Տիարպեքիրի Քաղաքապետը Փրովիտընսի Ցեղասպանութեան Յուշարձանը Կ՛այցելէ
ՓՐՈՎԻՏԸՆՍ, Ռոտ Այլընտ, «Արմինիըն Ուիքլի».- Տիարպեքիրի Սուրք քաղաքի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10ին այցելած է Փրովիտընս գտնուող Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանը՝ ծաղկեպսակ մը զետեղելով անոր առջեւ:
Տեմիրապաշի ընկերացած են Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ինկլընտ շրջանի քիւրտ եւ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Յուշարձանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Տեմիրապաշ ըսած է. «Կը խոնարհինք իրենց կեանքերը կորսնցուցած զոհերու յիշատակին առջեւ» եւ աւելցուցած, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան մէջ դերակատարուութիւն ունեցած են նաեւ քիւրտերը՝ միաժամանակ շեշտելով պատմութեան հետ հաշտուելու կարեւորութիւնը:
Ան դարձեալ կոչ ըրած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ ընդունին Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ներողութիւն խնդրեն եւ վնասուց հատուցում տրամադրեն՝ ըսելով. «Ներողութիւն խնդրելը հասունութեան նշան է»:
Տեմիրպաշ անցեալ շաբաթ քիւրտերու անունով ներողութիւն խնդրած էր հայերէն եւ ասորիներէն, 1915ի ջարդերուն մէջ քիւրտերու դերակատարութեան համար: