Մանկապատանեկան «Հորիզոն», Փետրուար 2017 – PDF տարբերակը կցուած

Առաջին էջ

Մեր խօսքը

Սիրելի՛ փոքրիկներ, Փետրուար ամիսը ունի բազմաթիւ առիթներ. եկեղեցական եւ ազգային: Այս առիթները կը յիշատակուին դպրոցէն ներս կամ եկեղեցւոյ մէջ: Մենք, որպէս հայ աշակերտներ, պէտք է մեր մասնակցութիւնը բերենք այս առիթներուն, անվարան յաճախենք եկեղեցի Տիառնընդառաջի օրը, տօնենք Բուն Բարեկենդանը, յիշատակենք Փետրուարեան ապստամբութիւնը, Վարդանանց պատերազմը եւ Արցախի ազատագրական պայքարը…

Մեր պատմութիւնը լի է հպարտալի էջերով, պէտք է տեղեակ ըլլանք անոնցմէ, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ տօներէն, որոնք անբաժան են մեր ազգային պատմութենէն:

Մեր այս ամսուան թիւին մէջ պիտի անդրադառնանք այս բոլոր առիթներուն, ինչպէս նաեւ ունինք Արա Գեղեցիկի պատմութիւնը, գիտական բաժիններ, հաճելի խաղեր, հեքիաթ, սուտուքու եւ մանաւանդ՝ բազմագէտի բաժին: Շուտով լուծեցէ՛ք բազմագէտի հարցումները եւ յանձնեցէք ձեր ուսուցիչներուն, որպէսզի ուղարկեն մեզի: Մենք յաջորդ թիւին մէջ կը տպենք մասնակիցներուն եւ ճիշդ պատասխանողներուն անունները եւ կ’ընտրենք բախտաւոր մասնակիցը, որ «Հորիզոն» Մանկապատանեկանի կողմէ կը ստանայ նուէր մը:

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ

Տեառնընդառաջը Յիսուսը տաճար ընծայաբերելու տօնն է: Ըստ Աւետարանին Յովսէփն ու Մարիամը Յիսուսի Ծնունդէն 40 օր ետք Զայն կը տանին Երուսաղէմի տաճարը՝ Տիրոջ ներկայացնելու:

Տեառնընդառաջը հայ առաքելական եկեղեցւոյ անշարժ տօներէն մէկն է, որ կը նշուի Փետրուար 14-ին: Փետրուար 13-ի երեկոյեան եկեղեցական ժամերգութենէն ետք տեղի կ’ունենայ նախատօնակ. քահանան կը վառէ Ս. Սեղանին վրայ դրուած մոմերը, հաւատացեալները վառելով իրենց մոմերը, կը տանին տուն:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, հին սովորութեան համաձայն, եկեղեցւոյ բակին մէջ կրակ կը վառեն, որ հեթանոսական շրջանի մեր հին հաւատալիքներուն մնացորդացը կը համարուի:

ԱՒԱՐԱՅՐԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ

Պարսկաստանի Յազկերտ թագաւորը կ’ուզէր քրիստոնեայ հայերը կրակապաշտ դարձնել:

Հայերը ապստամբեցան եւ կռուի ելան Յազկերտի բանակին դէմ: Հայոց բանակին սպարապետ եղաւ Վարդան Մամիկոնեան, որ քաջ ու ազգասէր էր: Ճակատամարտը տեղի ունեցաւ Աւարայրի դաշտի Տղմուտ գետին եզերքը: Հայերը քաջաբար կռուեցան: Բազմաթիւ հայ զինուորներ նահատակուեցան:Նահատակուեցաւ նաեւ Վարդան Մամիկոնեան:

Այս պատերազմին թէեւ զոհեր շատ ունեցանք, սակայն պարսիկները չհասան իրենց նպատակին, որովհետեւ մենք ո՛չ մեր կրօնքը փոխեցինք, ո՛չ ալ մեր հայրենիքը թշնամիին յանձնեցինք:

Աւարայրի հայ նահատակներուն նուիրուած է Վարդանանց Տօնը:

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Բարեկենդանը մարդու երջանկութեան յիշատակն է, զոր Ադամն ու Եւան կը վայելէին Դրախտին մէջ, ուր մարդուն արտօնուած էր ճաշակել բոլոր պտուղները, բացի բարիի ու չարի գիտութեան ծառի պտուղէն:

Բարեկենդանին զուարճալի տօնահանդէսներ կը կազմակերպուին, խրախճանքներ, խաղեր եւ ուտեստներ: Մեծեր ու փոքրեր ծիծաղելի զգեստներ կը հագուին, դիմակներ կը դնեն ու կը ծպտուին: Բարեկենդան կը նշանակէ կենդանութիւն, բարի կեանք:

Բարեկենդանին կը յաջորդէ Մեծ Պահքը: Մեծ Պահքի շրջանին հաւատացեալներ կ’օգտագործեն բուսական ծագում ունեցող սննդամթերք: Կը հրաժարին ոչ միայն կենդանական ծագում ունեցող ուտելիքէ, այլ նաեւ մոլի սովորութիւններէ, շատախօսութենէ, ստախօսութենէն, հայհոյանքէ եւ այլ մեղքերէ:

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ խոնարհ հոգիով, պահքով եւ ապաշխարութեամբ կը սկսի Մեծ Պահքի ճանապարհը, որ կը տեւէ 48 օր՝ Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Յարութեան՝ Զատիկի տօնը:

Երկրորդ էջ

ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ

1920-ին, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք (Սովետական Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ իյնալ) հայ ժողովուրդը կը յուսար քիչ մը շունչ քաշել, սակայն ռուս կառավարութեան կողմէ տեղի կ’ունենան անհաշիւ ձերբակալութիւններ, բանտարկութիւններ, աքսորներ, նոյնիսկ Երեւանի բանտին մէջ կացինահար կը սպաննուին հայ մտաւորականներն ու քաղաքական ղեկավարները: Իրավիճակը կը դառնայ անտանելի: 1921 Փետրուար 16-18-ին Ալագեազի սասունցի զինեալ ուժերու ազդանշանին վրայ կը պոռթկայ Հայաստանի ամբողջ հայ ժողովուրդը: Երկիրը վերստին կը դառնայ անկախ եւ կը կազմուի Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն, նախագահութեամբ Սիմոն Վրացեանի:

Ապրիլի սկիզբը ռուսական 11-րդ բանակը կը վերագրաւէ Հայաստանը: Լեռնահայաստանի (Սիւնիք) մէջ դիմադրութիւնը Գարեգին Նժդեհի ղեկավարութեամբ կը շարունակուի քանի մը ամիս եւս:

Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ ստոյգ մահէ կը փրկուին մեծ թիւով մտաւորականներ եւ քաղաքական ղեկավարներ. ինչպէս՝ Համօ Օհանջանեան, Յովհաննէս Քաջազնունի, Նիկոլ Աղբալեան եւ ուրիշներ:

Արցախեան Շարժում

1988 Փետրուար 13-էն սկսեալ Ստեփանակերտի հրապարակին մէջ ամէն օր 40-50 հազար մարդ կը հաւաքուէր: Ժողովուրդը կը պահանջէր Արցախը միացնել Հայաստանին:

Ատրպէյճանը լաւ զինուած բանակով սկսաւ յարձակիլ հայատրպէյճանական սահմանին։ Հայերը միացեալ ուժերով ստեղծեցին հայոց ազգային բանակ, որ կը կազմէր մօտ 20-25 հազար, Ատրպէյճանի բանակը՝ 75-80 հազար։ Սակայն հայերը կրցան ետ մղել հակառակորդին գրոհը եւ ազատագրել Արցախը։ Հակառակորդը չկարենալով դիմադրել եւ վախնալով աւելի ծանր կորուստներ կրելու միտքէն զինադադար կը խնդրէ, որ կը կնքուի 1994 Մայիս 12-ին։ Հայերը կ’ունենան 5 հազար զոհ (ինչպէս նաեւ զոհ գացին հազարաւոր հայ խաղաղ բնակիչներ), իսկ Ատրպէյճանցիները՝ 40 հազար զոհ։ Արցախեան շարժման հայ ազգը ցոյց տուաւ իր միասնականութեան ուժը, կրցաւ կասեցնել հակառակորդը եւ ազատագրել հայկական տարածքներու մէկ մասը։

ՄԵՂՈՒՆ ՈՒ ՀԱՒԸ

 Հաւը Մեղուին վրայ ծիծաղելով կ’ըսէ.

– Ի՛նչ անշնորհք ճանճ ես դուն, ամբողջ օրը ծաղիկէ ծաղիկ կը թռչկոտիս եւ օգուտ մը չունիս:

– Իսկ դո՛ւն, հաւի՛կ, ի՞նչ կը շինես,- հարցուց մեղուն:

– Միթէ չե՞ս գիտեր, թէ ի՛նչ կը շինեմ, ես քեզի պէս պարապ-սարապ  չեմ տզտզար: Ես օրը մէկ հաւկիթ կ’ածեմ, գիտե՞ս մէկ հաւկիթը քանի է:

– Գիտեմ, գիտեմ, հասկցայ: Բայց ես կը կարծէի դուն օրը հարիւր հաւկիթ կ’ածես:

–  Ինչպէ՛ս կարելի է օրը հարիւր հաւկիթ ածել, անխե՛լք մեղու:

– Հապա եթէ քու ածածդ ընդամէնը մէկ հաւկիթ է, ուրեմն ինչո՞ւ հարիւր անգամ կը կչկչաս, լսեցէ՜ք, հաւկիթ ածեր եմ:  Իմ կարծիքովս ՝ այսքան կչկչալուդ մէկ հաւկիթը շատ քիչ է: Այնպէս չէ՞, իմաստո՛ւն հաւիկ:

– Բայց դո՛ւն ի՞նչ կը շինես, դո՛ւն, որ իմ մէկ հաւկիթս քիչ կը համարես:

– Ես ինչ որ կը շինեմ, քեզի պէս կչկչալով չեմ յայտներ ուրիշներուն: Ես մեղր կը շինեմ: Գիտե՞ս ինչ է մեղրը: Այդ հաւու կերակուր չէ, քու խելքդ չի հասնիր, հաւի՛կ:

ԳԻՒՂԱՑԻՆ ՈՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆԵՐԸ

Գիւղացի մը մահամերձ էր: Ան կ’ուզէր իր զաւակները լաւ հողագործ դառնան, կանչեց զանոնք եւ ըսաւ. «Սիրելի՛ զաւակներս, ես որթատունկի մը տակ գանձ մը թաղած եմ»:

Գիւղացիին մահէն ետք որդիները անմիջապէս բահով ու բրիչով սկսան փորել իրենց ամբողջ հողամասը: Ճիշդ է գանձ չգտան, բայց այգին առատ բերք տուաւ:

Առակը ցոյց կու տայ , թէ աշխատանքը գանձ է մարդոց համար:

Որթատունկ- խաղողի ծառ

Բահ ու բրիչ- հողը փորելու գործիք

Առակ- բարոյախօսական կարճ պատմութիւն

Երրորդ էջ

ԱՐԱ ԳԵՂԵՑԻԿ

Արամ Նահապետի որդին՝ Արա, քաջ եւ հայրենասէր նահապետ մըն էր: Ան շատ գեղեցիկ էր:

Արա ամուսնացած էր Նուարդ իշխանուհիին հետ:

Ասորեստանի Շամիրամ թագուհին կը լսէ Արայի գեղեցկութեան մասին եւ կ’ուզէ ամուսնանալ անոր հետ, սակայն Արա կը մերժէ եւ կ’ըսէ. «Հայոց թագուհին միշտ հայ պէտք է ըլլայ: Ես ո՛չ օտար կին կ’ուզեմ, ո՛չ ալ օտար երկրի հարստութիւն»:

Շամիրամ կը զայրանայ ու կը յարձակի Հայաստանի վրայ: Ան իր զինուորներուն կը պատուիրէ, որ ողջ բռնեն Արան, սակայն զինուորները կը սպաննեն Արա Գեղեցիկը:

Պատերազմէն ետք Շամիրամ կը հրամայէ, որ Արայի մարմինը դնեն պալատին տանիքը, որպէսզի յարալէզները ողջնցնեն զայն: Արա չ’ողջննար:

ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐԸ ՁՄՐԱՆ

Կենդանիներուն համար ձմեռը ծանր շրջան է. ե՛ւ ցուրտ, ե՛ւ ուտելիքի պակաս:

Սնունդ հայթայթելը խիստ դժուար է ոչ միայն բուսակերներուն, ալ նաեւ մսակերներուն համար: Աւելի ծանր է միջատակերներուն վիճակը, որովհետեւ միջատները ձմրան կ’անհետանան:

Շատ թռչուններ կը գաղթեն տաք երկիրներ, սառնարիւն կենդանիներու մեծամասնութիւնը ձմեռնաքունի կը մտնեն: Այս կենդանիները ամրան լաւ սնունդ կ’առնեն, կը կուտակեն ճարպի մեծ պաշար, որուն շնորհիւ առանց սնունդի կը դիմանան մի քանի ամիս:

Որոշ կենդանիներ կը քնանան սովորականէն աւելի: Գորշուկները շաբաթներով դուրս չեն ելլեր, իսկ արջերը ամբողջ ցուրտ շրջանը կ’անցընեն իրենց որջերէն ներս:

ԵՂՈՒՆԳ

Եղունգը կը ծածկէ ոտքի եւ ձեռքի մատներուն ծայրամասի ոսկրիկները:

Ձեռքի մատներու եղունգները աւելի արագ կ’աճին քան ոտքի մատներու եղունգները:

Եղունգներուն աճը կ’աշխուժանայ ամրան: Ան կ’աճի մօտաւորապէս 3 մմ. ամէն ամիս:

Եղունգները առողջ կը մնան՝ առողջ սննդականոնի հետեւելով, հանգիստ կօշիկ եւ մաքուր գուլպայ հագնելով, եղունգը հարուածներէ պաշտպանելով եւ պէտք եղած հիմնական կենսանիւթերը ստանալով, մանաւանդ՝ A, D եւ B-12 կենսանիւթերը:

ՀԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՄՍԱՆՈՒՆՆԵՐԸ

Ըստ հին հայերուն տարին ունէր 12 ամիս, իւրաքանչիւր ամիս կը բաղկանար 30 օրէ եւ 13-րդ լրացուցիչ ամիս մը, որ կը բաղկանար 5 օրէ:

Իւրաքանչիւր ամսուան դիմաց գրուած է հայկական ամիսը:

Յունուար – Արաց

Փետրուար – Մեհեկան

Մարտ – Արեգ

Ապրիլ – Ահեկան

Մայիս – Մարերի

Յունիս – Մարգաց

Յուլիս – Հրոտից

Օգոստոս – Նաւասարդ

Սեպտեմբեր – Հոռի

Հոկտեմբեր – Սահմի

Նոյեմբեր – Տրէ

Դեկտեմբեր – քաղոց

13-րդ ամիս – Յաւելեաց

ԾԻԾԱՂ

Թուաբանութեան ուսուցչուհին կը հարցնէ.

– 2+2=?:

– 4,- կը պատասխանէ աշակերտը:

– Ճիշդ է,- կ’ըսէ ուսուցչուհին եւ 4 հատ շաքար կու տայ աշակերտին:

-Ո՜ւֆ,- կը տրտնջայ աշակերտը, երանի 8 ըսէի:

– Աղջի՛կս, ինչո՞ւ այսքան ցած նիշ առած ես:

– Բացակայութեան պատճառով:

– Այսինքն բացակա՞յ էիր գրաւորին:

– Ո՛չ, քովս նստող ընկերուհիս բացակայ էր…

«Հորիզոն»ի Մանկապատանեկանի գունաւոր յաւելուածը PDF տարբերակով ներբեռնել (Download)

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.