Գանատայի խորհրդարանի անդամ Սթեֆան Տիոն այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր
Սեպտեմբեր 25-ին Գանատայի խորհրդարանի անդամ Սթեֆան Տիոն այցելեզ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ թանգարան: Գանատայի Ազատական կուսակցութեան անդամ Սթեֆան Տիոն 2004-ի Ապրիլ 21-ի Գանատայի խորհրդարանի պատմական նիստին կողմ քուէարկած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանցչող M-380 բանաձեւին:
«Արցախի մէջ հանդիպեցայ շատ քաջարի ժողովուրդի, որ կը փափաքի խաղաղութեան մէջ ապրիլ: Ուրեմն Գանատան պէտք է այդ խաղաղութեան հաստատաման օգնէ: Շատ յուզուած եմ՝ այսօր նաեւ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին մէջ ըլլալով: Պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ այլեւս Ցեղասպանութիւններ տեղի չունենան: Այդ պատճառով, անհրաժեշտ է միշտ յիշել, թէ ինչ պատահած է 20-րդ դարու սկիզբը: Գանատայի հայ համայնքը շատ օգնած է մեր երկրին, եւ յոյսով եմ, որ Գանատան ալ օգտակար կ՚ըլլայ հայերուն»,- ըսաւ Տիոն։
Տիոնի Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ այցելութիւնը կազմակերպած է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպանատան եւ ԼՂՀ ներկայացուցչութեան հետ միասին։
Երկիր Մետիայի կողմէ պատրաստուած այս մասին տեսանիւթը դիտել այստեղ
http://www.youtube.com/watch?v=dLQgq04k61o