Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու իր Թեմերը պիտի չմասնակցին «Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողով»ին

Ծ.Խ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքէջը այսօր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր կը տեղեկացուի, թէ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը պիտի չմասնակցի Հոկտեմբեր 28-31-ին Երեւանի մէջ կայանալիք Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողով»ին, որ Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարի գրասենեակի նախաձեռնութիւնն է։ Ստորեւ կաթողիկասարանի հաղորդագրութիւնը։

Հոկտեմբեր 28-31-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողով»ի գծով Cilicia TV-ն Կաթողիկոսարանի դիւանատունէն իմացաւ, թէ շուրջ ամիս մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Տիար Զարեհ Սինանեան հեռաձայնային կապով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հրաւիրած է յիշեալ «Գագաթնաժողով»ին մասնակցելու: Մեր ազգը եւ յատկապէս Հայաստանը ու Արցախը դիմագրաւող ներկայ տագնապալից ժամանակներուն եւ ներ-Հայաստանեան ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն մէջ, նման նախաձեռնութեան նկատմամբ Վեհափառ Հայրապետը իր մտահոգութիւնը ու վերապահութիւնը յայտնած է:

Cilicia TV-ն նոյն աղբիւրէն իմացաւ, թէ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը, անցեալ շաբաթ իր գումարած նիստին, բաժնելով Վեհափառ Հայրապետին մտահոգութիւնը եւ նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չէ ներառուած գագաթնաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի կեանքէն ներս գործող կազմակերպութիւններ չեն հրաւիրուած, այլ միայն անհատ ազգայիններ, ճիշդ չնկատեց մեր Սուրբ Աթոռին եւ իր թեմերուն մասնակցութիւնը գագաթնաժողովին:

Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան նիստին Վեհափառ Հայրապետը շեշտած է, թէ «ժամանակակից մեր պատմութեան ներկայ ճակատագրական հանգրուանին, մեր ազգին ղեկավարութեան՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, միատեղ համախմբումը եւ վճռական որոշումներու կայացումը՝ ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան, աւելի քան հրամայական է ու անյետաձգելի: Այսօր ա՛յս պէտք է դառնայ մեր մտահոգութեան ու աշխատանքներուն կիզակէտը»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.