Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի վարչապետ Ճան Հորկան Գանատայի վարչապետ Թրուտոյի ուշադրութեան կը յանձնէ Հայաստանի դէմ ուղղուած Ատրպէյճանական յարձակողապաշտ արարքները
Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին ուղղուած նամակով մը, Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի վարչապետ Ճան Հորկանը Օթթաուայի իշխանութեանց ուշադրութեան յանձնած է Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական ռազմական յարձակողապաշտ արարքներու պարագան եւ փոխանցած Գանատայի հայ համայնքի դժգոհութիւնը Օթթաուայի դաշնակցային կառավարութեան անբաւարար արձագանգին առնչութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Նշենք, որ Հոկտեմբեր 3-ին, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը յատուկ հանդիպում ունեցած էր Պրիթիշ Գոլոմպիայի վարչապետ Ճան Հորկանի հետ, որ խոստացած էր Արցախի եւ Հայաստանի դէմ շարունակուող ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագծին հարցը բարձրացնել Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի մօտ: Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան անդամներ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Վահէ Անտոնեան վարչապետ Հորկանին զեկուցած էին նաեւ սեպտեմբերին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ հայ ռազմագերիներու դէմ գործադրուած մահապատիժի ու այլ ռազմական յանցագործութիւններու պարագան, միաժամանակ շեշտելով Արցախի ինքնորոշման և անկախութեան անհրաժեշտութիւնը։