Սուրիոյ Հայ Համայնքին Վերականգնումը Համահայկական Առաջնահերթութիւն Է. Արամ Ա.


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Երկուշաբթի, Յունուար 6ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց եւ հայրապետական իր պատգամը տուաւ Արամ Ա. կաթողիկոս, ներկայ հաւատացեալ հոծ բազմութեան:
Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ շեշտը դրաւ խաղաղութեան վրայ։ «Քրիստոսի քարոզած խաղաղութիւնը սովորական իմաստով պէտք չէ ըմբռնել: Խաղաղութիւնը պատերազմին բացակայութիւնը չէ. խաղաղութիւնը մարդոց ու ազգերու միջեւ արդարութեան, փոխադարձ յարգանքի ու ճանաչման, փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի վրայ հիմնուած կեանքի որակ մըն է», շեշտեց վեհափառը: Ապա ան ըսաւ. «Տագնապի մէջ է ներկայ աշխարհը. տնտեսական, գաղափարական, ընկերային ու ցեղային տագնապներ պատերազմ յառաջացուցած են նոյնիսկ նոյն ազգի կեանքէն ներս: Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող տագնապները կը շարունակուին՝ աւեր սփռելով ժողովուրդի կեանքէն ներս: Միաստուածեան կրօնները, յատկապէս իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը, չեն կրնար անտարբեր մնալ այս վտանգալից կացութեան դիմաց: Խաղաղութեան հաստատումը այս երկու կրօններու աստուածատուր կոչումին մաս կը կազմէ»:
Անդրադառնալով վերջին շրջանին քրիստոնեայ համայնքներու մտահոգութիւններուն՝ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Քրիստոնէութեան պատմութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս միշտ տագնապներով լեցուն է: Հակառակ այս իրողութեան, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը մնացած է ամուր: Այս օրերուն քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ժխտական կեցուածքները ու գործելակերպերը մենք կը նկատենք ծայրայեղական խմբակներու կողմէ կատարուած անպատասխանատու արարքներ, որոնք դատապարտելի են նոյնիսկ իսլամութեան կողմէ: Հակառակ ստեղծուած այս դժուար պայմաններուն, քրիստոնէութիւնը կառչած կը մնայ իր ծննդավայրին, իր իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն, փոխադարձ յարգանքի ու սիրոյ վրայ հիմնուած քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան»:
Խօսելով Լիբանանի ներկայ կացութեան մասին՝ վեհափառը ըսաւ. «Իւրայատուկ երկիր մըն է Լիբանանը արաբական աշխարհին մէջ՝ իր ներքին դրուածքով, համայնքային բաղկացութեամբ, իր ժողովրդավարական սկզբունքներով, իր չափաւորական մօտեցումներով, իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեամբ, Արեւելքի ու Արեւմտուքի միջեւ կամուրջի իր պատմական դերով: Լիբանանի այս իւրայատկութիւնը պէտք է պահել անաղարտ ու զօրեղ՝ հեռու պահելով Լիբանանը շրջանային իրադարձութիւններէ ու անոնց ժխտական հետեւանքներէն: Կարգ մը երկիրներու հետ Լիբանանի ունեցած բարեկամութիւնը պէտք չէ առաջնորդէ ենթակայութեան: Լիբանանը պէտք է պահէ իր անկախութիւնը՝ իր որոշումներուն, սկզբունքներուն ու շահերուն կառչած մնալով: Այս կարելի է իրագործել՝ մեր ներքին միասնականութիւնը ամուր պահելով: Լիբանան կը գտնուի իր պատմութեան վճռական մէկ հանգրուանին: Նոր կառավարութեան նշանակումը ու յառաջիկայ ամիսներուն նոր նախագահի ընտրութիւնը կը նկատենք հրամայական: Մեր քաղաքական պատասխանատուները պատմութեան դիմաց պատասխանատու են այս գծով իրենց առնելիք քայլերուն մէջ: Անոնք հաշուետու են ժողովուրդին»:
Արամ Ա. վեհափառ ողջունեց հայ համայնքին ներքին միասնականութիւնը եւ իր պատգամի աւարտին նաեւ անդրադարձաւ Սուրիոյ կացութեան՝ ըսելով. «Սուրիայէն ներս ստեղծուած տագնապին առաջին իսկ օրէն, մենք ոչ միայն մօտէն հետեւեցանք, այլ նաեւ փորձեցինք զանազան ձեւերով օգտակար ըլլալ մեր ժողովուրդի դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Այս ծիրէն ներս հանգանակութիւն կազմակերպեցինք, որպէսզի կարենանք օգտակար ըլլալ երկիրէն ներս ստեղծուած տնտեսական դժուարութիւններուն: Սուրիոյ հայ համայնքին վերականգնումը, ըսինք ու կը կրկնենք, համահայկական առաջնահերթութիւն է: Արդ, չի՛ բաւեր միայն մտահոգուիլ Սուրիոյ հայութեան ներկայ վիճակով, անհրաժեշտ է գործնապէ՛ս մեր զօրակցութիւնը ու աջակցութիւնը շարունակել: Սա պահուն, մեր ժողովուրդի զաւակներուն սրտի թարգմանը կ՛ըլլանք եւ մեր խօսքը ուղղելով Սուրիոյ մեր սիրելի զաւակներուն կ՛ըսենք՝ մի՛շտ ձեր կողքին ենք ու պիտի մնանք: Վստահ եղէ՛ք, որ մեր աղօթքներուն, մտածումներուն ու աշխատանքներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն էք: Մնացէ՛ք միակամ. մնացէ՛ք Սուրիոյ ժողովուրդին կողքին՝ կառչելով քրիստոնէական միասնականութեան ու քրիստոնեայ-իսլամ համերաշխ գոյակցութեան: Ա՛յս է եղած մեր համայնքին կեցուածքը ու այսպէս պէտք է մնայ միշտ»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.