները կրկին վատթարացած են, դէպի քաղաք սննդամթերք հասցնելու ուղիները փակուած են: Այս մասին «Արմէնփրէս»ի թղթակից Անի Նազարեանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակից Զարմիկ Պողիկեանը: «Դէպի քաղաք մուտքի ուղին, որ կ՛օգտագործուէր Հալէպի բնակչութեան սնունդ եւ վառելանիւթ մատակարարելու համար, կրկին բախումներու կիզակէտ դարձած է, եւ քաղաքին մէջ սննդամթերքի ապահովման դժուարութիւններ ծագած են», նշած է ան:
Զարմիկ Պողիկեանի համաձայն, քաղաքին մէջ կը գործեն միայն երեք կեդրոնական փուռեր, որոնց դիմաց մարդիկ երկար շարքեր կը կազմեն։
Բանջարեղէնի եւ պտուղի գիները շատ բարձր են, տակաւին կայ այն, որ կարելի է գտնել միայն քիչ տեսականի: Նոյնն է կացութիւնը կաթնամթերքի ու մսեղէնի պարագային: Նախորդ երկու շաբաթուան ընթացքին պետութիւնը կը տրամադրէր պենզին, սակայն ներկայիս այդ ալ դադրած է։ Անվտանգութեան մասին խօսելով՝ Զարմիկ Պողիկեան նշած է, որ իրավիճակը հանդարտ չէ, կը շարունակուին զինեալ բախումներն ու մնայուն կերպով կայ արձակազէնի եւ ռումբերու վտանգը:
Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն, կեանքը կը շարունակուի Հալէպի մէջ, հալէպահայերը կը փորձեն կազմակերպել իրենց կեանքը:
Հալէպի վարժարանները, որոնց կարգին բոլոր հայկական վարժարանները, յայտարարած են վերամուտի թուականը, աշակերտները ընդունելու եւ արձանագրելու գործընթացը սկսած է, ընթացքի մէջ են հայկական վարժարաններու կազմակերպչական աշխատանքները՝ աշակերտներու դասագիրքերու ապահովումը, դասացուցակներու կազմութիւն եւ այլն, դիտել տուած է Զարմիկ Պողիկեանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.